ՈՍԿԻ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐ

Անցնող օրերուն հաւկիթներու առատութիւն էր ամէն տեղ. ներկուած, ձեւաւորուած, գունափոխուած եւ նախշազարդուած հաւկիթները Զատկուան սեղաններու զարդը դարձան: Իբրեւ Զատկուան խորհրդանիշ, հաւկիթը նաեւ վաճառուեցաւ տուրմի, քաղցրեղէնի եւ այլ ուտեստեղէնի տեսքով: Բոլոր շուկաները, ամիս մը շարունակ, հեղեղուեցան հաւկիթի տեսք ունեցող տօնական իրերով: Մանուկները կը բանային Զատկուան առթիւ ձեւաւորուած արհեստական հաւկիթները եւ անոնց մէջ տուրմ, զանազան շաքարներ, պզտիկ նուէրներ եւ անակնկալներ կը գտնէին: Նոյնիսկ մեծեր փոքրիկ ուրախութիւններ կը փնտռէին հաւկիթ-խորհրդանիշերուն մէջ:

Մինչդեռ, ասկէ մօտաւորապէս 140 տարի առաջ Ռուսական կայսրութեան մէջ ստեղծուեցան հաւկիթներ, որոնց մէջ կայսրուհիները իսկական ոսկի կը գտնէին: 1885 թուականին ռուաց Ալեքսանդր Գ. կայսրը ռուս յայտնի ոսկերիչ Քարլ Ֆապերժէին հաւկիթ մը պատրաստելու պատուէր տուաւ: Ան կ՚ուզէր Զատկուան առթիւ անակնկալ մը ընել իր կնոջ՝ կայսրուհի Մարիա Ֆէոտորովնային: Վերջինս, ինչպէս ծանօթ է՝ դանիացի արքայադուստր էր, որ ամուսնանալով ռուսաց Ալեքսանդր Գ. կայսեր հետ, դարձաւ Ռուսաստանի Կայսրութեան կայսրուհի։ Թագաւորական ընտանիքի նկատմամբ կատարուած մահափորձերէ յետոյ կայսրը կը փափաքէր, որ իր կողակիցը Զատիկի օրը ազատուէր տխուր միտքերէ: Կայսրուհին Դանիայի մէջ պզտիկ ժամանակ ոսկեայ հաւկիթ մը տեսած էր, որուն մէջ մատանի կը պահուէր եւ ան յաճախ կը յիշէր մանկութեան այդ խորհրդաւոր իրը: Պայման էր, որ պատրաստուելիք իրը յիշեցնէր կայսրուհիի մանկութեան օրերը:

Անոր համար պատրաստուած «Հաւիկ» հաւկիթը դուրսէն պատուած էր ճերմակ արծնապակիով, սովորական հաւկիթի կեղեւին նման, իսկ ներսը «դեղնուցն» էր՝ փայլատ ոսկիով։ Անոր մէջ տեղաւորուած էր գունաւոր ոսկիով շինուած հաւիկը: Հաւիկին մէջ ալ թաքցուած էր անակնկալը՝ կայսերական ոսկեայ թագին փոքրիկ կրկնօրինակը ադամանդներով եւ շղթայիկ մը՝ սուտակէ մանեակով։

Հաւկիթը այնպիսի գոհունակութիւն պատճառեց Ալեքսանդր Գ. կայսեր, որ աւանդոյթ դարձուց ու Ֆապերժէին պատուիրեց ամէն տարի Զատկին նմանատիպ հաւկիթ մը պատրաստել, իսկ Ֆապերժէն կարգեց կայսերական տան ոսկերիչ: Կայսրուհին նոյնպէս հիացած էր տօնական անակնկալով: Ֆապերժէն ընդունեց առաջարկը. կայսեր պատուէրը պէտք էր իւրօրինակ ըլլար եւ հաւկիթին մէջ անպայման անակնկալ մը պիտի դրուէր: Յաջորդ կայսրը՝ Նիքոլայ Բ.-ը, նոյնպէս պահպանեց այդ գեղեցիկ աւանդոյթը՝ ամէն գարնանային տօնի ապսպրելով երկու հաւկիթ, մէկը մօրը՝ Մարիա Ֆէոտորովնային, միւսը՝ կնոջ Ալեքսանդրա Ֆէոտորովնային:

Այդպէս ստեղծուեցան աշխարհի մէջ այսօր շատ հանրահռչակ Ֆապերժէի հաւկիթները: Առաջին կայսերական զատկուան հաւկիթը արդէն 137 տարեկան է եւ «Ֆապերժէի հաւկիթներ» արտայայտութիւնը այսօր կը նոյնացուի կայսերական տան եւ մինչյեղափոխական Ռուսաստանի շքեղութեան եւ հարստութեան հետ:

Ոսկերչական արուեստի եւ հաւաքորդութեան մէջ Ֆապերժէի հաւկիթները դարձան աւելին, քան՝ զատկական նուէրը: Անոնք դասուեցան ամենաբարձր արուեստով յղացուած եւ պատրաստուած ոսկերչական իրերու կարգին: Քարլ Ֆապերժէն եւ անոր հիմնած «Ֆապերժէ» ընկերութիւնը, 1885 թուականէն մինչեւ 1917 թուականը, ռուս կայսերական ընտանիքի եւ գնորդներու համար պատրաստեցին 71 հաւկիթ, որոնցմէ 52 նմոյշը կայսերական հաւաքածոյին մէջ էր: Ամէն մէկ հաւկիթին պատրաստումը կը տեւէր մէկ տարի։ Ընկերութեան ոսկերիչները կ՚աշխատէին թէ՛ Ֆապերժէի մօտ եւ թէ՛ զատ՝ իրենց սեփական ընկերութիւններուն մէջ: Սակայն անոնց համար որպէս պատիւ կը դիտուէր մասնակցիլ կայսերական պատուէրներու իրականացումին։ Այդ խումբին մէջ ընդգրկուած էին բազմաթիւ ազգերու ներկայացուցիչներ։ Քսանչորս վարպետներէն տասնչորսը ծնունդով ֆինլանտացի էին։ Նախ կը պատրաստուէր գծանմոյշը եւ յետոյ աշխատանքի կը լծուէր ընկերութեան ոսկեգործներու ամբողջ կազմը։

Այս գործին մէջ յատկապէս կը նշուի վարպետ Միխայիլ Պերխինի ներդրումը։ Կայսերական առաջին հաւկիթներու պատրաստումը կապուած է նաեւ Օկուստ Հոլմսթրիոմի, Հենրիկ Վիքսթրիոմի, Էրիք Քոլլինի, Վիքթոր Աարէնի, Սթեֆան Վիակեւանի եւ կին նկարչուհի Ալմա Պիխլի անուններուն հետ: Ալմա Պիխլ հեղինակած է «Եղեամը բիւրեղապակիին վրայ» ժանրը եւ ստեղծած՝ Ձմեռնային հաւկիթը:

ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՀԱԻԿԻԹ

Ինչպէս հետաքրքրական է Ֆապերժէի առաջին հաւկիթին պատմութիւնը, նոյնքան նաեւ հետաքրքրական է Ձմեռնային հաւկիթ անունը կրող այս հիասքանչ ոսկերչական գլուխ-գործոցին պատմութիւնը: Ձմեռնային հաւկիթը ստեղծուած է 1913 թուականին, Նիքոլայ Բ. կայսրը զայն Զատկի տօնին նուիրած է իր մօր՝ այրիացած կայսրուհի Մարիա Ֆէոտորովնային։ Այս մէկը կը նկատուի ամենասուղ ոսկերչական հաւկիթը, որուն համար կայսերական ընտանիքը երբեւէ վճարած է Ֆապերժէին։

Այսօր Ձմեռնային կայսերական ոսկերչական հաւկիթը կը պատկանի Քաթարի էմիր Թամիմ պըն Համիտ ալ-Թանիին: Ան 2002 թուականին Նիւ Եորքի «Քրիստի՚զ» աճուրդի տունէն զայն գնած է 9 միլիոն 579 հազար 500 տոլարով:

Բոլոր կայսերական հաւկիթները բացառիկ տեսք ունին, բայց այս մէկը անկրկնելի երեւոյթ մըն է: Ձմեռնային ոսկերչական հաւկիթը տեղադրուած է լեռնային բիւրեղապակիով պատրաստուած հիմքի վրայ, որ կերտուած է հալող սառցաբեկորի տեսքով։ Անոր շուրջը կը հոսին առուակներ եւ որպէս առուակներ գործածուած է լսնոսկի՝ (փլաթին) եւ ադամանդ։ Հաւկիթը նոյնպէս ստեղծուած է լեռնային բիւրեղապակիով՝ բնութեան մէջ սակաւ հանդիպող մաքուր, անթերի բիւրեղներով, իսկ գագաթին տեղադրուած է լուսնաքար: Հաւկիթը կը բաժնուի երկու հաւասար մասերու, որոնք իրարու կը միանան ադամանդակուռ լսնոսկիով: Հաւկիթին վրայ մանրամասնօրէն փորագրուած է սառցէ բիւրեղիկներու տեսարան։ Անոր մէջ գտնուող անակնկալը աւելի հիասքանչ տեսարան մը կը պարզէ: Հաւկիթին մէջ տեղադրուած է լսնոսկիով պատրաստուած ցանցկէն զամբիւղ մը՝ երկու բռնակով, որոնք զարդարուած են վարդագոյն ադամանդներով։ Զամբիւղին մէջ ալ տեղադրուած է ձիւնծաղիկներու ծաղկեփունջ մը։ Ամէն մէկ ծաղիկը ստեղծուած է ճերմակ սպիտակ քուարցով։ Որպէս ցօղուն կիրարկուած են ոսկեայ լարեր։ Տերեւները պատրաստուած են ամուր հանքաքարով մը, որ կը կոչուի երիկամաքար, իսկ անոնց մէջտեղի հատուածները՝ կանաչ լեռնային բիւրեղապակիով: Զամբիւղին հիմքին ռուսերէնով փորագրուած է «Ֆապերժէ 1913» գրութիւնը։

Հաւկիթը ձեւաւորող նկարչուհի Ալմա Պիխլ (1888-1976) ֆապերժեան երկու կին վարպետներէն լաւագոյնը կը նկատուի: Ան տոհմական ոսկերիչներու ընտանիքէ էր, որ հեղինակած է նաեւ Ֆապերժէի հռչակաւոր Խճանկարային հաւկիթը, որ 1914 թուականի Զատկի տօնին Նիքոլայ կայսրը նուիրած է իր կնոջ: Խճանկարային հաւկիթը այժմ կը գտնուի Էլիզապեթ Բ. թագուհիի Թագաւորական հաւաքածոյին մէջ:

Իսկ թէ ինչպէ՛ս Ձմեռնային հաւկիթը Ռուսական կայսրութենէն հասած է Քաթար եւ Խճանկարայինը՝ Միացեալ Թագաւորութիւն, ահաւասիկ. 1917 թուականի Ռուսական յեղափոխութեան ժամանակ յեղափոխականները յափշտակած են կայսերական հաւկիթներու հաւաքածոն եւ ղրկած են Քրեմլինի զինապալատ։

1927 թուականին Ձմեռնային հաւկիթը վաճառած է անգլիացի ոսկերիչ, գործիչ Էմանուել Սնոումանի։ 1948 թուականին անիկա կը պատկանէր սըր Պերնար Էքսէինին, իսկ մէկ տարի անց Ձմեռնային ոսկերչական հաւկիթը գնած է Պրայէն Լետփրուկ։ Վերջինիս մահէն ետք՝ 1975 թուականէն, հաւկիթին մասին շատ բան յայտնի չէր, ապա կրկին սկսած են խօսիլ 1994 թուականին, երբ կը յայտնաբերուի Լոնտոնի մէջ եւ կը փոխանցուի «Քրիսթի՚զ» աճուրդի տան: Հոնկէ մէկ անգամ կը գնէ ամերիկացի գնորդ մը, բայց հաւկիթը դարձեալ աճուրդի տուն կու գայ, մինչեւ կը դառնայ Քաթարի էմիրին սեփականութիւնը:

Իսկ Խճանկարային կայսերական հաւկիթը 1934 թուականին վաճառուած է Միացեալ Թագաւորութեան Ճորճ Ե. արքային, որ զայն նուիրած է իր կնոջ՝ Մերի Թեքցի թագուհիին։ Անոնցմէ ալ հաւկիթը, որպէս ժառանգութիւն, հասած է Էլիզապեթ Բ. թագուհիին: Անոր հաւաքածոյին մէջ եւս երկու Ֆապերժէի կայսերական հաւկիթ կայ: Այսօր Ֆապերժէի հաւկիթներէն ութին տեղը անյայտ է, տասնի մօտ հաւկիթներ կը գտնուին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գործող Ֆապերժէի թանգարանին մէջ, տասը՝ Քրեմլինի զինապալատին մէջ, հինգը՝ ԱՄՆ-ի Վիրճինիոյ Գեղարուեստի թանգարանը, երեքը՝ ԱՄՆ-ի Նիւ Օրլէանի Գեղարուեստական թանգարանը, երկու հաւկիթ ձեռք ձգած է Զուիցերիոյ Էտուարտ եւ Մորիս Սենտոզաներու հիմնադրամը, երկու հաւկիթ՝ Ուաշինկթընի Հիլվուտ թանգարանը, ԱՄՆ-ի եւս երկու թանգարաններու մէջ (Ուոլթըրսի եւ Քլիվլենտի գեղարուեստական թանգարաններ) կը գտնուի երեք հաւկիթ: Մէկ հաւկիթ կը կազմէ Մոնաքոյի Ալպէր արքայազնի հաւաքածոյին զարդը, հինգ հաւկիթներ հանգրուանած են մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ եւ մէկ հաւկիթ Մոսկուայի Հանքաբանական թանգարանին մէջ: Հաւկիթներ կան նաեւ Էրմիթաժի մէջ: Մնացած կայսերական հաւկիթները կը նկատուին կորսուած եւ այսօր յայտնի են միայն նկարագրութիւններով եւ հին լուսանկարներով:

Քրեմլինի զինապալատ տարուելէն ետք հաւկիթներու կայսերական հաւաքածոն հոն պահուած է մինչեւ 1930 թուականը, յետոյ Ստալինի կողմէ սկսած է Խորհրդային Ռուսաստանի մշակութային ժառանգութեան մեծածախ գիներով վաճառքը՝ միջոցներու հայթայթման նպատակով։ Այդ ձեւով վաճառուած են 14 հաւկիթներ, սակայն զարմանալի ցած գիներով՝ 400 ամերիկեան տոլարէն պակաս։ Քրեմլինի մէջ պահուած հաւկիթներէն ետք երկրորդ ամենամեծ հաւաքածոն դարձած է նիւեորքցի մեծատուն Ֆորպս Մալքոլմի մասնաւոր հաւաքածոն, ուր 11 կայսերական հաւկիթ կայ եւ չորս անհատական պատուիրուած նմոյշ:

ՖԱՊԵՐԺԷԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

2004 թուականին Ֆորպսի ժառանգները հաւկիթները վաճառքի հանեցին եւ ռուս հայրենասէր դրամատէր Վիքթոր Վեքսելպերկ ամբողջ հաւաքածոն գնեց եւ վերադարձուց հաւկիթներուն պատմական հայրենիքը: 2013 թուականէն ի վեր անոր հաւաքածոն կը ցուցադրուի Սեն Փեթերսպուրկի Ֆապերժէի թանգարանին մէջ։ Այս մէկը ռուսական ժամանակակից լաւագոյն թանգարաններէն է, որ տեղակայուած է 19-րդ դարու պալատի մը մէջ. հոն կը ցուցադրուին 19-20-րդ դարերու ռուսական ոսկերչական եւ զարդական-կիրառական արուեստի նմոյշներ, սրբապատկերներ, իւղաներկ գործեր, բայց ամենաթանկարժէք նմոյշները, անշուշտ, Ֆապերժէի կայսերական հաւկիթներն են: Ցուցադրուող ոսկեայ եւ արծաթեայ սպասքին, իրերուն եւ զարդերուն մեծ մասը կրկին պատրաստուած է Ֆապերժէի ընկերութեան մէջ: Ի դէպ, թանգարանը գնած է եւ կը ցուցադրէ նաեւ Ֆապերժէի մրցակից ընկերութիւններու պատրաստած հաւկիթներ, որոնք բնօրինակ հաւկիթներուն կրկնօրինակումներն են:

Օրին կայսերական հաւկիթներուն համբաւը այնքան մեծ էր, որ Ֆապերժէի ընկերութիւնը անհատական պատուէրներ եւս կը կատարէր: Յայտնի է այդպէս շինուած ութ հաւկիթ: Ճիշդ է՝ ոչ այնքան շքեղ են, որքան՝ կայսերական հաւկիթները, սակայն անոնք նոյնպէս այսօր արժէք կը ներկայացնեն:

Կայսերական պատուէրներէն զատ, մնացած հաւկիթներուն համար ոսկերիչները յատուկ փաստաթուղթեր չեն կազմած: Անոնցմէ մէկն ալ Քելխի աքաղաղ (շանտեկլէր) հաւկիթն է, որ ռուս արդիւնաբերող Ալեքսանդր Քելխի պատուէրով Ֆապերժէի ընկերութիւնը պատրաստած է 1904 թուականին՝ դեղին, կանաչ եւ կարմիր ոսկիով: Հաւկիթը պատուած է ադամանդներով եւ այլ թանկարժէք քարերով, անոր ներսը պահուող անակնկալը աքաղաղ-ժամացոյցն է, որ ժամը մէյ մը դուրս կ՚ելլէ եւ կ՚ազդարարէ ժամը:

Ալեքսանդր Քելխ Զատկի տօնին ոսկերչական հաւկիթը նուիրած է իր կնոջ՝ Վարվառա Քէլխին։ Անիկա ալ Ռուսաստանէն դուրս տարուած է եւ Վիքթոր Վեքսելպերկ նոյնպէս գնած եւ վերադարձուած է զայն:

ԿԵՂԾՈՒՄՆԵՐ

140 տարուան ընթացքին Ֆապերժէի հաւկիթները բազմիցս կրկնօրինակուած եւ նմանակուած են, սակայն նաեւ կեղծուած են: Յայտնուած են անհատներ, որոնք նոյնքան վարպետօրէն պատրաստած են կայսերական հաւկիթները եւ զայն ներկայացուցած իբրեւ Ֆապերժէի գործ: Մասնագէտները զանոնք նոյնպէս արժէքաւոր նկատած են, քանի որ բացառիկ տաղանդով կատարուած կեղծումներու արդիւնքին ստացուած են ոսկերչական արուեստի գլուխ-գործոցներ: Սակայն լաւագոյն մասնագէտները վարպետացած են իրականն ու կեղծը զանազանելու գործին մէջ:

1990-ական թուականներուն Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանը կազմակերպած էր ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուած էին բացառապէս Ֆապերժէի կրկնօրինակներն ու կեղծումները: Այսօր ալ աշխարհի մէջ շատ ընկերութիւններ կ՚արտադրեն նմանօրինակ հաւկիթներ:

Ֆապերժէի հաւկիթը դարձած է մանր ու մեծ վաճառքի առարկայ, բայց հնագոյն կայսերական դրոշմը եւ հաւկիթին մէջ պահուող իմաստալից անակնկալը ոչ մէկ ընկերութիւն յաջողած է կրկնօրինակել:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022