ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՒ ՅՈՐԴՈՐ

Թրքահայութիւնը երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տօնախմբեց Ս. Զատիկը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ս. Յարութեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ իր պատգամը։ Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ լիուլի ապրուեցաւ տաղաւարի ուրախութիւնը։ Համայնքի անդամները տօնական աւետիսով զիրար ողջունեցին ջերմօրէն։

Յետմիջօրէին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տաղաւարի աւանդական համայնքային հաւաքոյթը։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանին Գումգաբուի մէջ առաջին տաղաւարի աւանդական ընդունելութիւնն էր՝ համավարակի ժամանակահատուածին։ Այսպէսով մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր ակամայ ընդհատուած աւանդութիւնը վերականգնուեցաւ, մեր հոգեւորականաց դասն ու աշխարհական վարիչները, համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ տօնական օրով զիրար ողջունեցին, փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ, ստացան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը եւ Գումգաբուէն իրենց բնակարանները տարին՝ զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ։ «Պէզճեան» սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերակազմակերպուելու յորդոր ուղղեց մեր համայնքին։

Երէկուան հաւաքոյթին ժամանակ Ս. Յարութեան շարականի երգեցողութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ունեցաւ երկարաշունչ ելոյթ մը, որու ընթացքին խորհրդածութիւններ ըրաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթ զանազան հարցերուն շուրջ։ Ան յիշեցուց, որ երկու տարուայ ընթացքին համավարակի հետեւանքով մեր համայնքը զոհ տուած է իր 250 զաւակը։ Այժմ անհրաժեշտ է վերակազմակերպուիլ։ Արդարեւ, մեր համայնքէն ներս 26 մահի փոխարէն միայն 12 ծնունդ կ՚իրականանայ։ Սա կը նշանակէ, որ մեր հաւաքականութիւնը կը նուազի՝ չըսելու համար, որ կը մեռնի։ Թէեւ յաճախ կը բարձրաձայնուի, որ մեր համայնքը 60 հազար հոգիէ կը բաղկանայ, սակայն, իրատես հաշուարկներով, իրականութեան մէջ, հազիւ 40 հազար հոգի մնացած ենք։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր համայնքի գոյատեւման տեսակէտէ անհրաժեշտ կը համարէ որակի բարձրացումը։

«Որակի բարձրացման համար մեր յոյսը դրած ենք մեր դպրոցներուն վրայ, որպէսզի սերունդները սորվին հայերէն ու մեր կրօնը։ Այս հարցերով բոլորս պէտք է զբաղինք։ Մենք խորհրդակցութիւններ ունեցած ենք մեր վարժարաններու տնօրէններուն հետ եւ այս առարկաներու դասաւանդութեան արդիւնաւորութիւնը բարձրացնելու համար ձեռնամուխ եղած ենք յանձնախումբերու ստեղծման։ Մեր վարչայիններն ալ պէտք է առաջնորդուին այն մտածումով, թէ իրենց գործը միայն դպրոցին համար դրամ ճարելը չէ։ Դպրոցի որակի բարձրացումը անոնց ալ ուշադրութեան կիզակէտին պէտք է ըլլայ։ Աշխարհի վրայ դժուար թէ ուրիշ օրինակ մը գտնուի՝ մեր դպրոցներու այսօր դիմագրաւած կացութեան տեսակէտէ։ Ամէն տեղ առարկայ մը դասաւանդողը անպայման մասնագիտական վկայական մը, ապացոյց մը կ՚ունենայ։ Միայն պոլսահայ վարժարաններու պարագային է, որ հայերէն եւ կրօն կը դասաւանդեն այնպիսի ուսուցիչներ, որոնք որեւէ վկայական չունին։ Հետեւաբար այս հարցը պէտք է լուծուի։ Այդ առարկաները դասաւանդելու համար մարդիկ վկայական մը պէտք է ունենան, պատրաստութենէ մը պէտք է անցնին եւ ունենան համապատասխան հաստատում։ Այս խնդրին լուծումը պէտք է գտնենք կամ մեր երկրին եւ կամ արտասահմանի մէջ։

