ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հայ գրականութեան համակիրները այս տարի կը նշեն մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեայ յոբելեանը։ Երեւանի մէջ այս առթիւ կազմակերպուած են շարք մը ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է արտայայտել մեծանուն բանաստեղծի նկատմամբ վերանորոգ երախտագիտութիւնը եւ վերարժեւորել անոր պատգամը։ Երէկ, այդ ձեռնարկներէն երկու յատկանշականները տեղի ունեցան՝ գրասէրներու մեծ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս հանդիսաւոր երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Չարենցի յոբելեանին առթիւ։ Երաժշտական եւ թատերական դրուագներով երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին հանդէս եկան բազմաթիւ յայտնի արուեստագէտներ։

Բաց աստի, երէկ Երեւանի մէջ Չարենցի 125-ամեակին առթիւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթն ալ կնքուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022