ՎԱՆՔԸ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ
1962 թուականին Խորհրդային Հայաստանի պետական հրատարակչութիւնը՝ «Հայպետհրատ»ը լոյս կ՚ընծայէ արեւմտահայ գրող, հասարակական գործիչ Տիգրան Չէօկիւրեանի (1884-1915) «Վանքը (Վարդապետի մը օրագիրը)» խորագրով գիրքը: Այս գիրքը առաջին անգամ տպուած է Պոլիս, 1914-ին, իսկ յետոյ Չէօկիւրեանի «Հերոսը» գործին հետ լոյս տեսած է Փարիզ, 1933-ին՝ «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշարով: Գիրքին նախաբանին մէջ Տիգրան Չէօկիւրեան կը գրէ, որ Ազգային հիւանդանոցի բժիշկ մտերիմ մը յանձնած է թուղթերու այն ծրարը, որ 99-ի տխուր օրերուն՝ Ազգին տան մէջ մեռնող երիտասարդ Վարդապետի մը կտակած միակ հարստութիւնն էր եղած։
Դասաւորելով այդ էջերը, զանոնք հրատարակութեան տուած է՝ «Վանքը» (Վարդապետի մը օրագիրը) անունին տակ։ Օրագրութիւնները սովորաբար ստոյգ վայրեր եւ տարեթիւեր կ՚ունենան, բայց այս օրագրութիւնը նկարագրուած է անանուն վանքի մը մէջ, յայտնի չէ նաեւ տարեթիւը: Յայտնի է սակայն տարուայ շրջանը. օրագրութիւնը կ՚ընթանայ նոյեմբերէն մինչեւ յունիս: ԺԱՄԱՆԱԿ կը թուայնացնէ օրագրութենէն հատուած մը:
ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Ա.
Նոյեմբեր …
Երկու շաբաթ է որ հոս եմ։ Առաջին օրերու ծանր տպաւորութիւններս մեղմիլ սկսան ու վարդապետի, գրեթէ շա՜տ միօրինակ, մենաւոր կեանքս՝ գտաւ իր սովորական ընթացքը։
Բայց ինչո՞ւ տեղափոխութիւն մը ասանկ յուզէր զիս. չեմ կրնար ծածկել օրագրի մը մտերիմ թուղթերէն, առաջին օրերու ձանձրոյթովն ու անստուգութեամբ բաւական տառապեցայ։
Ապրած էի մենարանի կեանքը իբրեւ Արմաշի աշակերտ. յետոյ զայն լիութեամբ ճաշակած՝ սարկաւագութեանս փորձի օրերուն, ճանչնալով կամաւոր զրկման ազնիւ այլ տրտում զգայութիւնը, ամայի խուցերու մերկութեան մէջ՝ ստուերիս հետ մտերմացած այն ատեն՝ երբ ապաշխարանքի պասուքը իմ սիրտս կը լեցնէր յաղթութեան երազներով, որովհետեւ կը կարծէի, թէ նուիրապետական բարձրացումը ինծի պիտի հետեւէր, տիրացնելով զիս ծաղկեալ, ոսկեհուռ, հանդերձանքի, մատանիներու եւ լանջախաչի մը՝ որոնցմով մեր տգէտ ու զառամ եպիսկոպոսները կը ծանրաբեռնուին։ Ինչո՞ւ հիմա ալ չյուսամ՝ քանի որ քսանվեց տարեկան եմ, դեռ երիտասարդ։
Երբ Պոլիս ինկայ, կարծեցի թէ վանականի օրերուս հրաժեշտն էր ալ. կը սկսէր քաղաքին ժխորալի, հեւ ի հեւ կեանքը՝ զոր երազած էի երկար տարիներ եւ ուրկէ հիմա հաճելի յիշատակներ ունիմ. շատ երիտասարդ, գրեթէ երկչոտ պատանի, երկրորդական թաղի մը քարոզիչ կ՚ըլլայի։ Հազիւ ցանցառ յարաբերութիւններ հաստատած, ընտանեկան ջերմին մթնոլորտը վայելած, ահա կը նետուիմ գաւառի մը անկիւն՝ այս Վանքը, քաղաքէն հեռու, մենաւոր բնութեան մը գրկին մէջ։
Առաջին օրերը, մանաւանդ գիշերներս լի եղան մթագին տպաւորութեամբ, ինձ այնպէս կը թուէր, թէ պիտի չկրնայի հանդուրժել վանական նոր մթնոլորտին։ Պոլիսը, շքեղ տեսարանը, իր փողոցները՝ ուր կը պտտցնէի իմ սեւ ստուերս անայլայլ երեւոյթով, սակայն աշխարհիկ տենչանքներուն յոյզովը լի, խուցս, բարեկամներս կը կանչէին զիս։ Զո՜ւր կոչում ըրի պարտականութեանս զգացման, որովհետեւ նուիրական գործ մը կը ծանրանայ վրաս. հոս ղրկուած եմ այս նորաբաց Որբանոցին տեսուչ, իբր հայր բիւրաւոր որբերէն մէկ երկու տասնեակին՝ որոնք անագորոյն ջարդերու զոհ, պիտի գան այս հովանաւոր յարկին տակ պատսպարուիլ։
