ՉՇԵՂԻԼ ՆԱԽԸՆԹԱՑՆԵՐԷՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ Աւագ շաբթուան ընդառաջ մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Քաղաքի մէջ ըստ Հին տոմարի կը նշէ բոլոր տաղաւարները, հետեւաբար նաեւ Աւագ շաբաթը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց Ս. Աթոռի պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի աւանդական «Լոյս»ի արարողութեան պատրաստութիւններուն։ Արդարեւ, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն եւ Իսրայէլի ոստիկաններուն միջեւ տեղի ունեցած է ժողով մը, որու ընթացքին փոխադարձ ըմբռնում չէ գոյացած, հայ միաբանները անհանգստացած են ոստիկանութեան կողմէ նախատեսուած սահմանափակումներէն եւ իրենց հակառակ դիրքորոշումը արտայայտելու նպատակով լքած են ժողովը։

Այս բոլորի լոյսին տակ, ապրիլի 12-ին Սուրբ Աթոռին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ հետեւեալը նշուած է «Լոյս»ի արարողութեան վերաբերեալ։

*

Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել՝ իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու համար այն սահմանափակումներուն մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի:

 Ապրիլի 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան «Լոյս»ի արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որոնք տեղեկացուցին, թէ այս տարի պէտք է ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու արտօն-ւի՝ մասնակցիլ արարողութեան, անոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլայ հայ: Մեր ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին այս նոր որոշման եւ լքեցին ժողովը:

 Հայ Առաքելական Եկեղեցին «Լոյս»ի արարողութեան ընթացքին ունի բացառիկ իրաւունքներ, որոնք արձանագրուած են «Սթաթիւքոյի» համաձայնագրին մէջ:

«Լոյս»ի արարողութիւնը սկսելու համար Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքն է բանալ Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռը։ Անոր կը մասնակցին հարիւրաւոր հայ եւ օտար ուխտաւորներ՝ ականատես ըլլալու այդ բացառիկ արարողութեան: Ապա Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, կրկին հարիւրաւոր ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւորապէս մուտք կը գործէ տաճար, իսկ աւելի ետք իր ներկայացուցիչը Երուսաղէմի Յոյն Պատրիարքին հետ կը մտնէ Սուրբ Գերեզման՝ դուրս բերելու համար Քրիստոսի Յարութիւնը խորհրդանշող «Լոյս-Կրակը»:    

Վերոնշեալ իրաւունքները դարեր շարունակ տարբեր իշխանութիւններու եւ տիրակալներու շրջանին իրագործուած են առանց որեւէ սահմանափակման: Ուստի, սոյն յայտարարութեամբ մենք մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակումներու որոշման դէմ եւ կը պահանջենք, որ այս տարի եւս, նախորդ տարիներու նման, «Լոյս»ի արարողութիւնը կատարուի առանց հաւատացեալներու թիւի սահմանափակումներու:

Իսրայէլի կառավարութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու կրօնական արարողութիւններու ազատութիւնը եւ կազմակերպելու անոնց անխափան իրականացումը: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը յարգէ այս յաձնառութիւնը եւ չեղեալ նկատէ սահմանափակումներու վերաբերեալ իր առած որոշումը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022