ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՒ ՓԱՐԻԶ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑԻՆ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տեղեկացուց, որ պատրաստ է ներգրաւուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով եւ թէ նոյն կերպ մտածող գործընկերներու հետ՝ ներառեալ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ տեւական ու համապարփակ խաղաղութեան ուղղութեամբ այդ երկիրներուն օգնելու նպատակով։ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կ՚ողջունէ Պրիւքսելի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւնները։

Այս յայտարարութիւնը կը համարուի ամերիկեան կողմի արձագանգը՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին խօսքերուն, որոնցմով ան պնդած էր, թէ Փարիզ եւ Ուաշինկթըն պատրաստակամ չեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Մոսկուայի հետ համագործակցելու։

Ուաշինկթընի նման յայտարարութիւն մը հնչեց նաեւ Փարիզէն, որ նոյնպէս կը մեկնաբանուի՝ որպէս Լաւրովի խօսքերուն պատասխան։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երկիրը կը վերահաստատէ իր լիակատար յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման թէ՛ երկկողմանի հիմքով, թէ՛ որպէս Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ եւ թէ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022