«Այս հարցերու պարագային ալ վարչայիններու միջեւ պէտք է համագործակցութիւն ըլլայ։ Այո, մեր դպրոցներու մեծագոյն հարցը նիւթական է, սակայն այս հարցերն ալ պէտք չէ անտեսուին։ Մեր քաղաքին մէջ 17 հայկական վարժարան կը գործէ՝ ներառեալ «Հրանդ Տինք» դպրոցը, շուրջ 3 հազար աշակերտութեամբ։ Համավարակի շրջանին Հայաստան վերադարձան բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք կ՚ապրէին Իսթանպուլի մէջ։ Մենք պէտք է մտածենք նաեւ մեր դպրոցները վերադարձնելու մասին մեր այն զաւակները, որոնք ոչ-համայնքային դպրոցներ կը յաճախեն։ Մենք այսօր ունինք հինգ-վեց դպրոց, որոնք նիւթական մեծ անբաւարարութենէ կը տառապին։ Մեր կառոյցները իրարու միջեւ զօրակցութեան դրութիւն մը պէտք է բանեցնեն։ Այս ուղղութեամբ պէտք է կազմակերպչական աշխատանք տարուի, որպէսզի ունեւոր հաստատութիւններու տնօրինած հարստութենէն բաժին դուրս գայ նաեւ միւսներուն համար։ Այս հարցը պէտք է անպայման լուծուի Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) միջավայրին մէջ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Հաւաքոյթի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ այս տարուայ տօնական ընդունելութիւնը նախատեսուած է զուտ համայնքային շրջանակներու համար։ «Այսօր մենք մեզի ենք, հիւրերը ուրիշ օր պիտի ընդունինք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ կարեւոր զգուշացումով մը հանդէս եկաւ։ Ան յիշեցուց, որ հորիզոնին վրայ արդէն քաղաքական ընտրութիւններու հեռանկարը ուրուագծուած է։ «Ընտրութիւնները մեր առջեւ են եւ քաղաքական գործիչները կը ջանան վերջին շրջանին մեր եկեղեցիները քաղաքական-կուսակցական դաշտի մը վերածել։ Ուստի, մենք ալ պէտք չէ այնպիսի տպաւորութիւն մը ստեղծենք, թէ մեր եկեղեցիները քուէ որսալու տեղ է։ Մեր եկեղեցիները քաղաքական դաշտի պէտք չէ վերածուին։ Այցելու քաղաքական գործիչները պէտք է վարչային մթնոլորտի մէջ, եկեղեցւոյ խորհրդարաններուն մէջ հիւրընկալուին եւ սրբավայրի մթնոլորտը պէտք է խնայուի», շեշտեց ան։

