ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս հեռախօսազրոյցները համընկնեցան նուրբ ժամկէտի մը, երբ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան յանձնուած գօտիէն ներս։ Փութինի հեռախօսազրոյցները նաեւ զուգադիպեցան այն պահուն, երբ արդէն յայտարարուած է, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ ժամադրուած են՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, երէկուան հեռախօսազրոյցներուն ժամանակ քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի ընթացքը։ Շեշտը դրուեցաւ տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման համար գործնական խնդիրներու լուծման վրայ։ Վերահաստատուեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը։ Երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են ապագայ շփումներու մասին։

Մոսկուայէն կատարուած այս հրապարակումներուն առընթեր, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդումներ ըրին Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու ներխուժումէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը։ Փաշինեան ցաւով արձանագրած է, որ իրադրութիւնը ո՛չ միայն չէ կարգաւորուած, այլեւ՝ ըստ որոշ տուեալներու, ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս հաւանական են Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու նոր սադրանքներ։ Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արցախի գիւղերու բնակիչները՝ բարձրախօսներու միջոցաւ յայտարարութիւններով  ահաբեկելու, հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու Ատրպէյճանի գործելակերպին վերաբերեալ։ Ան կրկին ընդգծեց, որ խաղաղապահներու ներկայութեամբ Պաքուի ստորաբաժանումներու այս գործողութիւնները եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ներխուժումը հարցեր կը յառաջացնեն։ Ան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնեց այս իրավիճակին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկելու մասին դրական վերաբերմունք ցուցաբերելու բերումով։ 

Փաշինեան ներկայացուց հայկական կողմի ակնկալութիւնը, որպէսզի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը միջոցներու ձեռնարկէ՝ Ատրպէյճանի ներխուժած ստորաբաժանումները զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս բերելու համար։

Փաշինեան եւ Փութին համաձայնեցան միջոցներու ձեռնարկել՝ ստեղծուած իրադրութիւնը շուտափոյթ կարգաւորելու նպատակով։ Անոնք երկուստեք կարեւորեցին յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններու լիարժէք իրականացումը։

Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցէն առաջ, Արցախի իրադրութեան երէկ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի բացման փուլին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Արցախի բնակչութիւնը ամէն օր կ՚ահաբեկուի եւ այս բանը տեղի կ՚ունենայ խաղաղապահներու աչքին առջեւ։ Ուստի, միջազգային հանրութենէն կ՚ակնկալուի հասցէական գնահատական։ Վարչապետը համոզուած է, որ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակման համար Ատրպէյճան կը ջանայ օրինականութիւն, արդարացում ձեւաւորել։ Ան յիշեցուց, որ Երեւան բազմիցս արձագանգած է Պաքուի առաջարկներուն եւ ներկայիս ապատեղեկատուութեան արշաւ մը կը դիմագրաւէ։ Ատրպէյճան կը փորձէ բոլոր հայերը տեղահանել Լեռնային Ղարաբաղէն՝ հարցը այսպէսով փակուած համարելու նպատակով։ Վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ ան ընդգծեց, որ Փառուխի տագնապը ծագած է համաձայնութիւններու խախտման հետեւանքով։ Միեւնոյն ժամանակ, ան անընդունելի համարեց Լաչինի միջանցքի համեմատութիւնը՝ Հայաստանի տարածքով բացուելիք ճանապարհի մը հետ։ Խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու միացնելիք ճանապարհին։ «Մեր առաջարկի էութիւնը հետեւեալն է. վերակառուցել Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղին, վերաբանալ կամ կառուցել ցամաքային ճանապարհ, որ պիտի կապէ նաեւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի հետ՝ սահմանային անցման կէտերուն իրականացնելով սահմանային, մաքսային եւ այլ հսկողութիւններ։ Ատրպէյճան մեր այս դիրքորոշումը ե՛ւ կ՚ընդունի, ե՛ւ չ՚ընդունիր։ Եւ սա կ՚արտայայտուի հետեւեալ ձեւով. Անոնք կ՚ըսեն, որ համաձայն են այս ճանապարհի գործարկման որեւէ իրաւական դրութեան, բայց նոյնը պէտք է գործէ նաեւ Լաչինի միջանցքի պարագային։ Եւ այս դիրքորոշումը հիմնաւորելու համար յղում կ՚ընեն հրադադարի յայտարարութեան։ Այս խօսոյթը անհիմն է երկու պատճառով։ Նախ՝ հրադադարի յայտարարութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածքի եւ անոր հետ առընչակից միջանցքի մասին յիշատակում չկայ, բայց «Լաչինի միջանցք» արտայայտութիւն կայ։ Լաչինի միջանցքը ո՛չ թէ կամ ոչ միայն ճանապարհ է, այլեւ տարածք, որ ունի 5 քիլօմեթր լայնութիւն։ Այդ ամբողջ տարածքը, ըստ հրադադարի յայտարարութեան, կը գտնուի Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ։ Հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ Հայաստանի որեւէ տարածքի պարագային որեւէ այլ երկրի վերահսկողութեան դրոյթ պարզապէս գոյութիւն չունի։ Յետոյ, Լեռնային Ղարաբաղի զուգահեռները տարօրինակ են՝ քանի մը պատճառով։ Նախիջեւան Ատրպէյճանի հետ ցամաքային կապ ունի Իրանի եւ Թուրքիոյ տարածքով։ Օդային կապ ունի Իրանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի տարածքով։ Լեռնային Ղարաբաղ Հայաստանի հետ ունի միայն ցամաքային կապ, միայն Լաչինի միջանցքով եւ Լաչինի միջանցքի Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ ձեւով վերահսկումը կը նշանակէ միայն մէկ բան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը», յայտնեց Փաշինեան։

Այս բոլորէն վերջ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ բանալ ճանապարհը եւ երկաթուղին, բայց անհրաժեշտ կը համարէ համաձայնագրի մը ստորագրումը։ Միեւնոյն ժամանակ ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կը կարողանան համաձայնեցնել այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան բանակցութիւններու սկիզբին։ «Հայաստանի համար ընդունելի է փոխադարձաբար տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան ճանաչման սկըզ-բունքը, մենք պատասխանած ենք Պաքուին», աւելցուց վարչապետը, որու համոզմամբ, անհրաժեշտ է սահմանային իրադրութեան միջազգային դիտարկման դրութեան մը հաստատուիլը։

Միւս կողմէ, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանն ալ անդրադարձաւ վերջին իրադարձութիւններուն։ «Եթէ այստեղ չըլլան ռուս խաղաղապահները, ապա Արցախ պիտի չըլլայ, սա միանշանակ է», ըսաւ ան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընդառաջ Ալիեւն ալ յայտնեց, որ իրենք հակամարտութիւնը լուծած են, այժմ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ժամանակն է։ «Մենք պէտք է ընթանանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ ու կարճ ժամանակի մէջ այդ փաստաթուղթը ստորագրենք», նշած է Ալիեւ, որ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ աշխոյժ համագործակցութեան ներուժ կը նկատէ՝ հաշուի առնելով նաեւ Թուրքիան։

Պաքուի աղբիւրներու հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ հանդիպման ընթացքին ալ Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ Փաշինեանի հետ յառաջիկայ հանդիպումը կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022