ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ
Նախքան թուրքագիտութեան մէջ իմ կողմնորոշումը, բազմիցս մտափոխուած եմ մասնագիտութեան ընտրութեան մէջ:
Նախապէս որոշած էի անասնաբոյժ դառնալ: Բնական է՝ հիւանդագին կենդանասէրի մը համար լաւագոյն կողմնորոշում մը: Տարիներ շարունակ կը պնդէի՝ երբ մեծնամ անասնաբոյժ պիտի դառնամ: Այլեւս որոշած էի, թէ ուր պիտի ուսանիմ. Ռուսաստանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ պիտի ուսանիմ եւ վերադառնալով՝ բուժեմ Արցախի բոլոր անասունները: Այնուհետեւ, երբ կորսնցուցի իմ սիրելի շունիկը՝ Չալոն, կենդանիներու նկատմամբ մատնուեցայ խոր անտարբերութեան:
Այլեւս որոշած եմ. բժիշկ-գեղագէտ պիտի դառնամ: Թէ՛ իմ դէմքը միշտ պիտի ունենայ խնամուած ու առողջ տեսք եւ թէ ուրիշներունը: Բժիշկ-գեղագէտ դառնալու իմ ցանկութիւնը այնքան մեծ էր, որ ութերորդ դասարանէն սկսեալ յաճախեցի տարրաբանութեան մասնաւոր դասերու: Իմ ուսուցչուհիի հետ կը պարապէի: Աւա՜ղ, տարրաբանութիւնը ինծի համար չէր: Ոչ մէկ բան կը հասկնայի, կ՚ըմբռնէի: Միակ բանը, որ տարրաբանութեան տարրերէն մինչեւ այսօր կը յիշեմ՝ H2O-ն է՝ ջուր:
Դե՜հ, ինչ ընեմ, այս ալ ինծի համեմատ չէ: Քիչ մը դադար առի: Փորձեցի ժամանակէն առաջ չիյնալ, հանգիստ ի մի բերել իմ միտքերը: Այլեւս ուսումնական տարին կը մօտենար աւարտին:
Օր մը, մեր դասարանի դասղեկը եկաւ ու յայտարարեց, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հայ ուսանող մը կու գայ, մեր դպրոցի աշակերտներուն հետ դասընթացներ պիտի իրականացնէ: Այդ դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ միայն գերազանց յաջող աշակերտները: Եւ մեր դասարանէն քանի մը աշակերտ ընտրեց: Զբօսանքին մօտեցայ մեր դասղեկին եւ աղաչեցի, որպէսզի զիս ալ ընդգրկէ այդ ցուցակի մէջ:
Ահաւասիկ, ամառնային արձակուրդներուն սկսան ամիս մը տեւողութեամբ երկար սպասուած դասընթացները: Իմ կեանքի մէջ առաջին անգամ մեծ հաճոյքով կը յաճախէի դասընթացներու եւ նոյնիսկ վայրկեան մը չէի ուշանար։ Ընդհակառակը, մշտապէս հինգ-տասն վայրկեան կանուխ կը ներկայանայի:
Գեղադէմ ու բարձրահասակ տասնիննամեայ Սիփան Բարսեղեան աշխարհի ամենահեղինակաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սթանֆորթի համալսարանի երկրորդ դասարանի ուսանող էր: Կ՚ուսանէր միջազգային յարաբերութիւններու բաժնին մէջ: Ծրագրի մը շրջանակներէն ներս ան որոշած էր հասնիլ Հայաստան եւ Արցախի աշակերտներուն պատմել, թէ ի՞նչ է միջազգային յարաբերութիւնները, ինչպէ՞ս կարելի է հարթել ազգերու միջեւ յառաջացած խնդիրները: Դասընթացներու վերջին շաբաթը մենք փորձեցինք լուծել Արցախի խնդիրը: Մեզ՝ աշակերտներս խումբերու բաժնեց Սիփանը՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ անշուշտ՝ Մինսքեան խմբակի համանախագահներ: Առաջին տարին ես Ֆրանսայի պատուիրակութեան կազմին մէջ էի, երկրորդ տարին՝ Ռուսաստանի: Իւրաքանչիւր աշակերտ պարտաւոր էր մոռնալ իր ազգային պատկանելիութիւնը, եւ բանակցութիւններու ընթացքին հանդէս գալ յանուն իրեն բաժին հասած երկրի՝ պաշտպանելով տուեալ երկրի շահը: Այսինքն տարի մը ես փորձեցի խորհիլ որպէս ռուս, այնուհետեւ ֆրանսացի:
Այո՛, մեր հաճելի դասընթացները շարունակուեցան երկու տարի: Աւա՜ղ, Արցախի պատանիներս նոյնպէս ի զօրու չեղանք լուծելու այդքան բարդ խնդիր մը: Սակայն, շատեր ունեցան մասնագիտական կողմնորոշում: Դասընթացի մասնակիցներէն շատեր Սիփանի պէս ընտրեցին միջազգայնագէտի, դիւանագէտի մասնագիտութիւնը: Ես ալ նոյնպէս:
Դասընթացներու հոլովոյթին Սիփանը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր մեր տրամաբանութեան զարգացումին, միտքի ճկունութեան: Այն տարատեսակ տրամաբանական խաղերու միջոցաւ կը փորձէր զարգացնել մեր տրամաբանութիւնը: Ի սկզբանէ զիրար մեծ դժուարութեամբ կը հասկնայինք. ան կը խօսէր արեւմտահայերէն, իսկ մենք՝ արեւելահայերէն: Երբեմն զիրար չէինք հասկնար: Կը լարէինք մեր ուշադրութիւնը, նոյնիսկ կը պահէինք մեր շունչը, որպէսզի կրնայինք հասկնալ զինքը: Սակայն քանի մը դաս վերջ այլեւս կրնայինք աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ հասկնալ զիրար: Երբեմն ալ կը բախուէին արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները: Զոր օրինակ, բոլորս շատ կը նեղուէինք, երբ Սիփան ամէն անգամ կ՚ըսէր՝ ես ձեզ շատ կը սիրեմ: Բարի, ինչո՞ւ ապառնի եղանակ կը գործածէ: Ինչո՞ւ հիմա մեզ չի սիրեր, յետոյ պիտի սիրէ: Ապա հասկցանք, որ Սիփանը մեզ կը սիրէ հիմա. «Ես ձեզ շատ եմ սիրում» արտայայտութիւնը վերածելով արեւմտահայերէնի կը նշանակէ. «ես ձեզ շատ կը սիրեմ»: Այստեղ խորունկ շունչ մը քաշեցինք:
Արցախցիներուս համար քիչ մը անսովոր ու զուարճալի էր Սիփանի անխնամ, ոչ-կոկիկ տեսքը. երբ ան կը ներկայանար չսանտրուած մազերով կամ ճմռթկած, ոչ-արդուկուած հագուստներով: Մեզի համար ամօթ էր այդպիսի տեսքով ներկայանալ մէկու մը:
Սիփանէն սորվեցանք շատ բան: Ան բոլորիս համար լաւագոյն օրինակ մըն էր: Մենք ալ զինքը շատ սիրեցինք եւ ամէն անգամ տամուկ աչքերով հրաժեշտ կու տայինք իրեն:
Միջնակարգի վերջին դասարանը սկսայ պարապելու հայոց պատմութիւն, հայերէն լեզու, անգլերէն ու ռուսերէն առարկաները: Նպատակս Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժին ընդունուիլն էր:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան