ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն տանտէրն էր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Հաւաքին մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի եւ հարաւային Գալիֆորնիոյ թեմի առաջնորդ Սերապիոն Մետրապոլիտը, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Արքեպիսկոպոսութեան պատրիարքական փոխանորդ Քլեմիս Եւկենի Քապլան Մետրապոլիտը։ Բոլոր առաջնորդներուն ուղեկցեցան բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները։

Հաւաքի սկիզբին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ողջունեց հոգեւոր եղբայրները։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համատեղ ծրագրեր իրականացնելու հեռանկարները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս շօշափուեցան երիտասարդներու ուղղեալ նախագիծերը, կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքները եւ մարդասիրական ծառայութիւնները։

Արեւմտեան թեմի հաւաքի աւարտին մասնակից հոգեւորականները միասնաբար նկարահանուեցան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022