ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ու Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս տեսակցութեան ընթացքին խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Թուզլայի Քամփ-Արմէնի մասին, որու սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած էր Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, որու հովիւը՝ վերապատուելի Աղապալօղլու վերջերս հանրային կարծիքը լուսաբանած էր նախատեսուած շինարարական ընդարձակ ծրագրի մը մասին։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ Աղապալօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Զեքիեան Գերապայծառին բացատրութիւններ տուած է Քամփ-Արմէնի վերակառուցման նախագծին շուրջ՝ խնդրելով անոնց աջակցութիւնը։ Վերապատուելի Աղապալօղլու շեշտեց, որ այդ կառոյցէն առանց խտրութեան պիտի օգտուին հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները։
Հոգեւոր առաջնորդները երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան պատկան իշխանութիւններու վերաբերմունքին շուրջ, որու շնորհիւ հնարաւոր դարձած է Քամփ-Արմէնի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։ Անոնք որոշեցին ապագային նոր հանդիպում մը ունենալ՝ խորհրդակցելու համար Քամփ-Արմէնի պարագային որդեգրուելիք վարչական դրութեան շուրջ, որպէսզի ամէն ինչ ունենայ օրինական հիմք։
Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։