Գոնէ այդ մտածումը զիս հանդարտեցնելու հանգամանքն ունէր, բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ անզգայ կը մնայի. կարծեմ քանի մը գիշեր ալ լացի։ Արդէն տեղէ տեղ փոփոխութիւնը միշտ ճնշած է վրաս, տղայութեանս օրերն ալ ունէի այս դիւրազգածութիւնը։
Բայց առաջին շաբաթէն յետոյ, յամրաբար գտայ պաղարիւնս եւ հիմա համոզուած եմ վանքին վարժուելու գաղափարին, ու թերեւս օր մը սիրեմ զինք. կարծածիս նման ամայի չէ, օրէ օր նոր դէմքերու կը հանդիպիմ։
Վանահօր հետ արդէն բարեկամացանք։ Մարդ մը որ վաթսունը մագլցած ըլլալու է, եթէ ցատկած չէ. խաչի սփռոցի մը նման կարմիր դէմքին վրայ, մեղրագոյն եւ իւղոտ աչքերը հազիւ կը փայլին, սեւ մօրուքը ալեւորիլ սկսած է. գոմէշի անայլայլ կերպարանք մը՝ մէկ խօսքով։ Անդամները, իրանը, գիրուկ են. ե՞ս այլ արդեօք օր մը իրեն նման պիտի ըլլամ, պարարտ անասուն մը եւ կեանքս անփառունակ այս վախճա՞նը պիտի գտնէ վանքի մը լերկ որմերուն ետին։ Բնա՜ւ, ծայրագոյնութիւնը՝ որով կը պարծենայ այս մարդը, չի գոհացներ զիս։
Թերեւս շատ փառասէր եմ, բայց իմ երախտաւոր եւ բանիմաց ուսուցիչներէս Օրումեանը կը կրկնէր միշտ՝ «փառասիրութիւնը մեղքերուն էն ներելին է»։
Սակայն ատելի մարդ մը չ՚երեւիր վանահայրը. իր ընդունելութենէն գոհ եմ. զուարճախօս է։ Զարմանալի է որ ազգային Աղէտէն չէ ազդուած ու յոյս չունի որբանոցին յաջողութեան. տեսակ մը չկամութիւն ալ կը ցուցնէ։ Հոգ չէ՛, իրմէ աւելին ուզել անյարմար է, կեանքին մէջ դաստիարակուած կ՚երեւայ, քան դպրոցին, եւ առաջին պարագան անանկ փայլուն վկայական մը չէ։ Շատ ալ տգէտ է, չունի հայերէնագիտութեան մասին մեր նոր լոյսերը, պատմաքննական մէկ երկու կողմնակի հարցերուս՝ Խորենացին իր մեծագոյն աղբիւրը եղաւ. ծիծաղելի՜ գլուխ սա Խորենացին. կարծեմ «Հանդէս ամսօրեայ»ի մէջ կարդացի քննադատական յօդուած մը իր մասին, սա վերնագրով «Պատմութիւն ստոյն Մովսէսի Խորենացւոյ». այդ մարդը աւելի վէպ մըն է գրած՝ քան պատմութեան գիրք։
Ինչ որ է, կը յուսամ, թէ պիտի կրնամ վարուիլ վանահայր Վարդանին հետ։ Անունն ալ իրեն պէս կարճուկ։
Նոյեմբեր …
Երկու օր առաջ՝ աւելի յաջող գիւտ մը ըրի. արքենի հասակով տարեց անձի մը հանդիպեցայ վանական բակին մէջ՝ հազիւ խնդուքս կրցայ զսպել. ալեկոծութեան բռնուած նաւու մը կայմին պէս երերալով՝ գաւազանի մը օգնութեամբ կ՚երթար. հովիւ չէր կրնար ըլլալ, քանի որ հնամաշ արեւմտեան տարազ մը կը կրէր. թերեւս վերակացու մը մտածեցի, սակայն դաժան դէմք չունէր։ Զիս երկբայանքի մէջ ձգեց, տատամսելով մօտեցայ իրեն։
-Բարեւ եղբայր…
-Բարեւ հայր սուրբ։
Այսքանը բաւեց։ Նստելով բակին մէջ կանգնող զանգակատան աստիճաններէն միոյն վրայ, ծանօթացնող քանի մը հարցումներէ վերջ, մեր խօսակցութիւնը սկսաւ յածիլ զանազան խնդիրներու շուրջ։
