ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ կը շարունակէ հրատապ դրսեւորումներ ունենալ։ Հայաստանեան մամուլը վերջին օրերուն տեղ կու տայ Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեանի յայտարարութիւններուն։ Ան ներկայիս Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպաններէն է։ «Հրապարակ» թերթին կողմէ Հայկ Գէորգեան իր հետ ընրած է հարցազրոյց մը, որու սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Արցախի մէջ կրկին կազ չկայ, իսկ իրավիճակը, կարծես, Հայաստանի իշխանութիւնները այնքան ալ չի յուզեր: Ի վերջոյ այս հարցը, ձեր կարծիքով, ի՞նչ հանգուցալուծում պէտք է ունենայ:

-Պաքուի իշխանութիւնները այժմ սկսած են յայտարարել, որ Արցախի կազամատակարարումը Ատրպէյճանի ներքին հարցն է: Այսինքն, կը հասկցնեն, որ արտաքին որեւէ դերակատար այս խնդրի կարգաւորման պէտք է միջամտէ, որովհետեւ սա ինքնիշխան Ատրպէյճանի որոշելիք հարցն է։ Կ՚ուզէ կը լուծէ, չ՚ուզեր թող մարդիկ սառին իրենց տուներուն մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները Ատրպէյճանի այս պահուածքին համարժէք հակընդդէմ արդիւնաւէտ գործողութիւններու ծրագիր մը դեռ չունին եւ, գուցէ, երբեւէ չունենան:

-Բայց Հայաստանի իշխանութիւնները խաղաղութեան դարաշրջանի բացման մասին անընդհատ կը խօսին։ Այս առումով ի՞նչ զարգացումներու սպասել:

-Ինքնին հանդիպումները խնդիր չեն: Էականը այն է, թէ ի՛նչ հարցեր անոնց ընթացքին քննարկուած են։ Արդեօք հայկական կողմը մեզի համար կարեւոր խնդիրները կը կարողանա՞յ երկկողմանի օրակարգի մաս դարձնել: Բայց նոյնիսկ եթէ կարողանայ այդ ընել, անհրաժեշտ է նաեւ ստոյգ իմանալ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները յստակ ո՞ր հարցերը կարեւոր կը համարեն: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման առաջնային ըլլալը, ինչ որ նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման արդիւնքը պէտք է ըլլայ: Արդեօք Հայաստան այս բանին համար գին մը պիտի վճարէ՞ եւ եթէ այո, ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ գինը:

-Թէպէտ իշխանութիւնները շատ կը խօսին խաղաղութեան մասին, սակայն կարծես չորս կողմէ եկող ազդակները այլ բանի մասին կը յուշեն: Նոր պատերազմի վտանգ կա՞յ:

-Նոր պատերազմի հաւանականութիւնը կարելի չէ բացառել: Նոր պատերազմին մենք, ամէն պարագայի, պէտք է շատ լաւ նախապատրաստուինք: Եթէ նոր պատերազմը անխուսափելի պիտի ըլլայ, ուրեմն անհրաժեշտ է այնպէս մը ընել, որ ան սկսի մեզի համար աւելի յարմար պահուն: Հայաստանի իշխանութիւններու առաջնային խնդիրն է, բացի կանոնաւոր բանակի վերակազմաւորումէն, ստեղծել տարածքային ինքնապաշտպանութեան աշխարհազօրային կառոյցներ, նախատեսել քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ միջոցներ՝ ռմբապաստարաններ կահաւորել, կուտակել բժշկական պարագաներու ու սննդամթերքի պաշարներ: Այս միջոցներուն պէտք է ձեռնարկուին խաղաղութեան մասին զրոյցներուն զուգահեռ: Բայց ամենակարեւոր խնդիրը, որ զուգահեռաբար պէտք է լուծուի, իրաւաքաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով պատերազմի վերսկսման վտանգը կանխելն է:

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022