ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ. ՏԱԿԱՒԻՆ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ

Մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ծիծաղելի է, բայց փաստ է իրաւ» համերգը՝ կատարողութեամբ Վահան Արծրունիի՝ կատարում եւ կիթառ, Նելլի Մանուկեանի՝ ֆլուտա եւ համերագային ծրագիրին յատուկ հիւր՝ դաշնակահար Մատաթ Աւանեսովի:

Համերգին ընթացքին հնչեցին Վահան Արծրունիին երգերը, որոնք գրուած են Կոմիտաս Վարդապետի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ: Բացի երգային կատարումներէն, արուեստագէտները ներկայ հանդիսատեսին ներկայացուցին նաեւ գործիքային ստեղծագործութիւններ կիթառի եւ ֆլուտայի համար մշակուած:

Համերգը ընթացաւ շա՜տ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, ուր արուեստագէտներուն եւ հանդիսատեսներուն փոխկապակցութիւնը կը կայանար անոր մէջ, որ կարծէք հանդիսատեսը կը ստանար այն՝ ինչին համար յայտնուած էր համերգասրահէն ներս, իսկ արուեստագէտները հասկնալով այդ ամէն ինչը, իրենց անմիջական եւ հարազատ կատարումով, ուղղակիօրէն կը խօսէին ո՛չ միայն հանդիսատեսներու միտքին, այլեւ՝ հոգիին հետ:

Վերջին տարիներուն իրադարձութիւնները՝ թագաժահրին պատճառած ահռելի սահմանափակումները եւ կեանքի ոչ-բնականոն ընթացք մը ստեղծելը, ապա վերջին պատերազմին պատճառած բարոյահոգեբանական հիասթափութիւնը եւ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին ստեղծուած անորոշութիւնն ու քաղաքացիներուն մեծամասնութեան անորոշութիւնը պետութեան եւ պետականութեան գոյատեւման հարցին մասին, դէպի մութ ու անել իրավիճակի մը հասցուցած էին մեզմէ շատերը, ինչ բանէն դուրս գալը շատ դժուար եղաւ շատերու համար:

Ուրախալի էր իմանալ, որ Վահան Արծրունին 27 ապրիլին հանդէս պիտի գար համերգով մը: Մասնակցելու կամ չմասնակցելու հանգամանքը բաւականին հետաքրքրական անցաւ, որովհետեւ փափաքը կար մասնակցելու, բայց կամքէ անկախ պատճառներով որոշ արգելքներ եկան խաթարելու մասնակցութիւնս սոյն համերգին, բայց վերջին օրը յաղթահարելով այդ արգելքները, տիկնոջս եւ մեծ զաւակիս հետ մենք ալ խռնուեցանք համերգասրահէն ներս հաւաքուած հանդիսատեսներու շարքերուն մէջ:

Այստեղ շատ պիտի չանդրադառնամ համերգի ժամանակ ունեցած ապրումներուս ու յոյզերուս, վստահ ըլլալով, որ անոնք անհունութեան մէջ տեղ մը անպայմանօրէն կը հանդիպին ու կը բարեւեն յարգարժան Վահան Արծրունիի ապրումներուն եւ յոյզերուն հետ, եւ պէտք եղածը այնտեղ կը փոխանցեն: Այստեղ, պարզապէս կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել յարգարժան եւ վաստակաշատ արուեստագէտներուն, իրենց պարգեւած այդ՝ շուրջ երկու ժամ տեւող ջերմ մթնոլորտին համար: Մթնոլորտ մը, որ շատերու համար բալասան կրնայ դառնալ, եթէ գտնեն այդ մթնոլորտին հաղորդակցելու կերպն ու գաղտնիքը, որ կը կայանայ անմիջականութեան ու պարզութեան մէջ:

Շեփորային թող չի՛ հնչէ, եթէ ըսեմ, որ շնորհիւ Վահան Արծրունիին եւ իր նմաններուն, որոնք ո՛չ միայն կը զգան անմիջականութիւնը Կոմիտասներու եւ Դաւոյեաններու, որոնք ո՛չ միայն յաջողած են ներթափանցել Կոմիտասներու եւ Դաւոյեաններու մարգարէաշունչ ոգիին, այլ՝ այդ բոլորը կեանքի կոչելով, իրենց հերթին կը փորձեն զայն փոխանցել այսօրուան հանրութեան, գալիք նոր սերունդներուն: Միայն Կոմիտասներու եւ Դաւոյեաններու ոգին կրողներն են, որոնք այս քաջութիւնը ունին, նման պարզութեամբ եւ անմիջականութեամբ, այդ հսկայական ժառանգը անցեալէն ներկային բերելով՝ հրամցնել այսօրուան հայուն, ու այդպիսով ճանապարհ բանալով դէպի ապագայ, դէպի՝ «բնականոն կեանք»:

Այս արտայայտութիւնը յարգելի Վահանը օգտագործեց համերգի վերջին ելոյթը ունենալէ առաջ:

Սիրելի՛ Վահան, ձեր եւ ձեր նմաններուն ջանքերով հաւատացողն եմ, որ մեր ժողովուրդին կեանքը ո՛չ ուշ ապագային կրնայ իր «բնականոն» վիճակին վերադառնալ:

Կրկին անգամ շնորհակալութիւն այս հիանալի երեկոյին համար։ Ձեր բոլորին վարձքը կատար: Նոր համերգներու սպասումով:

27 ապրիլ 2022, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022