Նախ Վանքին վրայ անդրադարձանք՝ ու մինչ ընկերակիցս զիս տեղեկութիւններով կը հարստացնէր, ես կը դիտէի իր դէմքը։ Անիկա պատկառելի էր առանց այն խստութեան, զոր տարիքը, տառապանքն ու ծերութեան յոռետեսութիւնը կրնան դնել դէմքի մը վրայ։ Երկար մազերուն եւ բոցաձեւ մօրուսին դեղնոտած սպիտակութեան մէջտեղ, իր ցայտուն գիծերով դէմքը տկարօրէն խորշոմած էր ու թուխ. արծուային քիթ մը զգալիօրէն կորանալով կը հակէր դէպի բերանին սեւ գիծը։ Այդ կորովի դէմքը տարօրէն կը մեղմանար աչքերովը, որոնց կապոյտ քաղցրութիւնը տակաւին մարած չէր կայծը, որ ինչպէս հասկցայ յետոյ, կը հոսի անոնց մէջ խելանի եւ հետաքնին բանականութենէ մը։
Աշնանային, որովհետեւ այդ եղանակին մէջ ենք, գաղջ արեւ մը մեզ կ՚ողողէ, խտղտացնելով մեր կողերը գոհունակ սարսուռով եւ հոսելով մեր ծոծրակներէն վար։ Մենէ քանի մը քայլ անդին, տատրակներու խումբեր զուարթօրէն գետինը կը կտցահարէին, երբեմն հանելով մրմունջ մը՝ որ Եկեղեցւոյն սիւնակապ եւ կամարաւոր դրան՝ ու բակը շրջանակող շինութիւններու քիւանկիւններէն կը ստանար իր պատասխանը։
Գիւտեր կ՚ընէի այդ մարդուն մէջ. ուն-կընդրելու հաճոյքը քիչ անգամ ինձ համար այսքան ըղձալի եղած էր, իմ դառնութեանս վերջին հետքերը կը մեկնէին, իր իմաստուն եւ հայրական խօսքերով։ Ուրեմն կը գտնէի ընկեր մը, որ շատ կարդացած էր, կեանքը տեսած, անոր համին տեղեակ. իր հանդարտ, կշռուած մարդու դատողութիւնները ինէ ներս կ՚անցնէին, ինչպէս, միջօրէի անուշ արեւին ճաճանչները։
Մեր խօսակցութիւնը ընդգրկեց նաեւ ազգային Աղէտը, որուն անսահման տրտմութեամբ մասնակից կ՚երեւար, քանի որ աչքերը մէկէ աւելի անգամ լեցուեցան. բայց, վստահ էր մեր ապագային վրայ։ Չբացատրեց, թէ այդ լաւատեսութիւնը ուրկէ՞ կու գար. ապահովուած կը խօսէր. թերեւս մարգարէական յայտնատեսութեամբ։
Չէ՛, ես թէեւ նուազ փորձ, անյոյս եմ հայուն ապագային մասին. մեր աշխատանքը զուր է, քանի որ մեծ շահերու մէջ յածող պզտիկ շահ մըն ենք. ասով միասին պիտի չջլատուիմ, ատիկա յատուկ է ծեր եւ հարուստ վարդապետին, եպիսկոպոսներու, որոնք ազգէն վշտացած եւ անկէ քէն ըրած ըլլալու երեւոյթը կ՚առնեն՝ զայն կեղեքելէ վերջ։ Երիտասարդ եմ, ապագայ ունիմ, գոնէ անանկ խորհած եմ յաճախ, ու մանաւանդ մասնակցելով ազգիս տառապանքին՝ անոր ծառայած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՚ունենամ։
Անդրադարձայ նոր հաստատուելիք որբանոցին վրայ. պարզեցի իրեն ծրագիրներս. շինել վարժարան մը թեմական դրամահաւաքութեամբ, որ կատարուած է կիսովին, ուսուցիչներ գործի հրաւիրել՝ ու շրջանին համար սերունդ մը ստեղծել՝ որ լուսամիտ եւ չարքաշ ըլլայ. քահանաներ կամ կուսակրօններ պատրաստելու միտք չունիմ, որովհետեւ շատ են։
-Յետոյ՝ մեր շահերը… կը վտանգուին ըսի. ժպտեցաւ։
Իբր այս ամէնուն երաշխիք՝ կարելի էր Վանքին ընդարձակ հողերը մշակել տալ, բազմացնել դուարը, մեղուաբուծութիւնը զարգացնել ու նաեւ արտասահմանէն բարերարներ ճարել։
-Դժուար է հոս որբանոց մը պահել, վրայ բերաւ խօսակիցս, բայց ժամանակ մը կրնան պատսպարուիլ այդ խեղճերը. վանահայրը ծոյլ է եւ թշնամի ատանկ ձեռնարկներու. միայն թէ՝ յուսահատելու չէ՛, զաւակս…
