ՀԱՒԱՏԱՄՔԷՆ՝ ՀՐԱԺԱՐԻՄՔ
Յաճախ նահատակութիւնը մենք պատերազմի դաշտին վրայ արիւն թափող զինուորին կը վերապահենք, մոռնալով որ նահատակութիւնը ունի այլ կողմ մը՝ որ հեռու է պատերազմական դաշտէն: Նահատակներ են բոլոր անոնք, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը, անշահախնդրօրէն նուիրած են հայապահպանման ու աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հայկական գաղութներու կազմաւորման ու բարգաւաճման: Նահատակներ՝ որոնք իրենց մինչեւ վերջին շունչը ապրեցան հայկականութեամբ՝ միացեալ հայութեան ու Հայաստանի երազը իրենց սիրտերուն մէջ:
Անձեր՝ որոնց մօտ նոյնացած էր Աստուածն ու Հայրենիքը. անոնց մօտ հայացած էր Աստուած, իսկ հայրենիքը՝ Աստուածացած:
Մեր թուականէն 57 տարիներ առաջ Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Արեգակ» ամսաթերթի փետրուար 1965-ի 7-րդ էջին մէջ վերոյիշեալ անձերէն մին՝ Վահրիճ Մանուկեան գրչանունով կը հայացնէր նաեւ հաւատամքը՝ «Հաւատամք ի մի Աստուած»էն վերածելով «Հաւատամք ի մի հայութիւն»ի (մի քանի տարիներ առաջ հրատարակուած «Արեգակ»ի խմբագիր Ասատուր Կիւզէլեանի նամակներէն պիտի գիտցուէր, որ Վահրիճ Մանուկեանը նոյնինքն հայութեան համար կեանք մը ամբողջ մաշեցուցած նահատակ Վահրամ Մավեան ի՛նքն է (20 յունուար, 1965 թուակիր նամակ):
Վահրիճ իր հաւատամքին մէջ կ՚ըսէ. «Հաւատամք ի մի՛ Հայութիւն: Կը հաւատանք, որովհետեւ թէ մէկ է Հայութիւնը: Դատապարտելի են հետեւաբար բոլոր անոնք՝ որոնք կը բաժնեն հատուածներու՝ խորթ, արուեստական»: Այնպէս ինչպէս մեր հայրերը մե՛ղք կը նկատեն Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին իրարմէ բաժնելը, նոյնպէս «Հաւատամք ի մի հայութիւն» հանգանակին հեղինակը մեղք, այն ալ դատապարտելի՛ մեղք կը համարէ հայութիւնը բաժնողները:
Նահատակ կը կոչենք այս անձերը, որովհետեւ խօսքի սահմաններէն անցնելով գործով ու ամբողջ կեանքով հաւատացա՛ծ են հայութեան դաւանանքին. Մավեան կը գրէ. «Հայութիւնը իւրաքանչիւրին համար պէտք է ըլլայ վեր ամէն բանէ», որովհետեւ անոնց համար հայութիւնը իրապէս ալ վեր էր ամէն բանէ՝ իրենց անձնական շահերէն իսկ վեր ու առաջնահերթ:
Իր հաւատոյ հանգանակին մէջ Մավեան դիտել կու տայ, որ կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները պարզապէս միջոցներ են՝ մեր երազած Հայաստանը կերտելու համար, հետեւաբար այդ կուսակցութիւններուն կամ կազմակերպութիւններուն անձնական շահերուն համար կարելի չէ՛ զոհ դարձնել հայրենիքը: Երանի՜ մերօրեայ ղեկավարները կարենային հասկնալ այդ տարբերութիւնը, գիտակցելով որ իրենք ո՛չ թէ կուսակցութիւններուն, այլ կուսակցութեան ճամբով հայրենիքին է որ պէտք է ծառայեն:
Այսօր բացայայտօրէն մեր պաշտումի պատուանդանէն մենք վա՛ր առած ենք թէ՛ Աստուածն ու Հայրենիքը եւ անոնց տեղ դրած անձեր՝ որոնց «պաշտամունքը» կրնայ ապահովել մեր անհատական շահերն ու օգուտները: Նախնիները յաճախ իրենց մտահոգութիւններուն մէջ կը յայտնէին, թէ կրնայ պատահիլ գայ օր՝ որ սփիւռքը կամաց կամաց կորուստի ճամբան բռնէ եւ բոլո՛ր այդ նահատակներուն ջանքերն ու յոգնութիւնները ի դերեւ դուրս գան. այսօր այդ չար գուշակութեան իրականութիւնը կը տեսնենք, իսկ անկէ շա՜տ աւելի գէշ՝ անտարբերութիւնը եւս:
