ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութիւնը յառաջ տանելու ժամանակ, վարչութիւնս միշտ ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութեան առանցքը։ Ընդհանուր առմամբ, անտարակոյս, հիմնարկիս գործունէութիւնը թէեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ է։ Ուսումնական-դաստիարակչական գործը անհամեմատօրէն բարդացած է մեր ժամանակներուն։ Մանկավարժութիւնը դարձած է անծայրածիր ովկիանոս մը։ Համամարդկային այդ հոլովոյթներուն լիարժէք քայլ յարմարցնել կարելի չէ՝ առանց տեղական առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելու։ Մէկը՝ առանց միւսին, դժուար թէ խրախուսէ կատարելապաշտութեան ճանապարհը։

Պոլսահայ կրթական համակարգի պարագային այդ առանձնայատկութիւնը ուղղակիօրէն առընչուած է հայերէնի հետ։ Լեզուն եւ անով արտայայտուած մշակոյթն ու ժառանգութիւնը կը բնորոշեն ինչպէս դպրոցներու ցանցին, այնպէս ալ ամբողջ հաւաքականութեան դիմագիծը։ Այս իրողութեան լոյսին տակ ի յայտ կու գայ նաեւ ուսուցիչին առանցքային դերը։ Կրթական մշակը էական ազդակ մըն է՝ լեզուն նոր սերունդին աւանդելու ջանքերու ամբողջին մէջ։ Լեզուն աշակերտին ամենայն արդիւնաւէտութեամբ ջամբելու համար՝ ուսուցիչը օժտուած պէտք է ըլլայ բոլոր հնարաւորութիւններով։ Սա ռազմավարական անհրաժեշտութիւն մըն է, միանշանակ։

Ուսուցիչը հնարաւորութիւններով օժտելու պարագան առաջին հերթին կը վերաբերի լեզուին հետ շփման ճոխ կարելիութիւններու ստեղծման։ Որքան շատ ըլլայ լեզուին հետ շփուելու այլընտրանքը՝ կրթական մշակը այնքան աւելի լաւ կրնայ սնուիլ ու մօտէն կրնայ հետեւիլ անոր գործածութեան եղափոխութիւններուն, արդի խմորումներուն։ Հայերէնը՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնը, թէեւ սահմանափակ, սակայն, բազմազան հարթակներու վրայ կ՚օգտագործուի մերօրեայ ժամանակներուն։ Իւրաքանչիւրը կարեւոր է, իր հերթին, ուստի, որեւէ մէկը պէտք չէ անուշադրութեան մատնուի։ Մէկը միւսի հաշւոյն պէտք չէ պատկերացնել։ Անոնցմէ ոմանց կարելի է անհատական ճիգերով հետեւիլ՝ մանաւանդ համացանցային մթնոլորտի մէջ։ Ոմանց համար ալ աւելի համակարգուած, մասնագիտական աշխատանքը անհրաժեշտ է։ Լեզուի հետ շփումը ամբողջական պէտք է ըլլայ՝ բանաւոր ու գրաւոր, տեղին համեմատ լսատեսողականով հանդերձ։

Ուսուցչաց հիմնարկս այս մղումով է, որ երկար տարիներէ ի վեր հետամուտ է հրատարակչական աշխատանքի։ Սա կը բանայ պատուհան մը մեր կրթական մշակներուն համար։ Հայերէնի հետ շփման այս հնարաւորութենէն կ՚օգտուին ո՛չ միայն ուսուցիչները, այլեւ՝ բոլոր ընթերցասէրները։ Սա կը դասենք հիմնարկիս առաքելութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ։

Այս գիրքով նոր օղակ մը կ՚աւելնայ մեր հրատարակած գիրքերու շղթային վրայ։ Արժանապատիւ տ. Մաշտոց քահանայ Գալփաքճեանն է մեր այս անգամուան հեղինակը՝ մին պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երէց անդամներէն, որ օժտուած է մտաւորական կարողութիւններով։ Ան նուիրեալ ու անվհատ արտադրող մըն է տասնամեակներէ ի վեր։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մէջ ստորագրած յօդուածները կը ցոլացնեն մտքերու խորք, լեզուի նախանձախնդիր գործածութիւն, նիւթերու ճոխութիւն եւ արտադրական կարգապահութիւն։ Իր սիւնակը կը խորհրդանշէ պաշար մը եւ ուրոյն հարթակ մըն է՝ յամառ հաւատարմութիւն դրսեւորելու համար մեր արժէքներուն նկատմամբ, որոնց յարատեւումը մեր կրթօճախներու գոյութեան նպատակէն տարանջատելը անկարելի է։ Տէր հօր՝ այս գիրքին մէջ ամփոփուած գրութիւնները նաեւ առիթ կու տան տարրական պատկերացում մը կազմելու՝ իր կողմէ ծաւալուած վիթխարի արտադրութեան մասին։ Այդ հսկայածաւալ աշխատանքը արժանի է բիւր յարգանքի, որու հիման վրայ վարչութիւնս որոշած է այս գրքի հրատարակութիւնը իրականացնել։

Այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար վարչութիւնս սերտօրէն համագործակցած է ԺԱՄԱՆԱԿ ազգօգուտ օրաթերթի պատուարժան խմբագրութեան հետ։ Դարաւոր այս օրաթերթը եղած է հեղինակ տէր հօր արտադրութեան բնօրրանը՝ քանի Գալփաքճեան գերդաստանի ներկայացուցիչներուն ստորագրութիւնները երեք սերունդէ ի վեր միշտ զարդարած են անոր սիւնակները։ Ուստի, վարչութիւնս արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ բծախնդիր աշխատանքի համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատուարժան խմբագրութեան։

Հուսկ, մտքի ու գրչի նուիրեալ մշակ արժանապատիւ տ. Մաշտոց քահանայ Գալփաքճեանի գործը վստահաբար երկարաժամկէտ արժէքով նշանաւորուի ժամանակներու մէջ։ Յամենայնդէպս, մեզի համար ուրախութիւն է՝ նախաձեռնել այս գրքի հրատարակութիւնը, երբ ան ի կեանս է։ Իր հիւթեղ գրիչով ընձեռուած լեզուի հետ շփման անգնահատելի այս առիթը մենք պատեհ կը նկատենք նաեւ վերյիշելու համար նոյնպէս կրթական մշակ հոգելոյս երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանը։ Կը մաղթենք, թէ արժանապատիւ տ. Մաշտոց քահանայ Գալփաքճեան այս հատորը ընկալէ՝ իր վաստակին նկատմամբ հաւաքական արդար երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը ու տոգորուի Մաշտոցեան ուխտեալներու բանակի շարքերը միշտ համալրած պահելու լիցքով եւ անսպառ եռանդով։

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022