Ելոյթին տեւողութեան ան անդրադարձաւ նաեւ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին՝ յիշեցնելով, որ ինն տարիէ ի վեր վաքըֆներու ընտրութիւնները տեղի չեն ունենար։ «Չենք գիտեր ինչո՛ւ կը սպասենք, սակայն, փառք Աստուծոյ, վերջին շրջանին պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Նոր ընտրական կանոնադրութիւնը տակաւին վերջնականօրէն պատրաստ չէ, վերջնական որոշումներ չկան, սակայն, կան զանազան լսումներ, որոնց հիման վրայ խորհրդակցութիւններ, կարծիքի թեր ու դէմ փոխանակումներ, նոյնիսկ ստորահաւաքներ տեղի կ՚ունենան։ Լսումներու շարքին է նաեւ այն վարկածը, որ ըստ որու փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցները ուրիշ կանոնադրութեան մը ենթակայ պիտի ըլլան, գուցէ նաեւ Առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերեալ երեսակներ խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլան։ Պէտք չէ պաղ ջուր թափել եփած ճաշին վրայ։ Հիւանդանոցներու պարագային նախատեսուած բացառութիւնն ալ կրնայ դրական երեսակներ ունենալ։ Նախապաշարեալ պէտք չէ ըլլալ։ Մենք պիտի ջանանք նոր ընտրական կանոնադրութիւնը հրապարակուելէ առաջ անպայման տեսնել։ Մեր այս ցանկութենէն տեղեակ պահած ենք անհրաժեշտ մարմինները, սակայն, սա կարելի պիտի դառնայ, եթէ անոնք մեր փափաքին ընդառաջեն։ Մենք հետամուտ ենք, որպէսզի մեր համայնքը իրաւունքի կորուստներ չունենայ։ Ի վերջոյ, չմոռնանք, որ այս իշխանութիւնը Հանրապետական շրջանին մեզի նկատմամբ ամենէն լաւ վարուած իշխանութիւնն է ու կրնայ չնախընտրել մեզ խրտչեցնել, յուսախաբել», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Գումգաբուի տօնական ընդունելութեան ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մօտալուտ օծման արարողութեան մասին։ Ան յիշեցուց, որ մօտաւոր անցեալին մեր համայնքը մեծ միջոցներ ներդնելով երկար տասնամեակներէ վերջ վերանորոգած էր Տիարպաքըրի եկեղեցին։ Շուրջ հինգ տարի առաջ, քաղաքի պատմական կեդրոնէն՝ Սուր թաղամասէն ներս ահաբեկչութեան դէմ ծաւալուած գործողութիւններուն ժամանակ վերանորոգեալ այդ եկեղեցին դարձեալ խոնարհուեցաւ քաղաքի ուրիշ սրբավայրերուն նման։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ այդ ժամանակ, երբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ էր, անհրաժեշտ շփումներով ապահոված էր, որ պետութեան միջոցներով վերականգնուի մեր այդ սրբավայրը։ Այժմ արդէն ամէն ինչ եզրափակիչ փուլին մէջ է։ «Պետութիւնը կը հոգայ ո՛չ միայն Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ, նաեւ մեր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծախսերը։ Կ՚ուզեն վերանորոգել, ընդհանրապէս, քաղաքի բոլոր եկեղեցիները, որպէսզի վերանորոգուի քաղաքին դիմագիծը եւ այնտեղ ապրած ու արարած ժողովուրդներու ժառանգութեան վերաբերեալ յիշողութիւնը արթննայ», շարունակեց ան։ Այս կէտին վրայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բիւր յարգանքով վերյիշեց նորոգ հանգուցեալ գրող Մկրտիչ Մարկոսեանը, որու ստեղծագործական աշխատանքը այդ յիշողութեան տեսակէտէ չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, նաեւ հայկական ներկայութեան վառ վկայութիւն մըն էր։

Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ մօտալուտ օծման անդրադառնալու առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ՝ վերջերս վերանորոգուած Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մասին։ «Ես այս կապակցութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պատկան բոլոր մարմիններուն, որոնք ապահովեցին, որպէսզի պետական միջոցներով վերանորոգուի այդ եկեղեցին։ Ճիշդ է, որ ան մշակոյթի կեդրոնի մը վերածուած է, սակայն, ներկայիս, մենք իրաւունք ունինք պատարագելու եւ խորհրդակատարութիւններ իրականացնելու՝ երբ որ ուզենք։ Ծիսակատարութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, յարմարութիւնները այնտեղ կան։ Վէմքար մը կը զետեղենք եւ ամէն ինչ պատրաստ կ՚ըլլայ Ս. Պատարագ մատուցելու համար», շարունակեց ան։

Տօնական հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին։ Ան մաղթեց, որ այդ գործընթացը յաջողութեամբ պսակուի։ «Սա թէ՛ Հայաստանի եւ թէ մեր համայնքի ճակատագիրը կը փոխէ», շեշտեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց ներկայութիւնը երէց սերունդի մեր ազգայիններէն Արէտ Երկանեանի, ուրախութիւն յայտնեց անոր մասնակցութեան համար եւ արտայայտեց իր բարձր գնահատանքը՝ անոր կողմէ մեր համայնքին ապահովուած նպաստին կապակցութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկաները հրաւիրեց ծափահարել Արէտ Երկանեանը։ Մեր համայնքի ներկայացուցիչները ջերմ ծափերով ողջունեցին Արէտ Երկանեանի մասնակցութիւնը։

Ընդունելութեան եզրափակիչ փուլին հոգեւոր հայրերը եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ ERVAB-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ՝ համայնքային վարիչները մի առ մի մօտեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իւրաքանչիւրը Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորեց հայրական ջերմութեամբ, տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յղեց բարեմաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022