ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻՆ ՄԷՋԷՆ
«Ես հայ եմ»:
«Հայը քրիստոնեայ է»:
«Հայը առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է աշխարհի վրայ»:
Շարքը երկար է…
Բայց ո՞վ եւ որո՞նք են այս արտայայտութիւններուն հեղինակները:
Անոնք ո՛չ մտաւորականներ են, ո՛չ ակադեմականներ, ոչ ալ մասնագիտութիւններու տիրացած մարդիկ: Այս խօսքերուն հեղինակները հայ փոքրիկներ եւ պատանիներ են, որոնք կ՚ապրին սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ:
Հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ եւ քանի մը ամիսներ առիթը ունեցայ մեծերու աշխարհէն փոխադրուիլ փոքրիկներու եւ պատանիներու աշխարհ: Երկար ժամանակէ ի վեր անջատուած էի անոնց հետ հաղորդակցելու ուրախութենէն: Ուրախութիւն կ՚ըսեմ, քանի որ ուրիշ աշխարհ է եղեր մանուկներու հետ ըլլալը: Աստուածաշունչի ընկերութեան հրատարակած «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»ը բաժնելու ատեն առիթ ունեցայ հայկական վարժարաններ այցելելու Լիբանանի, Կիպրոսի, Քուէյթի եւ Տուպայիի մէջ: Յիսուսի վկայութիւնը շատ ճիշդ է. «Եթէ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մատթէոս 18.3):
Այցելութիւններուս մէկ յատկանշական երեւոյթը այն էր, որ առիթը ունեցայ խօսելու պատանիներու հետ: Եթէ մէկ կողմէ հարցումներ ուղղեցի հայուն, անոր պատմութեան եւ Աստուածաշունչին մասին, բայց նոյնքան նաեւ՝ անոնց ազգային ինքնութեան եւ հաւատամքներուն մասին: Այս բոլորը թէ՛ զիս ուրախացուցին եւ թէ՛ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ լիցքաւորեցին՝ մեր ազգային ու հաւաքական կեանքերու ապագային առընչութեամբ:
Հայ մանուկ-պատանին ուշիմ է, արթուն, խելացի, սրամիտ, համարձակ եւ խիզախ: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ պատասխանեցին բոլոր հարցումներուս: Տեսայ հայ մանուկ-պատանին, որ կ՚ուզէ իր սորվածը, գիտցածը եւ տեսակէտը ըսել: Բայց կար աւելին: Հայ երեխան-պատանին կ՚ուզէ իր սորվածը ըսել հպարտութեամբ: «Ես հայ եմ», «քրիստոնեայ» եւ «Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է»: Հանդիպումներս՝ հայ մանուկ-պատանիներուն հետ, ջերմացուցին հոգիս: Այս ջերմութիւնը տարաւ զիս անցեալ, երբ ես ալ կը մեծնայի իրենց նման, եւ քրիստոնէական հաւատքի հպարտութիւնը կեանքիս մէջ բոյն կը շինէր:
Անցնող ամիսներուն իմ հանդիպումներուս ընդմէջէն տեսայ նաեւ իւրայատկութիւններ: Իւրայատուկը մեր հայ մանուկ-պատանիին խիզախութիւնն ու ուշիմութիւնն էր: Տեսայ հայ պատանին, որ արթուն է եւ գիտէ, թէ ինք ո՛վ է եւ ի՛նչ կ՚ուզէ, թէկուզ՝ իր պատանեկան պրիսմակէն: Այս բոլոր իրականութիւններն են, որոնք ինծի լաւատեսութեամբ ներշնչեցին, թէ ունինք հայ նոր հասակ առնող սերունդ մը, որ ուժ է եւ որ ուժ կրնայ դառնալ: Ուժը՝ ոչ ֆիզիքական եւ կամ թիւի հաշուարկով: Ֆիզիքականը եւ թիւը իրենց տեղը եւ կարեւորութիւնը կրնան ունենալ: Ուժը նոյնքան մտաւոր եւ իմացական իմաստով: Ուժը, որ կրնայ շատ բան աւելցնել հայուն արժէքի կեանքին եւ որով կ՚ունենանք նոր սերունդ մը՝ հայ եւ քրիստոնեայ: Այս գործընթացն է, որ պիտի յանդգնինք կոչել ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ: Հայապահպանումը կը շինուի եւ կը կերտուի: Շինուելու եւ կերտուելու այս գործընթացներուն գրաւականը ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւնն է: Դաստիարակութիւն մը, որ հայը կը կերտէ եւ կեանքի մէջ արժէքներ կը շինէ, կը պահէ ու կ՚ապահովէ հայուն պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթը:
