ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՉ ՄԻ՛ ԸՍԵՐ
Մեծ պահոց 31-րդ օրն է:
Աստուած յաճախ մեզի հետ կը խօսի, սակայն միշտ չէ որ մենք Աստուծոյ ձայնը կը լսենք եւ կը փորձենք մտիկ ընել: Շատերու համար Աստուծոյ խօսիլը յատուկ կերպ ունի. այդպիսիներ կը կարծեն, թէ Աստուած ուղղակիօրէն՝ ձայնով կը խօսի: Սխալ չէ այս մօտեցումը, -Աստուածաշունչին մէջ այս ուղղութեամբ բազմաթիւ օրինակներ կան- բայց Աստուած այսքանով չի՛ բաւարարուիր մարդուն հետ խօսելու համար: Շատ յաճախ Աստուած մեր նմաններուն միջոցով է, որ մեզի հետ կը խօսի եւ ընդհանրապէս արարքներու լեզուով, այսինքն՝ մեր նմաններուն ընդմէջէն կը փորձէ մեզի հետ խօսիլ:
Արդարեւ, իւրաքանչիւր ճշմարիտ քրիստոնեայ պէտք է զգոյշ ըլլայ, որպէսզի կարենայ լսել Աստուծոյ ձայնը՝ Աստուծոյ խօսքը-պատգամը իրեն ուղղուած: Միւս կողմէ սակայն, պէտք չէ բաւարարուի միայն լսելով, այլ՝ լսելէն անդին հնազանդի Աստուծոյ ձայնին: Ելից գիրքին մէջ երբ Աստուած կ՚ուզէր Մովսէսը Եգիպտոս ղրկել, հետեւեալ խօսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ Աստուծոյ եւ Մովսէսի միջեւ. կարդանք. «Մովսէս ըսաւ Տիրոջ. "Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ոչ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ": Եւ Տէրը ըսաւ անոր. "Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ Ես՝ Տէրս: Ուստի գնա՛ հիմա ու Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս"» (Ելք 4.10-12): Ինչքա՜ն պարզ ու յստակ են Տէր Աստուծոյ խօսքերը. Մովսէս կը փորձէ խուսափիլ, սակայն Տէրը յստակօրէն կ՚ըսէ՝ «Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ», այսինքն՝ դուն չէ որ պիտի խօսիս, այլ՝ Ե՛ս քեզի պիտի տամ խօսելիք:
Այսօրուան մեր իրականութեան մէջ դժբախտաբար ոմանք այս երեւոյթը սխալ կերպով կը հասկնան. այսպէս, այսօրուան աշխարհին մէջ ցանկցած մարդ Աստուածաշունչը ձեռք առնելով կը սկսի քարոզել, ըսելով որ տեսէ՛ք, Աստուած ըսաւ, որ «Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ»: Այո՛, Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ է, սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրս չէ, որ Անոր Սուրբ Կամքին կը հնազանդինք եւ Անոր ձայնը կը լսենք: Աւելին, մեզմէ շատերը կը կարծեն, թէ Աստուծոյ ձայնն է, որ կը լսեն, սակայն իրականութեան մէջ անոնց ականջներուն մէջ սատանային ձայնն է, որ կը հնչէ: Ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ ամենէն կաեւորը պէտք է Աստուածաշունչը կարդացած ատեն ճշգրտութեամբ հասկնանք մեր կարդացածը, որպէսզի այն մեզի համար ո՛չ թէ դատապարտութիւն, այլ՝ փրկութիւն ըլլայ:
Ի վերջոյ, այսօր, Աստուած մեզմէ շատերուն կը փորձէ խօսիլ, սակայն մենք կը յամառինք մեր ականջները փակ պահել չլսելու համար Անոր ձայնը. աւելին՝ կը մերժենք Անոր ձայնը լսել յանուն աշխարհիկ մտահոգութիւններու: Լաւ իմանանք սակայն, աշխարհիկ մտահոգութիւնները մեզ դէպի դժոխք կ՚առաջնորդեն, մինչ Աստուծոյ ձայնը կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական երջանկութիւն ու հանգիստ: Մեզի կը մնայ ընտրել՝ լսե՞լ Աստուծոյ ձայնը, եւ աւելի էականը՝ լսելէ ետք այո՞, կամ ո՛չ ըսել Աստուծոյ: Վստահաբար ոչ ոք կը փափաքի Աստուծոյ ոչ ըսել, սակայն շատ յաճախ մեր հոգեւոր կուրութեան պատճառով ո՛չ կ՚ըսենք Աստուծոյ մեր արարքներով, մեր վարուելակերպով, իսկ այս օրերուն նոյնիսկ քարոզիչ ձեւանալով ու Աստուծոյ խօսքը «քարոզելով». հետեւաբար զգոյշ ըլլանք եւ փորձենք Աստուծոյ ձայնը լսելով այո՛ ըսենք Անոր եւ ո՛չ թէ խուսափինք:
Երեսունմէկերորդ օրուան մարտահրաւէր. դաստիարակենք մեր հոգիները, որպէսզի միշտ այո՛ ըսեն Աստուծոյ, աւելին՝ համարձակութեամբ յայտարարելու, թէ մենք Քու որդիներդ ենք եւ պատրաստ Քու Սուրբ Կամքդ կատարելու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