Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն Ս. Զատկուան առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Աշակերտները լի ու լի ըմբոշխնեցին այս մեծ տաղաւարի ուրախութիւնը։ Ինչպէս միշտ, այս տարուայ Զատկուան խրախճանքն ալ այնպէս մը կազմակերպուած էր, որ դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները ունեցան մասնակցութիւն, ուստի բոլորին բաժին վիճակեցաւ ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտով։ Մէկ կողմէ գարնանամուտի տօնական ուրախութիւնը, իսկ միւս կողմէ Աւագ շաբթուան խորհուրդը, Ս. Յարութեան իմաստը՝ ամէն ինչ պատշաճ ձեւով տեղ գտաւ աշակերտներու պատկերացումներուն մէջ։
Տնօրէնուհի Թալին Պէրտէրօղլուն ալ ծրագրի եզրափակիչ փուլին ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց Արամեան-Ունճեան վարժարանի ամբողջ ընտանիքին։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022