ՄԵՌՆՈՂ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք հայութեան մէջ գոյութիւն ունէր խաւ մը, որ կը հաւատար, թէ բնութեան օրէնքին համաձայն անձրեւին պիտի յաջորդէ խաղաղութեան ծիածանը եւ եղեռնի այդ տառապանքն ու դժուարութիւնը ապրող մեր ժողովուրդը շա՛տ աւելի ամուր ձեւով պիտի կազմակերպուէր ու զօրանար: Այդ խաւը կը հաւատար, որ ստեղծուած սփիւռքի մէջ, հողի կարօտէն մղուած մարդիկ պիտի սկսին ա՛լ աւելի հայերէն խօսիլ ու կապուածութիւնը ամրապնդել մայր լեզուի նկատմամբ. բախտաւորութիւնը ունին այսօր, որ չե՛ն տեսներ:

Մեծ եղեռնէն տարի մը ետք՝ 1916 թուականին (106 տարիներ առաջ) Սուրէն Պարթեւեան անուն լաւատես հայ մը Գահիրէի մէջ կը սկսի հրատարակել «Անապատին Յուշարձան» պարբերականը, որուն «Ձայն բարբառոյ» խորագրեալ յառաջաբանին մէջ հետեւեալ լաւատես տողերը կը գրէ.-

«Հայ գրականութեան վերապահուած է մեր ազգային բարոյական ինքնապահպանումի գործին վաղուան գլխաւոր դերերէն մին: Լաւատեսութիւնը ո՛չ միայն ներելի, այլ անհրաժեշտ է այսօր մեզի համար, կարենալու համար տոկալ այն աղէտներուն, որոնք մեր հայրենի զանգուածը կոտրակեցին: Այն տեսլապաշտ ու ինքնամոռաց ոգին, որով Հայութիւնը նետուեցաւ համամարդկային-ազատագրական գերագոյն պատարագին, չէ պղտորած անշուշտ իր յստակութիւնը, որպէսզի ան անձնատուր ըլլար անխափանն ու անվրէպ հնարաւորութիւններով ժպտուն հեռապատկերներու: Յամենայն դէպս, վարկածներու լաւագոյնն իսկ մեզ չի կրնար ետ կեցնել մտածելէ, թէ Հայ լեզուն, Հայ գրականութիւնը, Հայ մշակոյթն ամենէն ստոյգ ու հաստատուն կռուանը պիտի կազմեն վաղը հայուն ազգային ինքնութեան անվթար ու բեղմնաւոր յաւերժացումին»:

Է՜հ ողորմած Սուրէն, ո՞վ պիտի չուզէր, որ իրականութիւնը գեղեցիկ ըլլար այնքան՝ ինչքան օգտագործած բառերդ են. լաւատեսութեան ո՞ր դեղն էր օգտագործածդ չեմ գիտեր, սակայն պարզ է որ «ամենէն ստոյգ ու հաստատուն» կռուանը չկրցաւ կատարել ա՛յն պարտաւորութիւնը, որով կը խոստանար անվթար եւ բեղմնաւոր յաւերժացում տալ ազգային ինքնութեան: Ձեր ակնարկած ժպտուն հեռանկարը երբե՛ք ալ չժպտաց եւ մենք «Մոնա Լիզա»յի նկարը վերլուծողի մը պէս փորձեցինք վերլուծել կը ժպտի՞ թէ կու լայ:

Յարգելի Սուրէն, լաւատեսութեան մե՛նք ալ կողմնակից ենք, սակայն երբ ճշմարտութիւնը կու գայ ոտնակոխ ընելու ա՛յն լաւատեսութիւնը, որու յոյսովը կ՚ապրինք, այդ մէկը կը վերածուի ստորադասութեան, որովհետեւ կործանած է այն ազգը, որ մեռած լաւատեսութեամբ մը կը փորձէ առաջնորդուիլ: Մեր այսօրուան լաւատեսութիւնը ուրիշ բան մը չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ արիւնող վէրքի հագուստով ծածկել՝ պարզապէս որ չտեսնուի:

Եւ որպէսզի գիտնաք «ամենէն ստոյգ ու հաստատուն» կռուանին այսօրուան վիճակը՝ հետեւեալը ըսեմ. երէկ գիշեր համացանցի վրայ հաղորդավար մը ունկնդիրներու հետ կը խօսէր հայապահպանման մասին. ունկնդիրներ զանգելով կը յայտնէին իրենց կարծիքը:

Հաղորդավարը կը հարցնէ.-

-Հայապահպանման համար դուք ի՞նչ կ՚ընէք:

Միջին տարիքով կին մը, ամենայն հպարտութեամբ կը պատասխանէ.-

-Տունին մէջ հայերէն կը խօսինք. երկու հատ թոռնիկ ունիմ, մամանին արաբ է, բայց հայկական դպրոց կ՚երթան. իրենք ալ հայերէն կը խօսին: Նոյնիսկ օտարներ մեզ կ՚այպանէին որ զաւակներս այնքան ալ լաւ օտար լեզու չեն գիտեր: Անուննին ալ հայկական անուն է՝ մէկ հատը Արտաշէս է, բայց արաբները Արտօ կ՚ըսեն:

-Կեցցե՛ս դուն,- կ՚ըսէ հաղորդավարը.- եւ իր հայապահպանութեանը համար ունկնդիրը կը գնահատէ որպէս գերազանց:

Տասնեակ ունկնդիրներ նման պատասխաններ տուին ու զարմանքս ա՛յն էր, որ ամենէն բնական բանը՝ հայուն հայերէն խօսիլը, հայուն հայկական անուն ունենալը սկսած է սովորական դառնալ. յիսուն տարիներ առաջ հայ մը երբ անգլերէն խօսէր կը զարմանային, որ զարգացա՜ծ է. այսօր սկսած ենք զարմանալ երբ հայը՝ հայերէն խօսի: Անցեալին կը զարմանային, երբ հայուն օտար անուն տրուէր. այսօր կը զարմանան, երբ հայուն հայկական անուն տրուի:

Այն աղէտները, որուն յիշատակումը կ՚ընէք «հայրենի զանգուածը կոտրակեցին» տողերով, անոր քառապատիկը այսօր կը կատարուի մեր իսկ ձեռքով: Ապագային լաւատեսութեամբ նայող ձեր երազած հայորդիները իրե՛նք իրենց ձեռքով սեւով կը ներկեն այն հեռանկարը, որ լուսաւոր պարտի ըլլալ:

Կը յիշէք, թէ հայ գրականութեան տրուած է գլխաւոր դեր՝ ազգային բարոյական ինքնապահպանումի գործին մէջ. այդ ձեր երազած գրականութիւնները այսօր այս կամ այն գրադարաններուն մէջ բանտարկուած կը մնան՝ կարօտ ընթերցողներու. գրականութիւնը այսօր ինքզինք դժուար կը պահէ... ո՜ւր մնաց ազգային բարոյականութեան ինքնապահպանման սիւն հանդիսանայ:

Գուցէ այսօր ողջ ըլլայիր, 106 տարի առաջուան գրածիդ համար «մեղայական» մը գրէիր, որովհետեւ այդ գրութեանդ նպատակը իտէալական է ու անհրաժեշտ՝ մեր հայապահպանման համար, սակայն ճշմարտութիւնը այդ անուշ խօսքերէն չի՛ խաբուիր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
(1676-1749)

Մեր թուականէն 273 տարիներ առաջ՝ 27 ապրիլ 1749-ին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ մահացած է եկեղեցական գործիչ, հայագէտ եւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացի (աւազանի անունով՝ Մանուկ):

Մխիթար Սեբաստացի ծնած է 7 փետրուար 1676-ին, Սեբաստիոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Սուրբ Նշան վանքին մէջ, ուրկէ դուրս գալով յաջորդաբար անցած է Էջմիածինի, Սեւանի եւ Կարինի վանքերէն:

Մխիթար Սեբաստացի 1693 թուականին մեկնած է Հալէպ, ուր ծանօթացած է Կաթոլիկ ներկայացուցիչներու հետ եւ երեք տարիներ ետք՝ 1696 թուականին ստացած է կուսակրօն քահանայութեան օծում: Օծումէն երեք տարիներ ետք՝ 1699 թուականին Սեբաստացի ստացած է վարդապետութեան աստիճան եւ հաստատուելով Պոլիս 1701 թուականին հիմնած է Մխիթարեան միաբանութիւնը: Որոշ տարիներ միաբանութիւնը Պոլսոյ մէջ գործելէ ետք 1715 թուականին Պոլիսէն տեղափոխուած է Վենետիկ, ուր իրենց շնորհուած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզին: Այդ կղզիին վրայ Սեբաստացի կառուցած է դպրոց, եկեղեցի եւ վանք եւ սկսած է պատրաստել նոր գործիչներ, որոնցմէ շատեր յետագային դարձած են յայտնի դէմքեր:

Սուրբ Ղազարի մէջ Սեբաստացի զբաղած է գրականութեամբ եւ մատենագիտական աշխատանքներով. կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, կատարած է թարգմանութիւններ եւ մեծ նպաստ ունեցած է դասագիրքերու պատրաստման գործին մէջ: Ան եղած է առաջին աշխարհաբար քերականութեան դասագիրք պատրաստողը, որ կոչուած է «Դուռն քերականութեան աշխարհաբար լեզուին հայոց»: Այս աշխատութեան յաջորդած է գրաբարի դասագիրք՝ «Քերականութիւն գրաբար լեզուի հայկազեան սեռի» խորագրով:

Հայագէտի ամենէն կարեւոր գործերէն մէկն է երկու հատորներէ բաղկացած «Բառգիրք հայկազեան լեզուի» բառարանային աշխատութիւնը: Անոր ամենէն կարեւոր գործերէն մէկն է նաեւ ձեռագրերու համեմատութեամբ հրատարակած Աստուածաշունչը:

Սեբաստացիի մահէն ետք ի յիշատակ իր անձնուէր ծառայութեան՝ միաբանութիւնը կոչուած է Մխիթարեան։ Այսօր Սուրբ Ղազարի իր գրադարանը ունի աւելի քան 5 հազար ձեռագիր եւ 100 հազար տպագիր հրատարակութիւններ, որոնք արժէքաւոր գանձեր են:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022