Զաւակս բառը՝ իմ վեղարաւորի արժանապատուութիւնս կրնար վիրաւորել, բայց այս մարդուն կողմէ ըսուած՝ զիս որդիական սիրով կը լեցնէ. իրա՛ւ մանկան մը սիրտը կը կրեմ, երկչոտ զգայուն՝ այլ փառասէր տղու մը։ Պատիւներ չեն ասոնք ինծի համար, հարկաւ օր մը պիտի փոխուիմ բոլորովին։
Խօսակցութեան թելը խզեցի, հեռացնելու համար ծերունիին տրտմալիր յարաբերութիւնը՝ անցեալ մէկ երկու տարիներու արիւնոտ օրերէն. յանկարծ հարցուցի՝
-Վանքին մէջ շատ ձեռագիրներ կա՞ն։
Խօսքս հազիւ կրցայ վերջացնել. տեսայ որ այս հակած ծերունին՝ շտկեց իրանը, ժպտեցաւ, ու շփոթութիւնս տեսնելով, վստահեցուց զիս զուարթօրէն։
-Ձեռագիրները ընկերներս են, ընտանիքս ու զաւակներս։ Ընտանիք մը՝ որ մէկ քանի հարիւր անդամներ ունի…
Տասնվեց տարի առաջ կորսնցուցի կինս ու զաւակներս. յետոյ արկածի մը հետեւանքով ոտքս կաղացաւ. այս տեղն ինկայ իբր անկար վարժապետ մը՝ օգնելու համար Վանահօր։ Ամիսներով տանջուեցայ մենութեան ու կարօտի արցունքներով. վանքը ժխորի վարժ ուսուցչի մը տեղը չէ վարդապետ։
Օր մը, ատիկա իմ կորած սրտիս յարութեան օրը պիտի ըլլար, ժամուն պահարաններէն մէկուն մէջ քանի մը սնտուկ գտայ։ Բացի. խառն ի խուռն, փոշոտ ու քայքայւած գիրքեր էին. հետաքրքրուելով մաքրեցի զանոնք, անոնց պարունակութիւնն ալ փորձեց զիս, համակրանքը չուշացաւ եւ ի վերջոյ անոնց խորին սիրովը լեցուեցայ։
Գեղազարդուած ձեռագիրներ էին, մագաղաթեայ սաղմոսարաններ, աղուէսագիրքեր, բժշկարաններ, աշուղական սիրոյ տաղարաններ։ Պրպտումներս առաջ տանելով գտայ նաեւ նկարներ, հազուագիւտ գեղեցկութեամբ, ու մինչեւ հիմա ալ վանքը խուզարկութիւններուս ապերախտ չէ գտնուած։ Ասոնց հանդէպ իմ բուռն զգացումս չեմ կրնար բացատրել. թուղթի մագաղաթի այդ կտորներուն համար ունեցածս ճշմարիտ սիրահարութիւն մըն է…
Բայց զուր չէ ատիկա. կը յիշեմ՝ որ մանկութեանս խորին հիացմամբ եւ ակնածանքով կը նայէի մեր Անդրէաս պատուելիի գծած ծաղկեայ գիրերուն. ժամերով կը յառէի անոնց, փորձելով ընդօրինակել. անյաջողութիւնս բարկութեան եւ ամօթի լացով հազիւ կը գոհանար։
Վանական այս խեղճ կեանքին մէջ, այդ գանձերուն հաւատարիմ պահապանի ունայն դերը պիտի կատարեմ մինչեւ մահս՝ գոհունակ սրտով, միշտ կարդալով հիներուն իմաստութիւնն ու սիրոյ գոհարները եւ աչքերս անյագօրէն յառելով ձեռագրերու նկարազարդ էջին ու նկարի մը պարզ՝ այլ զգայուն երանգներուն։ Չեմ յուսար որ՝ յագենամ օր մը։
Տատրակներու թռիչին ծափը՝ կասեցուց իր խանդավառութիւնը, ելաւ գետեզրը երթալու։
-Տակաւին շատ անգամ պիտի տեսնուինք ըսաւ, լա՛ւ բարեկամներ կրնանք ըլլալ։ Ես ալ ազնիւ հոգիի մը կարօտը ունէի։
Մխիթարուած՝ ձգեցի զինքը. օրագրի այս էջերը անկեղծութեանս արձագանգն ըլլալու են. կը խորհիմ որ այս անձը թանկագին է ինձ համար. ընկեր մը, նոյնիսկ հայր մըն է, ես ալ սիրած եմ արուեստը, թէեւ շատ բան մը չեմ հասկնար անկէ։
-Ա՜հ… անո՞ւնը… այո՛. Եղիազար էր, մինչդեռ իմինս Արտակ է ըսի իրեն։
Նոյեմբեր …