Հայապահպանումը հայը հայ պահելու մէջ չէ միայն: Հայապահպանումը կեանք է: Հայը կ՚ապրի իր կեանքը անհատական, ընտանեկան ու, տակաւին, ընդհանրական իրականութիւններու մէջէն: Այս իմաստով հայապահպանումը ինքնամփոփ եւ ինքն իր մէջ ապրուած իրականութիւն մը չէ: Ան կը բացուի շրջապատին ու աշխարհին եւ կը վկայէ, բայց նաեւ իր ներդրումը կ՚ունենայ մէկ կողմէ ներհայկական իմաստով, բայց նոյնքան նաեւ՝ համամարդկային իրականութիւններու մէջէն: Ահա թէ ինչո՛ւ հայապահպանումը արդիւնք է ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան, որ կը շինէ ու կը կերտէ հայը եւ անոր կեանքը իր ամբողջական հասկացողութեան մէջէն:
Այս տարի կ՚ոգեկոչենք Մեծ եղեռնի 107-րդ տարելիցը: Մեծ եղեռնը, որ թէեւ հայուն պատմութիւնը լեցուց ցաւով, ողբերգութեամբ եւ մարդկային, հողային եւ մշակութային ահաւոր կորուստով, բայց եւ այնպէս, չկարողացաւ ընկրկեցնել հայը: Հայուն պատմութիւնը շարունակուեցաւ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի, որովհետեւ հայը հաւատաց, որ ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւնը ամուր հիմքը կը կազմէ իր գոյատեւման: Եթէ հայուն համար Տէր Զօրը եղաւ մէկ կողմէ «մահուան շուքի ձոր», այդ եղաւ նոյնքան նաեւ կեանքի մեկնակէտ:
Հայը Տէր Զօրէն սկսաւ գիտակցիլ, որ իր կեանքը պիտի շարունակէ ապրիլ՝ անկախ իրեն վիճակուած պատմութեան դժուար եւ դժբախտ ճակատագրէն: Հայկական կեանքը ապրելու այս դաստիարակութիւնը սկսաւ նոյնինքն Տէր Զօրէն, անցաւ հիւղաւաններէն եւ մինչեւ այսօր կ՚ապրի սփիւռքեան տարբեր իրականութիւններուն մէջէն: Դաստիարակութիւնը, որ հայը կերտեց, նաեւ սորվեցուց, թէ պէտք է ապրի իբրեւ հայ եւ հայօրէն իր ներդրումը ունենայ ազգային ու համամարդկային ընդհանրական կեանքեր կերտելու առաքելութեան մէջ:
Հայապահպանման հիմքը դաստիարակութիւնն է: Ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որ պիտի կերտէ հայ միտքը, հայ մարդը՝ իր ազգային, մշակութային արժէքներու ինքնութեամբ եւ քրիստոնէական ու հոգեւոր գիտակցութեամբ: Հայ մարդը իր ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու գիտակցութեամբ է, որ պիտի պահպանուի: Հայապահպանումը գործընթաց է, ուր հայը կը մեծնայ եւ կը սորվի իր ազգային ու քրիստոնէական արժէքները: Եթէ սփիւռքի տարածքին հայը շինեց եկեղեցի, բայց նաեւ՝ դպրոց, մամուլ, ակումբ ու տակաւին: Այս բոլորը կը միտէր հայապահպանումի անհրաժեշտութեան եւ մինչեւ այսօր ալ այդպէս է:
Հայապահպանումը միայն սփիւռքեան օրակարգ եւ պարտաւորութիւն չէ: Հայապահպանումը այժմէական եւ կարեւոր է Հայաստանի ու Արցախի համար: Հայերէն սորվիլն ու խօսիլը կարեւոր են, բայց բաւարար չեն: Հայը պիտի սորվի իր ազգային արժէքները եւ պիտի պահէ ու կերտէ զանոնք: Հայրենի իրականութեան համար այս պիտի նշանակէ Հայաստանի եւ Արցախի պետականաշինութիւն՝ քաղաքացիական, ընկերային, ազգային եւ բարոյական արժեչափերով: Պետութիւն կը շինուի, երբ կայ գիտակցութիւնը ազգային, քաղաքացիական եւ բարոյական արժեչափերու: Այս բոլորը կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել, երբ կայ համապատասխան դաստիարակութիւնը:
Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ասդին՝ որքանո՞վ կրցանք պետութիւն հիմնել: Անկախ ու անկախացած պետութիւն ունենալը լաւ է եւ անհրաժեշտութիւն՝ ազգի մը գոյատեւումին համար, բայց այդ բաւարար չէ: Ազգը եւ երկիրը գոյատեւելով չէ, որ կ՚ապրի: Անհրաժեշտ է երկիրը, պետութիւնը եւ պետականութիւնը զարգացնել այնպէս, որ հոն ազգային եւ քաղաքացիական ամուր արժեչափերը տնօրինեն հայ հաւաքական կեանքին: Սխալած պիտի չըլլանք, երբ ըսենք, որ շատ յաջողութիւններ չարձանագրեցինք մեր անկախ պետութիւնը զարգացնելու մարտահրաւէրին մէջ:
Պետութիւն հասկացողութիւնը եթէ մէկ կողմէ պիտի ընդգրկէ կառավարական վարչամեքենան, բայց նոյնքան նաեւ՝ երկիրը եւ իր հաւաքական, ընկերային կեանքերն ու կառոյցները: Հաւաքական կեանքը, ուր ազգային եւ մշակութային արժէքները սակարկելի չեն երբեք: Բարոյական եւ կենցաղային կեանքի գիտակցութիւնը, ուր հայը պիտի սորվի զանազանել ճիշդը սխալէն, վատը լաւէն, բարին չարէն: Պիտի սորվի, թէ կաշառակերութիւնը մեղք է եւ որ երկիր կը քանդէ, թէ կեանքի նկարագիրը պէտք է կերտել քրիստոնէական արժեչափերու վրայ, եւ որուն մէջէն կը շինուին հաւաքականութիւն եւ պետութիւն: Պետականաշինութիւնը այս իմաստով պիտի ընդգրկէ կերտել երկիր՝ իր հաւաքականութեամբ: Երկիր եւ հաւաքականութիւն կերտելու համար պէտք ունինք ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան:
Մեր նախահայրերը, որոնք անցան դժոխքին մէջէն, չբաւարարուեցան միայն ապրելով: Անոնք հաւատացին, որ իրենց այդ դժոխային կեանքի մէջէն պիտի վերապրին եւ վերապրեցնեն հայը: Անոնք հաւատացին հայապահպանումի տեսլականին: Այդ ընելու համար հաւատացին ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան:
Կ՚արժէ այսօր փորձ մը ընել եւ համեմատել ներկայ հայկական իրականութիւնը՝ հայրենի եւ սփիւռքեան իր բոլոր ճգնաժամերով ու մարտահրաւէրներով, եղեռնի եւ տարագիր մեր նախահայրերու ապրած դժուարին օրերուն հետ: Եթէ մեր ներկայի օրերը ունին իրենց իւրայատկութիւնները, բայց կ՚արժէ հարց տալ. «Արդեօք հայուն ապրած եղեռնը աւելի նուա՞զ տագնապալի էր, քան այն, որ մենք այսօր կ՚ապրինք»:
Հայը տոկաց եղեռնէն ետք: Ան ոչ միայն տոկաց, այլ կերտեց ու շինեց հայը եւ հաւատաց հայապահպանումի առաքելութեան: Այս կրցաւ ընել, քանի որ կառչեցաւ ազգային դաստիարակութեան, որ ապահովեց հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը:
Հայը այսօր ալ պարտի ընել նոյնը: Մեր շատ մը դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջէն պիտի տեսնենք, թէ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը իր ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան մէջ է: Դաստիարակութիւն մը, որ հայուն ազգային եւ քրիստոնէական կեանքի արժէքները պիտի կերտէ եւ շինէ: Արժէքներ, որոնք չեն սակարկուիր: Արժէքներ, որոնք պատմութիւնը կը կերտեն եւ կը զարգացնեն:
«Ես հայ եմ»:
«Ես քրիստոնեայ եմ»:
Հայ փոքրիկները եւ պատանիները կը հաւատան այս արժէքին:
Ես ասիկա ոչ միայն լսեցի իրենցմէ, այլ նաեւ տեսայ: Տեսայ իրենց մատղաշ հոգիները եւ հայօրէն տրոփող սրտերը: Այս մատղաշ հոգիները եւ տրոփող հայու սրտերը պէտք է, որ կերտենք եւ շինենք: Իսկ կերտելու եւ շինելու համար պէտք է հաւատանք դաստիարակութեան: Հայապահպանումի դաստիարակութիւնը՝ իր ազգային եւ քաղաքացիական պարունակներուն մէջէն:
Հայապահպանումը՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:
Այս հայապահպանումը եւ անոր դաստիարակութիւնն է, որ հայուն կեանքի պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովեն:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