Սփիւռքի մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները «Հայրենի՜ք» կը պոռան իրենց ելոյթներու ընթացքին. այսօր Լիբանանի եւ Սուրիոյ դժուարին պայմաններուն մէջ բազմատասնեակ ընտանիքներ Հայրենիք վերադառնալու փափաքը ունին. ինչո՞ւ 1947 թուականի նման մեծ մաշտապով հայրենադարձութեան չեն ձեռնարկեր. սփիւռքի գաղութի ղեկավարներէն մին կ՚ըսէր. «գաղութը չենք ուզեր կորսնցնել». աւելի հայանպաստ չէ՞ մէկ աթոռ պակաս ունենալ, սակայն փրկել հազարաւոր հայեր, զիրենք առաջնորդելով նոյնինքն այդ ղեկավարներուն կողմէ այդքա՜ն պաշտել Հայրենիքը:
Այդ հայրենադարձութեան ծրագիրին պակասով է, որ այսօր հազարաւորներ մեկնեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ այլուր, մի քանի սերունդ ետք հայութիւնն ու հայկականութիւնը իրենց յառաջիկայ սերունդներուն մէջ սպաննելու նպատակով:
Չի՛ բաւեր հայրենիք չենք բերեր, վրան ալ անտարբեր կը մնանք անոնց ձուլումին, անտարբեր՝ երբ հայը հայուն հետ կը սկսի խօսիլ օտարի լեզուով, լեզուին հետ կամաց կամաց փորձելով փոխել նաեւ մտածելակերպը եւ այսպէս տակաւ առ տակաւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ:
Այսօր սփիւռս աշխարհի կատարուող մեր հայկական ծիսակարգին մէջ «Հաւատամք ի մի հայութիւն»ը փոխարինած ենք Փօլատեանի «կը հրաժարիմ հայութենէ» բանաձեւին։
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր կարիքը ունինք ա՛յն նահատակներուն, որոնք կեանքի գնով պատրաստ են մերժել այդ «հրաժարիմք»ը՝ ի գին «Հաւատամք»ին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱՐԴԳԷՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ
(1860-1921)
Մեր թուականէն 101 տարիներ առաջ՝ 6 ապրիլ 1921-ին Ղրիմի մէջ մահացած է նկարիչ եւ հայ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանց:
Սուրէնեանց ծնած է 27 փետրուար 1860-ին, Վրաստանի Ախալցքա քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած Լազարեան ճեմարանէն ներս: Աւարտելէ ետք ուսումը հետեւած է Մոսկուայի մէջ մեծ հեղինակութիւն ունեցող գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժնի դասընթացքներուն: Արուեստագէտը իր նկարչական ուսումը կատարելագործած է Միւնիխի Կայսերական ակադեմիայէն ներս: Ժամանակակիցներու համաձայն, Սուրէնեանց տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու, ինչ որ առիթ տուած է արուեստագէտին աւելիով ուսումնասիրելու օտար մշակոյթներն ու արուեստները. ան կը տիրապետէր պարսկերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ այլ լեզուներու. Սուրէնեանց գիտէր գրեթէ բոլոր հայոց բարբառները:
Թէեւ Հայրենիքէն հեռու, Սուրէնեանցի նկարչութեան թեմաները եղած են Հայոց Պատմութիւնն ու հայրենասիրութիւնը. անոր յայտնի գործերէն են «Ոտնահարուած սրբութիւնը», «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակի մօտ», «Հռիփսիմէ», «Զապէլ Թուգուհու վերադարձը գահին», «Ասպետ կինը» եւ այլ բազմաթիւ նկարներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ այսօր կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
Նկարչութեան կողքին Սուրէնեանց զբաղած է նաեւ գիրքի ձեւաւորման աշխատանքով, ճարտարապետութեամբ, քանդակագործութեամբ, թատերական նկարչութեամբ, թարգմանութեամբ ու բեմայարդարմամբ եւ որմանկարչութեամբ. Սուրէնեանցի կը պատկանին Ղրիմի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պատերուն գծագրուած որմանկարները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