ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Իս­լա­մաց Րա­մա­զան ամ­սուան ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը զգա­լի է երկ­րէն ներս։ Սկսած են սար­քուիլ իֆ­թա­րի սի­րոյ սե­ղան­նե­րը։ Այս­պէս, ե­րէկ ի­րի­կուն Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ անդ­րա­նիկ իֆ­թա­րի սե­ղան մը պատ­րաստո­ւած էր թա­ղի Պար­պա­րո­սի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Մաս­նա­կից­նե­րու կար­գին էին քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տար, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, թա­ղի իս­լա­մաց հո­գե­ւոր ղե­կա­վա­րը, Հ. Աբ­րա­հայ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ, ինչ­պէս նաեւ հայ, ա­սո­րի, յոյն, հրեայ հա­մայնք­նե­րէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ու աշ­խար­հա­րա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու ալ կը ջանար մօտիկ հետաքրքրութեամբ զբաղիլ հիւրերուն հետ։ Այս առ­թիւ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Մու­րատ Հա­զի­նե­տար, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Եու­սուֆ Սաղ Քո­րե­պիս­կո­պո­սը, հրեայ հո­գե­ւո­րա­կան Իս­հաք Ա­լա­լուֆ, Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցիէն Գեր­մա­նոս Է­մի­նաս­լան Մատ­րա­պո­լի­տը։ Հարկ է նշել, թէ իֆ­թա­րը սար­քուած էր «Մու­տօ» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ, ո­րու սե­փա­կա­նա­տէ­րը՝ Մուս­թա­ֆա Թա­վի­լօղ­լու ար­ժա­նա­ցաւ գնա­հա­տանք­նե­րու։ը

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015