ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Ղարիպաշվիլի գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-վրացական արդիւնաւէտ համագործակցութեան կապակցութեամբ։ Միրզոյեան համոզուած է, թէ Երեւան-Թիֆլիզ փոխադարձ վստահութեան ու շարունակական երկխօսութեան ամրապնդումը կը նպաստէ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան։ Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ այն քայլերուն, որոնք կ՚առնուին լարուածութեան թուլացման նպատակով։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով այլ խնդիրներ՝ կարեւորելով կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։

Միրզոյեան-Զալքալիանի տեսակցութեան ընթացքին ալ մանրամասն քննարկուեցան հայ-վրացական բարեկամական համագործակցութեան լայն օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին ջանքեր գործադրել երկկողմանի եւ բազմակողմանի մակարդակներու վրայ համագործակցութեան շարունակականութեան զարգացման, նաեւ քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Շօշափուեցան տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի լարուած իրադրութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի դիրքորոշման շուրջ՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի համար բանակցութիւններու սկսելու կապակցութեամբ։ Այս համատեսքին մէջ Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերը։ Ան կարեւորեց իրավիճակի լիցքաթափման եւ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերու գործադրումը։ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ վրացի պաշտօնակցին ներկայացուց նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առանց նախապայմաններու կարգաւորման գործընթացը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել, ուրկէ վաղն ալ կ՚ուղեւորուի Վիլնիուս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022