ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՇԻՇԼԻ ԱԿՈՒՄԲԷՆ ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ընտանիքէն բազմանդամ խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի գլխաւորութեամբ վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Շիշլիի կողմէ կազմակերպուած մարզական դասընթացքներու մասնակից շուրջ երկու տասնեակ պատանի մարզիկներ։ Շիշլիցիները նախ ուխտի աղօթք մը կատարեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ ընդունուեցան Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ։

Պատանի մարզիկներու տեսակէտէ սա եզակի առիթ մըն էր՝ մեր հոգեւոր կեդրոնին մասին տարրական տպաւորութիւն մը կազմելու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ ծանօթանալու տեսակէտէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը տղաքը առարկայ դարձուց իր հայրական մտերմութեան եւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց անոնց հետ։ Նկատի ունենալով, որ պատանի մարզիկներէն շատեր առաջին անգամ կ՚այցելէին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ նման այցելութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, որպէսզի մեր նոր սերունդը կապուի համայնքային հաստատութիւններուն։

Հանդիպման աւարտին տղաքը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաժեշտի փուլին անոնց նուիրեց նաեւ փոքր խաչեր եւ նկարազարդ Աստուածաշունչեր։

Շիշլիցիները շրջայց մըն ալ կատարեցին Պատրիարքարանի համալիրէն ներս՝ ուղեկցութեամբ հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022