Մէկ քանի օրէն որբերը պիտի հասնին, հետեւաբար զբաղիլ պէտք էր։ Իրա՛ւ ալ մաքրել տուի ամբողջ թաղ մը. անհրաժեշտ եղածը տեղաւորեցին, նորէն ամէն վայրկեան լրացնելու պակաս մը կայ։ Աղքատ մնացած վանք մը եւ ժողովուրդը կրնա՞ն աւելի տալ։ Քաղաքէն եւ շրջակայ թեմերէն օգնութիւն կը հասցնեն յուզիչ անձնուիրութեամբ. երիտասարդներ կ՚երթեւեկեն քաղաքէն Վանք, բերելով՝ ինչ որ տնանկ ժողովուրդի մը ազնիւ սիրտը կ՚ընծայէ իբրեւ նուէր, վերմակներ, անկողին, սրբիչ, գուլպաներ, հին զգեստ, երբեմն նպարեղէն եւ ափ մը պտուղ, ո՞վ գիտէ որ զառամ այրիէն տրուած՝ անդարձ յիշատակի մը իբր յարգանք։
Պ. Եղիազարը, բաւական խորհեցայ պատուանուն մը գտնել բարեկամիս, պարոնը յարմարագոյնն է, հետս է միշտ։ Աշխատութիւնս իր ներկայութեամբ կը թեթեւնայ. երկու տնտեսուհիներն ալ՝ հրահանգներս կը կատարեն եւ կ՚աշխատին յուզիչ հլութեամբ մը. մին տժգոյն, հիւանդ, կախ ու կքած պառաւ մըն է, որ մեղմ ձայնով մը կը խօսի ու բարի ժպիտ մը կայ դէմքին վրայ, միւսը նուազ տարեց, համարձակ ու աշխոյժ. գաւառի մէջ ապրած կին մը չ՚երեւիր։
Ես ալ ամէն կրօնաւորի նման, քիչ մը հնազանդութիւն կը սիրեմ։ Իրենց հաճոյակատարութիւնը անձս իմ աչքերուս վեր կը բռնէ։ «Մայրիկ» կ՚ըսեմ մէկուն, միւսին՝ «քոյր». ատով իրենց գոհունակութիւնն ալ կը զգամ։
Առջի օր չարաճճի աղջկան մը ամօթխած եւ թաքուն ժպիտը նշմարեցի «քոյր» բառին վրայ. ո՞վ էր այդ Օրիորդը։ Նոր կը տեսնէի զինք. հետաքրքրութիւնս գոհացաւ վերջապէս։
-Տնտեսուհիներէն՝ Անուշի միակ զաւակն է, որ հոս Վանքին մէջ կը մնայ, ըսաւ Պ. Եղիազարը։
Այս կարճ բացատրութիւնը զուարթ տրամադրութիւն մը արթնցուց մէջս։
Շուշա՜ն, ի՞նչ աղուոր անուն աղջկան մը համար, վանքը կը մնայ միշտ. ինծի ի՞նչ. չեմ գիտեր, բայց չեմ ալ կրնար արգիլել որ ատով չզուարթանամ։ Հոս տեսակ մը ընտանիք կազմելու է՝ ուր որբերուն հետ ես ալ գտնէի խանդաղատանքի բաժինս։
Ալ միշտ կը հանդիպիմ Շուշանին, բակը, վանքին մեծ դրան առջեւ տարածուող գերեզմանատան շիրիմներէն միոյն վրայ նստած, կամ ժամուն դրան ստուերին մէջ։ Ժպտուն աղջիկ մը կ՚երեւի, թէեւ զինք տրտում ալ կը տեսնեմ երբեմն. ի՞նչ բանի վրայ կը մտածէ. սիրո՞յ մը, որո՞ւ վրայ կրնայ խորհիլ… Բայց իրաւ որ գեղեցիկ է այդ խարտիշահեր աղջիկը, առոյգ, ներդաշնակ մարմինով, սպիտակ ձուաձեւ դէմքի մը վրան խաժ աչքերով, երազի հակամէտ, որոնց ուղղակի չեմ կրնար նայիլ. ինչպէս որ անոնք իմ վրաս ալ ինկած չեն տակաւին, սակայն անոնց անմեղ անուշութիւնը կը տեսնեմ երբ մօրը նայի։ Տասնեւութը տարեկան մը պէտք է ըլլայ. արբունքի տարիք, թէեւ այդ բառին ճշգրիտ իմաստը չեմ գիտեր. ի՞նչ կը զգան աղջիկները այդ տարիներուն մէջ. տարտամ՝ այլ բաղձալի է այդ բառին իմաստը ինձ համար։
Իրա՛ւ գեղանի է Շուշանը. ես դիւրահաւան մը չեմ, գեղեցկութեան մասին իմ վերապահումներս ունիմ ու թէեւ վարդապետ՝ սակայն Պոլիս քարոզչութեանս միջոցին երբեք անտարբեր եղած չեմ կիներու աղուորութեան։
Կան վարդապետներ որոնք յարաբերութիւն կը մշակեն կիներու հետ. աղտո՜տ եւ ցանկալի բան։ Բայց իրա՛ւ կը պատահին ատանկ բաներ, քանի որ անոնց արձագանգը մեր ուսանողութեան շրջանին իսկ Արմաշի Վանքէն ներս սպրդած էր։
Երկչոտ եւ ամօթխած՝ ես գոհացած եմ աչքերու յառումով, ու այն սարսուռով՝ զոր իգական մօտաւորութիւնը շատ անգամ տուած է ինծի։
Այսպէս՝ երբ կը լրացնեմ կազմակերպելու աշխատանքս, հետաքրքրութիւնը կը մղէ զիս դէպի դուրս։ Վաղը զբաղած պիտի ըլլամ, հետեւաբար կ՚օգտուիմ աշնանային օդերու աղուորութենէն։ Պոլսոյ մէջ՝ աշնան, մայիսի գորովագին մթնոլորտը վայելած եմ յաճախ, հոն զարմանալի չէ, բայց Վանահօր ըսածին պէս, իմ բախտէս է որ հոս տակաւին ձիւնի օրերը սկսած չեն։
Կէս օրերէն վերջ՝ երբեմն կ՚իջնեմ գետեզր։ Իրական գետ մը չէ. ջուրի ստուար սահանք մը՝ որ դաշտերուն մէջ կ՚ոլորուի ու կ՚անհետի հորիզոնին վրայ։ Ջուրը եզերող ուռիները արդէն տերեւաթափ են, հմայքէ զուրկ, ու հիմա խարազանի մը լարերուն նման հակող ճիւղերնին կ՚օրօրուի մանր հովերէն իսկ. ցաւագին է իրենց տեսքը։
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ երկարօրէն կը դեգերիմ այս գետակին ափունքը՝ դիտելով հոսանուտին խաղերը, գալարումներն, փրփուրներու անօրինակ եռումն ու մարիլը։
Շարժելու, վազելու, երթալու այս անիմաստ յաւերժութիւնը, հոգիս իրեն կը կապէ. թերեւս լա՛ւ է ջուրերու նման ազատ ըլլալ, արկածիլ հեռաւոր ափերու վրան, կամ անհետիլ կապտագեղ ծովերուն գիրկը։
Ինչո՞ւ վարդապետի մը կեանքը կայուն է, լճացած։ Յաճախ կարելիութեան մը վրայ խորհած եմ ու մեզի սահմանուած անձուկ կեանքին ի տես տխրած։
Ի՞նչ է այս սեւ պերճանքին բռնութիւնը բնութեան անեզր ազատութեան դէմ։ Կը սխալիմ, կամ զո՛ւր է մտածելը։ Վարդապետներս աւելի ապահովուած ենք աշխարհին դէմ. մեր կեանքը չի նմանիր դասատուի մը զրկուած գոյութեան։ Եկեղեցին մեր հովանին է, եւ եթէ անկարելիութիւններ կան, մոռնալու չէ որ առաւելութիւններ են ատոնք։
Ըստ բախտի՝ գետնէն առնուած գաւազանով մը գետափի շարժուն ջուրերը ծեծելով կը հետեւիմ անոնց ընթացքին։
Հոսող ջուրը՝ արեւին ճերմակ ցոլքերը կ՚անդրադարձնէ աչքերուս՝ մինչեւ որ մերկ ծառաստաններէն հասնիմ ամայի ու լերկ դաշտերը՝ ուր տեղ տեղ կալի դեղնութիւններ կան, եւ յարդերը՝ ոսկեգոյն, դեղնորակ՝ նախ կէտի մը, ապա լայն շրջանակի վրան մանրիկ, դիւրահաս, ժպտուն պար մը կը դառնան։
Տարածութիւններ՝ որոնց վրայ ծառերու այրած տերեւներ անօգուտ կը դեգերին հովերու քմայքին անձնատուր, մինչ յետամնաց սաղարթներ ճիւղերուն վրայ կոծելով, թափառելով օդին մէջ՝ կ՚իյնան վար ու հրելով զիրար կը հաւաքուին անկիւններ հոս հոն։
Աշունն է աս՝ որ ձմրան թախիծը կը հագնի ու արդէն ուրուային, վերասլաց բարտիներու կատարին վրայ կու լայ իր հրաժեշտի երգը։
Դաշտօրէն ընդարձակ է. ակնարկդ հազիւ կրնայ հորիզոնը չափել, ժամերով կրնայիր պտտիլ, առանց այս հողերու սահմանները ընդգրկելու։
Լքուած են, կամ անանկ կ՚երեւին այս ամէնը, պէտք է շահագործել հողերը եւրոպական միջոցներով։ Հիմա մասամբ կը հաւատամ յախուռն երիտասարդներուն, որոնք կը դատապարտեն մեզ իբր վանքերու հաւն ու հաւկիթը ուտող, ինքզինք պարարտացնելէ զատ բան չխորհող։ Կ՚ատեմ կղերականութիւնը անպէտ համարողները, այդ տիպարները արհամարհանքի արժանի են, բայց իմ երիտասարդ, լուսաւորեալ Արմաշականի միտքս չի մերժեր քննադատութիւնը, աններողութիւնը կաթոլիկ կամ հայ զառամ վարդապետներուն յատուկ է։
