ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը, որով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ աշակերտութեան մօտ։ Դպրոցի հանդիսասրահը վերածուած էր տօնախմբութեան միջավայրի մը։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ ծնողաց միութեան կողմէ սարքուեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որ առիթ հանդիսացաւ աւանդական հաւկթամարտին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022