ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Անգլիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար սըր Ստեֆըն Լովկրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց անվտանգային իրավիճակը Հարաւային Կովկասէ ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը՝ տարածաշրջանի անվտանգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։ Գրիգորեան եւ Լովկրով քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր։

Լոնտոնի մէջ Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ նաեւ Անգլիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թիմ Լոութընի հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022