Պտտցնելով քայլերս անդերու կորդ ու խոպան հողերուն վրայ, կարծես կը լսեմ գետնին տրտունջը. հողը ինձ կը խօսի բարիքներու մասին՝ զորս իր արգաւանդ ծոցը կը պահէ։ Թող շնորհիւս վանքը ծաղկեալ օրեր տեսնէ, որովհետեւ ափ մը հող անմշակ պիտի չմնայ Արտակի տեսչութեան օրով։
Խորհելով այսպէս՝ գաւազանովս կը խցեմ բաւական խոշոր սեւ ծակեր, որոնք գետնին մակերեսը, մաղուած հողերու փոքր կոյտի մը քով՝ սեւ աչքերու կը նմանին։ Խլուրդները բացած ըլլալու են, իրենց մասին խօսուած է մեզի մեր դպրոցականի օրերուն. տարօրինակ կենդանիներ են, ինքնատիպ ու կարճատես. մեր մանկութեան ընկերներէն մէկուն պատուանունն էր խլուրդը։ Հողին տակ անհամար փապուղիներ կը բանան ու ի վերջոյ մշակութեանց արմատներ կը փճացնեն. քիչ մը մեզի կը նմանին իրենց գոյնովն ու գործունէութեամբ, մենք ալ անոնց պէս՝ ընկերութեան առաջ բերած արդիւնքով կ՚ապրինք ու կը սիրենք գաղտագողի գործել։
Երբեմն ասանկ յիմար բաներ ըսելու սովոր եմ, ի վերջոյ մերժելու այդ տարօրինակ յղացումները։
Հոգ չէ՛, երբ մինակ եմ, կրնամ ասանկ անյարմար ճշմարտութիւններ որոճալ, բայց երբ շրջանակը պաշտօնական դառնայ, խնդիրը կը տարբերի եւ դո՛ւն, Արտակ, բնաւ յիմար պիտի չըլլաս աշխարհականներու մէջ, նոյն իսկ կատակի համար, ըսելու անպատուող բան մը դասակարգիդ համար։
Մինչ գաւազանս կը գործէ գետնի այդ բացուածքներուն մօտ, խիղճս ալ վրդովիլ կը սկսի. թերեւս կենդանիները կը մեռնին հողին տակ։ Գաւազանիս հետ՝ վեր կ՚առնեմ գլուխս ալ։ Տեսարանները նոր են ինձ համար, այս դաշտավայրը յենած է յամրօրէն կորնթարթող բլրակներու. անոնցմէ միոյն քղանցքին վրայ կ՚երեւի Վանքին մեծամարմին մութ զանգուածը՝ որուն շրջապատ պարիսպին մէջէն կը կանգնի ժամուն գմբէթը, կանաչ մամուռի բիծերով՝ հնամենի, կարմիր որմերու վրայ՝ որոնց մէջ նեղ պատուհաններ աղեղնաձեւ յօնքերու տակ կ՚ապաստանին, ու մանաւանդ գեղեցիկ է զանգակատունը իր ցած եւ նուրբ սիւներու կամարներուն վրայ յենած։
Ի՞նչ ոճ է այս. փակեղի նմանող այդ գմբէթները որո՞ւ ձեռքով շինուած են։
Լա՛ւ հիմնուած է այս վանքը. նոյնիսկ գեղեցիկ է պիտի ըսեմ։ Կ՚ըսեն թէ Հայաստանի միւս վանքերը յաճախ միօրինակ տեսք մ՚ունին, իրենց գորշ զանգուածը, անփառունակ երեւոյթ մը կու տայ անոնց։
Վանքին, իր առաջ փռուող տերեւաթափ պարտէզներուն ու շիրմաստանին ետեւ բլուրները լերկ են հիմա. վիպագիր մը զանոնք կրնայ նմանցնել սապատաւոր ու ծունր դրած ուղտերու։ Կը նայիմ այդ դեղնամոյն, սեւորակ բարձրութեանց. հիւծեալ կանաչի մը բիծերը կը կրեն ուռուցիկ ուսերնուն վրայ, խրամատուող բացուածքներ կ՚երեւին մարդոց եւ կենդանիներու ոտքին ստեղծած արահետներուն կից, որոնք խարդախ դարձուածքներով անհետելէ վերջ փոսերու գիրկը, նորէն գլուխ կու տան, կը դառնան ու կը մարին զառիվերի մը մէկ անկիւնը։
Անհրապոյր, լերկ բլուրներ՝ որոնց վրայ ուրուրի մը ստուերը կը պտուտքի երբեմն, կաս-կապոյտ երկինքին տակ։
