ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՊՈՒՊՐԻԿՆԵՐՈՒ Ի՞ՆՉ…

Մեր հասկացողութեամբ՝ պուպրիկները երեխաներուն համար է, յատկապէս աղջիկներուն։ Փոքր աղջիկները կ՚ունենան իրենց պուպրիկները՝ որոնց հետ կը խաղան, անոնց մազերը կը սանտրեն, կը զարդարեն զիրենք եւ մինչեւ իսկ իրիկունները հետերնին անկողին կը տանին՝ միասին քնանալու համար, չէ՞։

Ցարդ՝ գէթ Ամերիկայի եւ այլ քաղաքակրթուած երկիրներու մէջ, մեծահասակները պուպրիկներու փոխարէն կ՚ունենան իրենց ընտանի կենդանիները, յատկապէս շուներ։ Անոնք այդ շուները այնքան կը սիրեն, որ զանոնք կը նկատեն իրենց ընտանիքի մէկ անդամը, չէ՞։

Նոյնիսկ պատահած է, որ մեծահասակներ իրենց շուներուն հետ գացած են ճաշարան, թէկուզ շուները չմասնակցին ընթրիքի։ Անշուշտ կարգ մը ճաշարաններ կ՚արգիլեն շուներու մուտքը՝ իրենց սրահներէն ներս, ինչ որ հասկնալի է։

Այսքանը շատ բարի, բայց եկուր տես, որ ըստ մեր պատմութեան, դերերը փոխուած են եւ հիմա երիտասարդ սերունդն ալ սկսած է ո՛չ միայն պուպրիկներ ունենալ, այլ՝ անոնց նման հագուիլ ու ազատօրէն ման գալ։

Իսկ ի՞նչ է ման գալը վերոյիշեալ երիտասարդներուն համար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Ուրեմն, Լոս Անճելըսի ճաշարաններէն մին սկսած է թոյլ տալ, որ երիտասարդներ ճաշարան յաճախեն եւ իրենց հետ իրենց պուպրիկները (տես նկարը) բերեն…

Վերոյիշեալ ճաշարանները յատուկ են եւ մաս կը կազմեն American Girl Cafe ցանցին, որ ունի 19 մասնաճիւղեր, Ամերիկայի տարածքին։

Նկարին մէջ երեւցողները զոյգ մըն են, 27 տարեկան Հերի Հիլ եւ 27 տարեկան Սերենա Քերիկըն: Այս վերջինը իր հագուստին ակնարկելով ըսած է՝ «I am the green M&M.» M&M-ը հռչակ առած շոքոլայի տեսակ մըն է, որ երկար տարիներէ ի վեր շուկայ իջած է զանազան գոյներով։

Բայց նպատակը ի՞նչ է մեծահասակներու համար՝ որոնք ո՛չ միայն պուպրիկ կ՚ունենան, այլեւ այդ պուպրիկներով ճաշարան կ՚երթան։ Եթէ դուք կը հասկնաք, խնդրեմ բացատրեցէք ու կանխայայտ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի…

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՐՋԸ…

Գաղտնիք մը չէ, թէ արջերը ձմրան քունի կը մտնեն նոյեմբեր ամսուան վերջերէն մինչեւ մարտ ամսուան կէսերը։ Իսկ անոնք՝ ձմրան քուն մտնելէ առաջ կերակուր կ՚ամբարեն իրենց ստամոքսներուն մէջ, որպէսզի քունի ժամանակ ուտելու պահանջը չզգան։

Մեր պատմութեան չանցած, կ՚ուզեմ աշխարհագրական ծանօթութիւն մը ներկայացնել ձեզի, որ առընչութիւն ունի այդ դէպքին հետ։ Lake Tahoe լիճը կը գտնուի երկու նահանգներու միջեւ, Գալիֆորնիա եւ Նեւատա։ Այս երկու նահանգներուն մէջ ալ կան Lake Tahoe կոչուած քաղաքներ։ Ուրեմն մեր պատմութեան դէպքը կը պատահի Գալիֆորնիոյ շրջանի Թահօ լիճի քաղաքին մէջ։ Հոն, 227 քիլօկրամ արջ մը (տես նկարը), որ կը կոչուի Hank the Tank, մուտք կը գործէ բնակարանէ մը ներս կերակուր որոնելու։

«Հենք» նախ կը քանդէ լողաւազանի կողմէն ներս մտնելու ապակեայ դուռը եւ ապա տան ներսը տակնուվրայ կ՚ընէ, ուտելիք գտնելու համար…

Այս դէպքը մասնայատուկ չէ, այն իմաստով որ Գալիֆորնիոյ զանազան քաղաքները՝ որոնք լեռներու մօտ են, յաճախ թիրախ կը հանդիսանան արջերու, որոնք ուտելիք որոնելով՝ մուտք կը գործեն բնակարաններէ ներս։

Ինծի համար զարմանալին այն է, որ փետրուար ամիսը արջերուն ձմրան քուն մտնելու ժամանակին մաս կը կազմէ։ Ուրեմն, այդ տարօրինակ արջը՝ իրենց բնութեան մաս կազմած սովորութենէն դուրս գալով, տակաւին կը պտտի եւ կ՚ուզէ ուտել։ Բայց ե՞րբ ան քուն պիտի մտնէ, չեմ հասկնար։ Արդեօք դուք բացատրութիւն մը ունի՞ք այդ կապակցութեամբ, խնդրեմ բարատեցէք իմ մտահոգութիւնս, եթէ կրնաք։ Շնորհակալութիւն ձեզի եւ վերջ!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022