ԱՆՄԱՀ ՄԵՌԵԱԼՆԵՐԸ
Գրականութիւնը ունի անարդար կողմ մը, որ շատ անգամ տաղանդաւորը մոռցնել կու տայ, իսկ անդին նուազ տաղանդաւոր մը կրնայ «աստղ» դարձնել. կարծես մեր մարդկային կեանքի նմանութեամբ տաղանդէ աւելի անուան մեծութիւնը կ՚իշխէ այդտեղ:
Այս անարդարութիւնը տասնամեակներ շարունակ պատճառ եղած է, որ հողի կողքին նաեւ մոռացութեան յանձնուին անոնք՝ որոնք կեանք մը ամբողջ ապրած ու ստեղծագործած են, իրենց ստեղծագործութիւններուն նման մնալով անցեալի փոշիներուն մէջ:
Անոնցմէ մէկն է նաեւ այսօրուան յիշատակելի դէմքը՝ Յարութիւն Ալփիար, որուն մահուընէ դար մը ետք պատիւը ունինք իր մասին հրատարակելու ա՛յն թերթին մէջ՝ որուն աշխատակիցը եղած էր կենդանութեան:
Պատիւ իրե՛ն ու թերթին:
Սակայն Ալփիար ու անոր նման բազմաթի՜ւ նուիրեալներու ինչո՞ւ մոռցուած են. հաւանաբար Ալփիարի ծանօթ էր իր ճակատագիրը: Գուցէ այդ գիտակցութիւնն էր, որ 13 հոկտեմբեր 1913-ին ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի Ա. էջին մէջ հրատարակած «Տասներեքը» խորագրեալ գրութեան մէջ ըսել տուած էր Ալփիարի «Եթէ հայ գրագէտները մարդ չեն եղած - եւ ըլլալիք ալ չունին, - անօթութենէ եթէ շունչերնին կը հոտի, եթէ մարդ իրենց յարգը չի գիտեր, ասոր պատճառը ո՛չ իրենց տաղանդէ զուրկ ըլլալն է, ո՛չ ալ տխրասարսուռ անտարբերութիւնն է հանդէպ գրոց-բրոց աշխարհին»:
Այդ անարդարութիւնը ապրած են բազմաթիւ նուիրեալներ. օրինակ՝ այսօր մեզմէ ո՞վ կը յիշէ ըմբոստ գրող Ստեփան Ոսկանը, որ 1846 թուականին Փարիզ հաստատուելով սկսաւ հրատարակել «Արեւելք» եւ «Արեւմուտք» պարբերականները. այսօր մոռցուած են Համբարձում Առաքելեանը, Առաքել Բաբախանեանը, Թովմաս Թէրզեանը, Եւփիմէ Աւետիսեանը, Իսկուհի Մինասեանը, Զարուհի Գալէմքէրեանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք տասնամեակներ առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող մամուլի աստղերը եղած են, իսկ այսօ՞ր... այսօր նման են ա՛յն ոսկիներուն, որոնք կը շարունակեն թաղուած մնալ երկրագունդիս յատակին: Անոնց մասին կարելի է կարդալ Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հրատարակուած «Բազմավէպ»ի 1914 թուի յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Հ. Ս. Երեմեանի կողմէ գրուած «Գրական պատմութիւն. Ուրուագիծ 1850-1910» աշխատութեան մէջ, ուր բարեբախտաբար որպէս ականաւոր գրող ներկայացուած է նաեւ Յարութիւն Ալփիար:
Անցնող մի քանի օրերուն հաճոյքով կարդացի Յարութիւն Ալփիարի «Ինչպէ՞ս կիներուն հախէն կու գան», «Թշուառական հրեան» եւ տասնեակ մը ուրիշ պատմուածքներ, ուր գրողը իր պարզութեան մէջ, նոյնիսկ թրքերէն եւ օտար բառերու գործածութեամբ գրի առած է իր կեանքի յուշերը:
Աւելի քան երբեք, այսօր մեր արժէքները կորսուելու վտանգը ունին. հաւատացէ՛ք, որ մոռցուած վիճակի մէջ ունինք այնպիսի՜ հարուստ գրականութիւն, որ օտարին ներկայ սիրուած գրականութիւնը շուքի տակ կը ձգէ:
