ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ

Աշխարհի վիճակը այսօր, անկասկած, բարդ է եւ անկայուն: Բայց փիլիսոփայութիւնը կրնայ երիտասարդները քաջալերել՝ կառչելու համար իրենց նպատակներուն։

Ներկայիս երիտասարդները դէմ յանդիման կը մնան «ուղեղի լուացման» վտանգի՝ դիտաւորեալ, թէ ակամայ: Այս գործընթացը՝ գովազդներու, քաղաքական գործիչներու, կրօնական ծայրայեղականներու կամ լրատուամիջոցներու միջոցաւ, կրնայ դժուարացնել երիտասարդներու դիմադրութիւնը աշխարհի մարտահրաւէրներուն դէմ։ Բայց «բարդ պատկերներու» եւ «ակնթարթային հաղորդագրութիւններու» դարուն կը հաւատամ, թէ փիլիսոփայութեան դասաւանդումը կրնայ օգնել երիտասարդներուն՝ մտածել ինքնուրոյն, մարտահրաւէր ուղղել ապատեղեկատուութեան եւ դիմանալ ուղեղը լուալու ջանքերուն։ Այս տեսակէտը հետեւեալ ձեւով նշուած է «British Council»ի 2015 թուականի զեկոյցին մէջ. «Երիտասարդներուն պէտք է սորվեցնել մտածել, որպէսզի դիմադրունակ ըլլան այն գաղափարախօսութիւններու դէմ, որոնք զանոնք կը պարտադրեն, թէ ինչպէս պէտք է խորհին»։ Մեծն Բրիտանիոյ Կրթութեան նախարարութեան 2010 թուականի ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ կապ մը կայ երեխաներուն փիլիսոփայութիւն սորվեցնելու եւ ուղեղի լուացումէն պաշտպանուելու միջեւ։ Ահա, թէ ինչո՛ւ փիլիսոփայութեան ուսուցումը կրնայ արդիւնաւէտօրէն ծառայել այս նպատակներուն։ 

Փիլիսոփայութեան կողմէ «խրախուսուող» քննադատական ու տրամաբանական մտածողութիւնը  չի նշանակեր միայն պաշտպանութիւն՝ ուղեղի լուացման փորձերու դէմ: Իսկապէս, եթէ աշխարհի մը մէջ, ուր դիտաւորեալ կեղծ կամ թերի տեղեկատուութեան տարածումը սովորական դարձած է եւ «յետճշմարտութեան» կամ «այլընտրանքային ճշմարտութիւններու» խօսակցութիւնները կը յայտնուին մտահոգիչ յաճախականութեամբ, շատ կարեւոր է երեխաներուն սորվեցնել մտածել իրենց լսածներուն կամ տեսածներուն մասին։ Արդարեւ, սա հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ որոշումներ կայացնել՝ հիմնուելով մանրակրկիտ ուսումնասիրուած ապացոյցներու վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը միայն ճշմարտութիւնը կասկածի տակ դնել չէ. միեւնոյն ժամանակ, այն կրնայ ապահովել ճշմարտութեան եւ գիտելիքի հասկացութիւնները «վարկաբեկելու» փորձերը յայտնաբերելու կարողութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Փիլիսոփայական տեսութիւններու վերլուծութիւնը այն մասին, թէ ի՛նչ է «իրականութիւնը», կրնայ նաեւ օգնել երիտասարդներուն աւելի լաւ հասկնալ առցանց իրականութեան բնոյթը, ինչ որ անոնք աւելի լաւ կը նախապատրաստէ ընկերային ցանցերու մէջ քննարկումներու համար։

Բաց աստի, ազատ արտայայտման եւ քննարկումներու ազատութիւնը՝ ազատական ժողովրդավարութեան հիմնական բաղադրիչներն են: Ներկայ եւ ապագայ ընտրողներու միջեւ գիտակցուած եւ տրամաբանական զրոյցներն ու բանավէճերը կարեւոր են ժողովրդավարութեան աւելի առողջ գործունէութեան համար: Սա նաեւ կը նպաստէ այդ ժողովրդավարութեան քաղաքական գործիչներու եւ ​​կառավարիչներու կողմէ մատուցուող ծառայութիւններու բարելաւման:

Լաւ փիլիսոփայական վարժութիւնը նաեւ կը բարելաւէ լսելու հմտութիւնները: Եւ այդ լսելու հմտութիւնները մեզի թոյլ կու տան հասկնալ նոյնիսկ այն մարդոց տեսակէտները, որոնց փորձառութիւնները եւ արժէքները շատ տարբեր են մեր սեփականէն: Հետեւաբար, փիլիսոփայութիւնը կ՚օգնէ զարգացնել փոխըմբռնումը:

Փիլիսոփայութիւնը թոյլ կու տայ նաեւ երիտասարդներուն խոր-հիլ այն մասին, թէ որն է կատարեալ կեանքը՝ ինչպէս անհատներու, այնպէս ալ համայնքներու համար: Փիլիսոփայութեան առաջարկած տրամաբանական թեքնիքը կ՚օգնէ ուսանողներուն լուծումներ գտնել, թէ ինչ պէտք է ընել եւ ինչպէս կեանքի կոչել գաղափարները: Փիլիսոփայութեան հաճելի եւ ոգեշնչող բնոյթը ինքնին կատարեալ կեանքի կարեւոր մասն է: Այն տասնամեակները, որոնք մենք կ՚անցընենք դպրոցի մէջ, միայն նախապատրաստութիւն չէ չափահասութեան համար: Այս տարիները ինքնին կրնան եւ պէտք է ըլլան յագեցած եւ արդիւնաբեր։ Այս կէտին փիլիսոփայութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ:

Աշխարհի վիճակը այսօր, ինչպէս վերն ալ նշեցինք, բարդ է եւ անկայուն:  Բայց փիլիսոփայութիւնը կրնայ երիտասարդներուն տալ նպատակներ, նաեւ ապահովել յստակ, արագ եւ քննադատական մտածողութիւն: Մեր կրթական համակարգերու մէջ աւելի շատ փիլիսոփայութեան կոչը խելամիտ նախաձեռնութիւն մըն է, ինչ որ պէտք է դիտարկել:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022