ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ շաբթուան ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն Տասը կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ տասն կոյսերու առակը։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն աշակերտուհիներ եկեղեցի փութացած էին՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Թամար Մանկասարեանի։ Անոնց տեսակէտէ արարողութիւնը հոգեւոր եզակի ապրումներու առիթ հանդիսացաւ։ Դպրոցի սաները կանթեղներ ի ձեռին շարուեցան եկեղեցւոյ խորանին առջեւ՝ խորհրդանշելով Ս. Աւետարանի տասն կոյսերը։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ հանդիսադիր հայր սուրբը աշակերտուհիներուն յանձնեց յուշանուէրներ՝ անոնց փոխանցելով իր օրհնութիւնը եւ տօնական շրջանին համար բարեմաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022