Տարիներ առաջ բարեկամի մը հետ որոշեցինք մատենադարանին մէջ գտնուող անյայտ ու ո՛չ յայտնի գրողներու գործերը փնտռել, տեսնելու համար, թէ այդտեղէն գոհարներ կարելի՞ է գտնել. գտանք Եղիա Եղիազարեանի «Մեռած սրտի մը յարութիւնը» աշխատութիւնը, ուր գրողը ներկայացուցած է Պոլսոյ մէջ իրական պատահած ընտանեկան ողբերգութիւն մը. Եղիազարեան գրող մը չէ եղած. ան իր այս վէպը գրած է, սակայն չէ հրատարակած. եղեռնէն ետք Եղիազարեանի ձեռագիրները հասած են մշակութային գործիչ ու մտաւորական Բիւզանդ Եղիայեանին, որ տեսնելով անոր գրական բարձր արժէքը խմբագրած ու հրատարակած է: Աշխատութիւն՝ որ մինչեւ իսկ արցունք պատճառած է կարդացողներուս:
Նոյն այդ սկզբունքով գտանք տոքթոր Ճէլալեանի հեղինակած «Խելագար հայուհին» հոգեբանական վէպը. զգացումները դժուա՛ր այնքան պարզ ու հարազատ մարդ կարենայ ներկայացնել՝ ինչքան տոքթոր Ճէլալեան:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ազգային, գրական եւ քաղաքական թերթ մը ըլլալէ աւելին եղած է եւ է՛. անոր էջերուն մէջ անմահացած են բոլոր անոնք՝ որոնք գրած եւ ստեղծագործած են հայերէնով, ապրած են գիր-գրականութեամբ. տեղ՝ ուր կարելի է գտնել բազմահազար գոհարներ, նոյնիսկ առանց ճանչնալու, թէ ո՛վ է անոր հեղինակը: Այդ հարստութեան հանդէպ սէրն է, որ խենթերս կ՚առաջնորդէ կարդալու հին թերթերը:
Յարութիւն Ալփիար կը յիշէր հայոց անտարբերութիւնը... այդ անտարբերութիւնը այսօր կը սպաննէ թէ՛ լեզուն եւ թէ՛ գրականութիւնը եւ մեր գոհարները խոզերուն առջեւ նետելով կ՚երթանք սքանչանալու օտարին կեղծ գոհարներով, որոնց արժէքը մերինին հետ համեմատելը անգամ մահացու մեղք մըն է ինքնին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԼՓԻԱՐ
(1864-1919)
Մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 5 ապրիլ 1919-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է երգիծաբան, լրագրող եւ արձակագիր Յարութիւն Ալփիար:
Յարութիւն Ալփիար ծնած է 12 յուլիս 1864-ին, Իզմիրի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Արամեան եւ ապա Շահնազարեան վարժարաններէն ներս: Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ ապրած է Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ: Եգիպտոս գտնուած միջոցին՝ 1896-1898 եւ 1901-1902 տարիներուն հրատարակած է «Փարոս» թերթը: Ալփիար երիտասարդ տարիքէն սկսած է արձակ գրութիւններով աշխատակցիլ զանազան թերթերու. ինչպէս՝ «Արեւելեան Մամուլ», «Մասիս», «Սուրհանդակ», «Հայ Գրականութիւն», «Մանզումիէ Էֆքեար» եւ ուրիշներ:
Յայտնենք, թէ Յարութիւն Ալփիար եղած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից եւ զանազան գրութիւններով իր մասնակցութիւնը բերած թերթի հրատարակութեան:
Ալփիար որոշ ժամանակ աշխատակցած է նաեւ թրքերէն «Քալեմ» երգիծական թերթին, ուր հրատարակած է ֆրանսերէն լեզուով երգիծական գրութիւններ: Ալփիար որոշ ժամանակ եղած է Պոլսոյ Պատրիարքարանի քարտուղար:
Ալփիար իր գրութիւններով կազմած է ժողովածուներ. ինչպէս՝ «Ֆանթազիօ», «Քմայքի ծաղիկներ», «Որքան տեւելու է», «Առաջին անգամ: Ֆանթէզի նորավէպ» աշխատութիւնները:
Յովհաննէս Ալփիարի կողքին ան իր գրութիւնները յաճախ ստորագրած է նաեւ Ռատամես եւ Քրիզանթեմ գրչանուններով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024