ԱՂՕԹՔ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ

Ննջեցեալները աւելի շատ ունին մեր աղօթքներու կարիքը, քան ողջերն ու հիւանդները: Հոգին չի մահանար, այն կը շարունակէ ապրիլ: Մենք մեր սիրելիներէն, հարազատներէն կը բաժնուինք ժամանակաւոր: Անոնք կ՚երթան, մենք կը մնանք: Եւ մեր պարտքն է, մեր կենդանութեան օրօք մշտապէս վառ պահել անոնց յիշատակը եւ աղօթել վերջիններուս հոգիներու փրկութեան համար:

Վերջերս երազիս մէջ յաճախ կը տեսնեմ իմ Իզապելլա մեծ մայրը: Ան մշտապէս մեկուսացուած է, լքուած ու մոռցուած ամէնքիս կողմէ: Մենք՝ տարուած առօրեայ հոգերով ու զուարճանքներով, կարծես կը մոռնանք անոր գոյութեան մասին, նոյնիսկ կը մոռնանք՝ այսօր ճաշ կերաւ, թէ ոչ: Ան երբեք չի խօսիր: Լեզուին փոխարէն կը խօսի անոր տխուր ու սպասող հայեացքը: Բանի մը կը սպասէ: Կ՚ուզէ, որ մենք նախաձեռնենք ինչ-որ բան: Ան երբեք զգալ չի տար իր ներկայութեան մասին: Սակայն հանդիպելով իմ սիրասուն տատիկի խօսուն ու տրտում հայեացքին՝ կը սուզուիս, կը խեղդուիս սեփական մեղքերու, անուշադրութեան ծովուն մէջ:

Օրեր առաջ մեռելոց էր՝ ննջեցեալներու յիշատակի օրը: Որպէս քրիստոնեայ երկիր, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այդ օրը պէտք է, որ ըլլայ ոչ-աշխատանքային: Տարիներ առաջ այդպէս էր: Այսօր, աւա՜ղ, բարքերը փոխուեցան, ի շահ խաւարի: Մեզմէ իւրաքանչիւրի պարտքն էր մեռելոցին երթալ եկեղեցի, յիշել մեր բոլոր հանգուցեալները, աղօթել անոնց հոգիներու փրկութեան ու հանգստութեան համար, այցելել գերեզմաններուն: Լաւագոյնս գիտեմ իմ պարտականութիւններու մասին, սակայն այդպէս չվարուեցայ: Մինչդեռ իմ սիրելիները կը սպասէին իմ աղօթքներուն՝ թերեւս ամենէն շատն ալ մեծ մայրս:

Ի՞նչ է մահը. մահը ժամանակաւոր ֆիզիքական բաժանում մըն է: Մահուընէ վերջ կեանքը կը շարունակէ ոչ միայն ողջերու, այլեւ երկրային կեանքէն բաժնուածներու համար: Անոնց հոգիները կը շարունակեն ապրիլ: Երկրային կեանքին աչքերը գոցելէ վերջ, մարդ մարդու կարիքը կը զգայ աւելի շատ:

Յաճախ մենք մեզ կը բռնենք այն մտքի վրայ, թէ ի՞նչ կրնանք ընել այլեւս մահացածներու համար՝ աղօթել, շատ ու շատ աղօթել: Քանզի ննջեցեալները օդ ու ջուրի պէս կը զգան, կարօտ են մեր աղօթքներուն: Հրաժեշտէ վերջ մենք աւելի շատ կրնանք անոնց օգտակար ըլլալ, քան կենդանութեան օրօք, սակայն կը զլանանք, կամ տեղեակ չենք ըլլար մեր ընելիքներու մասին:

Իսկ ինչպէս կրնանք ճիշդ աղօթել մեր սիրելիներու, մեզի համար թանկ հոգիներու համար: Զոր օրինակ՝ այսպէս. «Տէր Յիսուս Քրիստոս, որդի Աստուծոյ, ողորմեա՛ «այսինչ մարդուն» դատաստանի օրը եւ գթա՛ անոր Քու արարչական սիրով»:

Այժմ ալ մանրամասնութիւններ այն մասին, թէ ինչո՞ւ մենք պէտք է ու պարտաւոր ենք աղօթելու ննջեցեալներու հոգիներու հանգստութեան համար:

-Հա՛յր, դատապարտուած ննջեցեալները կրնա՞ն աղօթել:

-Անոնք ուշքի կու գան եւ կը խնդրեն օգնութիւն: Սակայն այլեւս չեն կրնար իրենք իրենց օգնել: Դժոխքի մէջ գտնուողները Քրիստոսէ կ՚ուզեն միայն մէկ բան, որպէսզի իրենց տար հինգ րոպէ երկրային կեանք մը ապաշխարելու համար: Մենք, երկրի վրայ ապրողներս ունինք ժամանակ ապաշխարութեան համար, իսկ խեղճ ննջեցեալները այլեւս չեն կրնար բարելաւել իրենց վիճակը եւ մեզմէ կ՚ակնկալեն օգնութիւն: Այդ իսկ պատճառով մենք պարտաւոր ենք անոնց օգնել մեր աղօթքներով:

Իմ միտքը կը յուշէ, թէ դատապարտեալ ննջեցեալներու միայն տասն տոկոսը կը գտնուի դիւական վիճակի մը մէջ՝ դեւերու պէս կը հայհոյէ Տիրոջը դժոխքի մէջ: Այդ հոգիները ոչ միայն օգնութիւն չեն խնդրեր, այլեւ չեն ընդունիր զայն: Անոնց ինչի՞ն է պէտք օգնութիւնը: Աստուած ի՞նչ կրնայ ընել անոնց համար:

Խորհեցէք՝ զաւակը կը հեռանայ հայրական տունէն, ողջ ունեցուածքը կը մսխէ, եւ այդ ամէնի հետ մէկտեղ, տակաւին ամենավերջին բառերով կը հայհոյէ իր հօրը: Է՜հ, այդ պարագային հայրն ինչպէս կրնայ օգնել իր որդիին:

Սակայն դժոխքի մէջ գտնուող միւս դատապարտուածները, որոնք ունին թէկուզ պզտիկ մը բարեպաշտութիւն, կը զգան իրենց մեղքը, կը զղջան ու կը տառապին իրենց մեղքերու համար: Անոնք կ՚աղերսեն օգնութիւն եւ զգալի օգնութիւն կը ստանան հաւատացեալներու աղօթքներէն: Այսինքն՝ Աստուած այժմ այդ դատապարտուած մարդոց կ՚ընձեռէ օգնութիւն ստանալու բարենպաստ հնարաւորութիւն՝ մինչեւ երկրորդ գալուստը:

Երկրային կեանքի մէջ թագաւորի մերձաւորը կրնայ որեւէ դատապարտուածի օգնելու համար բարեխօսել անոր դիմաց: Այդ ձեւով ալ, եթէ մարդ Աստուծոյ «ընկերն» է, ապա իր աղօթքով կրնայ խնդրել Տիրոջմէ եւ այդպէսով դատապարտուած ննջեցեալը մէկ «զնտանէն» տեղափոխել ուրիշ մը, առաւել լաւ ու յարմարաւէտ տեղ մը: Ան նոյնիսկ կրնայ հասնիլ այն կէտին, որ ննջեցեալը «բանտախուցէն» տեղափոխեն ինչ-որ «սենեակ» կամ «բնակարան»:

Այնպէս, ինչպէս բանտարկեալներուն այցելած ատեն կը տանին զովացուցիչ ըմպելիքներ եւ այլն, թեթեւցնելով անոնց տառապանքը, այդպէս ալ հոգիի հանգստութեան համար կատարած մեր աղօթքներով ու ողորմութիւններով կը թեթեւցնենք ննջեցեալներու տառապանքը: Երկրորդ գալուստէն առաջ Աստուած օգնութեան վերջին հնարաւորութիւնը կու տայ ննջեցեալներուն՝ ողջերու կողմէ կատարուող աղօթքներու ու հոգեհանգստեան կարգերու միջոցաւ: Վերջնական դատաստանէն յետոյ անոնք այլեւս պիտի չունենան հնարաւորութիւն օգնութիւն ստանալու:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի...

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022