Վանքը հաճոյութեան տեղ մը չէ. այսքանէն ալ գոհ եմ, ինչպէս ըսի գեղեցկութիւն իսկ կը տեսնեմ այս բոլորին վրայ։ Գեղեցկութիւնը վարդապետի մը հոգւոյն մէջ պէտք է ապրի, ինչպէս սուրբ Նախահայրերու սիրտը անով սնաւ։ Հոգեւորականը յետին թշուառութեան մէջն իսկ մխիթարութիւն պէտք է որոնէ եւ մխիթարութիւնը գեղեցիկ գործի մը գոհունակութենէն կը ծագի։
Երբ մեծ արահետը կ՚իյնամ, ցամքած առուի մը կաւոտ, կծկուած անկողնէն անցնելով, կը հանդիպիմ եզներէ եւ գոմէշներէ լծուած խոշոր սայլերու՝ որոնք խար կը կրեն. չոր խոտի բրգացած կոյտեր անոնցմէ դուրս կը յորդին եւ անօսր թէյի բոյրը կը յագեցնէ իրիկնամուտի մթնոլորտը. կը շնչեմ ու նիհար կուրծքս կը բարձրանայ հաճոյքով։ Ասիկա գեղջկական բան մըն է, որ մանկութիւնս կը յիշեցնէ ինծի։
Սայլերը յամրօրէն կը թաւալին խորտ ու բորտ արահետներէն, մինչ անիւներուն երկարօրէն միօրինակ ձայնը՝ երաժշտութեան մը պէս կը լեցնէ հոգիս. բուրում եւ երաժշտութիւն ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն ու այս ներդաշնակութիւնը համաձայն է աստուածային կամաց՝ որովհետեւ մաքուր է իր տարրերուն մէջ։
Ընկերանալով հեզ ու տրտմական անասուններուն, մինչ անոնք կը կենան գոմերուն մօտ, ես կը բարձրանամ Վանքին մեծ դրան առաջ փռուող գերեզմանատունը։
Գետակի կամրջակէն անդին, մեծ ուղիին վրայ ոսկեզօծ փոշիներու թաւալող հեծեալներ, հետիներ, սայլեր կը նշմարեմ, չեմ գիտեր ո՞ւր կ՚երթան. սակայն երանի՜ իրենց…
Իրիկունը եկած կ՚ըլլայ արդէն. հեռո՜ւն մանիշակի խիտ երանգի մը վրան հորիզոնը կարմիր է միշտ, կաթկթող արիւնի կարմրութեամբ, անկէ վեր ոսկեգոյնն ու ծիրանին կը թռուըռան, մինչ զենիթին վրայ լուրթ կապոյտը տժգունած է…
Լերանց ու ծովերու վրայ պերճ վերջալոյսեր տեսեր եմ, հիմա դաշտայինը կը վայելեմ. ինքնատիպ չէ, բայց շատ թարմութիւն կայ ասոր մէջ, զով երանգներ վառ գոյներու կը յաջորդեն եւ տափաստանները մշուշին տակ յամրօրէն անորոշիլ կը սկսին։
Բարոյախօս, մեծահմուտ Տուրինեանը, տարակոյսը մշուշին կը նմանցնէր, կ՚ըմբռնեմ հիմա որ ուսուցիչս լիօրէն իրաւունք ունի։ Ամէն բան այս տարօրինակ վարշամակին ներքեւ իր էութենէն բան մը վրայ կու տայ, տարակուսելի կը դառնայ։ Լաւ չէ՞ աշխարհի բաներուն վրայ նայիլ մշուշի մը ընդմէջէն, ու տարակոյսի երկբայանքին մատնելով ամէն բան՝ ժպտիլ ամէն իրերու խորին, անտարբեր այլ ազնիւ հեգնանքով. այսպէս կ՚ընէր երախտաւոր ուսուցիչս Տուրինեանը…
Կը սկսի մթնել. քանի մը աստղ մայրամուտի հորիզոնին վերեւ աչուկ կ՚ընեն։ Պահապան շուներու խռպոտ եւ ընդհատ հաչիւններէն կը սթափիմ, գոմի բակին մէջ մակաղող անասուններու քանի մը զիլերը դեռ կը հնչեն։
Կը մտնեմ կամարակապ մթին դռնէն Վանք. դէպի բակ տանող անցքէն ելած պահուս՝ նեղ պատուհանէ կը նշմարեմ ժամուն մէջ հսկող միակ կանթեղը՝ որ խաւարին մէջ աղօտ ճառագայթներու ոստայն մը կը սարսռացնէ։
Գիշերը՝ կ՚երթամ խուցիս մենութեանը ապաւինիլ, նուիրուելու համար Նարեկի աստուածային էջերուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան