ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԵԹՐՈՅԷՆ ՆԵՐՍ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. 28 ՎԻՐԱՒՈՐ

Նիւ Եորքի մեթրոյին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որու հետեւանքով 28 հոգի վիրաւորուեցաւ։ Պրուքլինի կայարանէն ներս առաւօտեան կանուխ ժամերուն տեղի ունեցաւ դէպքը։ 28 վիրաւորեալէն տասը արդէն թիրախ դարձած է փամփուշտներուն. հինգի վիճակը լուրջ է։

Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը տեղեկացուց, որ դէպքը կը հարցաքննուի՝ ահաբեկչութեան վարկածով։

Վերջին շրջանին Նիւ Եորքի մէջ զինեալ յարձակումները իրարու կը յաջորդեն եւ քաղաքէն ներս կը դիմագրաւուին անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022