ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար նո­րոգ հան­գու­ցեալ Գըրգ Գրգո­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, ըն­տա­նի­քին եւ մօտ հա­րա­զատ­նե­րու նեղ մի­ջա­վայ­րին մէջ, ըստ իր կտա­կին։ Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րէս»ին տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ «Գա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեան։ «Պի­տի ըլ­լայ ոչ հան­րա­յին, փակ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներն ու հա­րա­զատ­նե­րը։ Գրգո­րեան չէր սի­րեր հան­րա­յին վայ­րե­րու մէջ ըլ­լալ, ա­նոր ա­նու­նով շէն­քեր, հաս­տա­տու­թիւն­ներ չէք տես­ներ, միշտ ա­ռան­ձին կ՚ը­նէր ա­մէն ինչ։ Իր փա­փա­քը ե­ղած է, որ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ըլ­լայ ոչ մար­դա­շատ», յայտ­նեց Սա­սու­նեան։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015