ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԻՒՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին քիչ մը լաւատեսութեամբ լեցուելու եւ ազգիս այս դժբախտ վիճակը մոռնալու համար չեմ գիտեր քանիերրորդ անգամ ըլլալով կարդացի Ա. Ե.-ի «Մեռելոց»ը, որուն անունը դժբախտաբար հասկնալի պատճառներով չեմ կրնար այստեղ բարձրաձայնել: Բազմիցս կարդացած ըլլալով հանդերձ այդ ներշնչող աշխատութիւնը աչքէս վրիպած էր առաջին էջին վրայ գրուած հետեւեալ խորիմաստ մէկ տողը.- «Իբր վարձք լքուած եւ քաշքշուած կեանքի հետեւանքով՝ մեռած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ թոքախտով»:

Արժէքներու հանդէպ ի գործ դրուած ապերախտութիւնը մեր մեծագոյն ցաւերէն մէկն է, որուն իբր լուծում մեր ընթերցողներուն «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժինով կը փորձենք ներկայացնել անոնց կեանքը, որոնք յաճախ չեն ստացած ա՛յն արժէքը, որուն արժանի են:

Ա. Ե. պարզապէս մէկն է այն հազարաւորներէն, որոնք ամբողջ կեանք մը անմնացորդ հայ ազգին նուիրելով հանդերձ, իրենց կեանքը ապրած են դժբախտութեան մէջ, որ նիւթականէն աւելի բարոյական երես մը ունի:

Մենք մարդկայնօրէն, այս մէկը ընդունինք թէ ոչ, որպէս արգասիք մեր զոհողութիւններուն կ՚ուզենք յիշուիլ, որովհետեւ մարդկային տկարութիւնն է, որ կը պահանջէ այդ մէկը. այսօր երբ մեր զաւակները կամ ընկերները մեր ըրած բարիքներէն մին ուրանայ՝ կրնանք ամբողջ կեանք մը չխօսիլ եւ գործ չունենալ իր հետ, որովհետեւ ինքնասիրութեան այդ գիծը մեր եսասիրութեան պաշտամունքն է, որ կ՚ընէ: Կ՚ուզենք յիշուիլ, սակայն չեն ուզեր յիշել, որովհետեւ յիշելէն աւելի յիշուիլն է, որ գոհացում կու տայ մարդու ԵՍ-ին:

Վերջերս աչքէ կ՚անցընէի 1903 թուականի Ա. Պալեանի կողմէ Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Ժողովուրդ» ամսագիրը, որուն Ա. թիւի 13-րդ էջին մէջ խմբագիրը խօսելով եգիպտահայ գաղութի կեանքի մասին երախտագիտութեամբ կը յիշէ անուն մը.

«...Նորընտիր Ատենապետ Ազնուաշուք Մարկոսօֆ Պէյ, այն յաւէտ անմոռանալի չարաղէտ տարիներուն մէջ Գահիրէի մայթերուն վրայ ինկած խեղճ եւ անոք գաղթականներուն կողմէ այնքան քաջ ուսումնասիրուած է, որ աւելորդ կը համարինք իր ազգասիրական եւ բարեգործական զգացումներն ի վեր հանելու որեւէ ճիգ մը... ինչ որ կրցաւ ընել՝  չզլացաւ եւ հո՛ն ուր անկարողութեան մատնուեցաւ՝ անկեղծօրէն վշտակցեցաւ: Փառք իրեն եւ իր նմաններուն»:

Ու հիմա այդ հրատարակութենէն 119 տարիներ ետք կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ համար պատմութիւնը զլացաւ մեզ ծանօթացնել Մարկոսօֆ Պէյը, որ Մարկոս անունով հայ մը ըլլալէ տարբեր մէկը պէտք չէր որ ըլլար. Ապերախտ պատմութիւնը, որ մեզի փոխանցեց Նուպար Փաշա կամ Մանթաշեան մը, ինչո՞ւ չկրցաւ յիշել Մարկոսօֆի նմանները, որոնք իրենց հարստութեամբ հանգիստ կեանք մը վայելելու փոխարէն նախընտրեցին մարդասիրականը:

Վերջերս գրութիւններէս մէկուն մէջ յիշատակած էի գրողի մը յօդուածի տողերը. նշած էի թերթի անունը, էջն ու խորագիրը, սակայն անարդարօրէն զլացած էի յիշել հեղինակին անունը. շաբաթ մը ետք հեղինակէն արդարացի բողոքի նամակ մը ստացայ: Իրաւունք ունէ՞ր. այո՛: Իսկ այս իրաւունքին դիմաց նժարի վրայ դրէք ամբողջ կեանքը մեր ապերախտ ազգին նուիրաբերուած կեանք մը, որ իրաւունք ունի շա՛տ աւելին պահանջելու, սակայն անանուն, շատ անգամ նոյնի՛սկ անգերեզման դատապարտուած կը մնան առյաւէտ մոռցուելու:

Քիչ է այն մարդոց թիւը, որոնք իրենց կեանքը անցուցած են իրենց ծառայութեանց ապերախտ վաստակին մէջ տառապելով եւ ամենէն ահաւոր զգացումներէն մէկն է մոռացումը:

Ամէն անգամ նման նիւթի մասին մտածելով կը յիշեմ տասնամեակներ առաջ Գրիգոր Զօհրապի հաւանաբար ջղայնութեան մէկ պահուն թուղթին յանձնած հետեւեալ տողերը. «ի՜նչ ապերախտ մարդիկ ենք աս Հայերս». Գրիգոր Զօհրապէն այսօր փոխուած է միա՛յն թուականն ու արժէքները. հայը նո՛յն ապերախտ հայն է՝ հաւանաբար քիչ մըն ալ աւելի:

Ապերախտութիւնը մեր արեան մէջ է՝ ինչպէս մեր հայութիւնը. մենք ա՛յն ազգն ենք, որ պառաւ մայրերը ծերանոց կը դնենք, սակայն երբեւէ չե՛նք ուզեր ծերանոց դրուիլ մեր զաւակներուն կողմէ. ապերախտութեամբ կ՚ուրանանք ուրիշինը, սակայն երբեք չենք ուզեր որ ուրիշներ մեզի հանդէպ ընեն այն՝ ինչ որ մենք կ՚ընենք ուրիշներուն:

Պահ մը այդ նուիրեալներուն տեղ ե՛ս է որ կը մտածեմ. «կ՚արժէ՞ր այս բոլորը ընել այս ազգին համար». մեր մոռցուած արժէքներուն ըրածներուն մէկ առ հարիւրը ընողներ օտար երկիրներու մէջ կը յիշուին որպէս հերոսներ, մինչ մենք... սովոր ենք անոնց դիակներուն կողքին թաղել նաեւ անոնց վաստակը:

Մենք հիմա է, որ կը յիշենք Եղիշէ Չարենցը, Պարոյր Սեւակը, Համաստեղը, Աւետիս Ահարոնեանն ու նմանները, որոնք երկու դար ետք մեծ հաւանականութեամբ պատմութեան էջերուն մէջ յիշուող տիպարներ պիտի ըլլան՝ ինչպէս միւսները:

Պէտք է համոզուինք, թէ մեր ազգը հարուստ է արժէքներով. տարուան 365 օրերուն համար կը պատրաստենք «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր». կը պատահի որ նոյն օրը ծնած կամ մահացած կ՚ըլլան չորս-հինգէ աւելի արժէքներ։ Կրնա՞ք ցոյց տալ ազգ մը՝ որ ունենայ գրողներ, նկարիչներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ ու հերոսներ՝ քան հայ ժողովուրդը:

Մեր ունեցած ապերախտութեան ի պատասխան տրուած լաւագոյն խօսքերը գրած է Պետրոս Դուրեան՝ «Իմ մահը» բանաստեղծութեան մէջ. բանաստեղծը իր ամբողջ տողերուն մէջ կ՚ըսէ, թէ ինչ ալ որ պատահի՝ ինք կը մնայ կենդանի եւ կը մահանայ միա՛յն այն ատեն՝ եթէ աննշան մնայ իր գերեզմանն ու յիշատակը թառամի. «Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ», կ՚ըսէ բանաստեղծը:

Այս խօսքերուն լոյսին տակ, այսօր իւրաքանչիւրս ոճրագործներ ենք՝ որ մեր անտարբերութեամբ ու ապերախտութեամբ երկրորդ անգամ ըլլալով կը սպաննենք այն բոլորը՝ որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են եւ որպէս ընծայ նուիրաբերած են մեր ժողովուրդի զաւակներու բարօրութեան համար:

Անիծուած է ա՛յն ազգը, որ կ՚անտեսէ իր արժէքները եւ այդ բոլորը կը փոխարինէ նորերով՝ որոնք անարժէք ըլլալէ ուրիշ բան մը չեն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
(1855-1918)

Մեր թուականէն 167 տարիներ առաջ՝ 29 ապրիլ 1855-ին Շուշիի մէջ ծնած է գրող, լրագրող, արձակագիր եւ պետական գործիչ Համբարձում Առաքելեան:

Առաքելեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Տասը տարեկան հասակին մեկնած է Թաւրիզ, ուր ուսումը ստացած է հայկաբան Սամուէլ Գիւլզադեանի մօտ։ 1878 թուականին անցած է Պաքու, ուր որոշ ժամանակ մարմնակրթական հաստատութենէն ներս ուսում ստանալէ ետք ընդունուած է գիւղատնտեսութեան ճեմարան:

Երիտասարդ տարիքէն Առաքելեան սկսած է աշխատակցիլ Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսնող «Մեղու Հայաստանի» եւ «Մշակ» պարբերականներուն: Ան յաճախ իր անունին կողքին օգտագործած է «Ա.», «Առաք», «Շահրիար», «Պանդուխտ» գրչանունները: Նոյն տարիներուն նշանակուած է Արցախի երկսեռ վարժարանի տեսուչ, ուր հիմնած է Կովկասահայ բարեգործական ընկերութեան անդրանիկ մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ ընթերցարան մը:

«Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի մահէն ետք ստանձնած է «Մշակ»ի խմբագրութեան պաշտօնը՝ բանաստեղծ ու խմբագիր Ալեքսանդր Քալանթարի հետ միասին:

Խմբագրապետութեան ու ուսուցչութեան պաշտօններուն կողքին Առաքելեան ստանձնած է նաեւ այլ պաշտօններ. եղած է Թիֆլիզի քաղաքապետարանի եւ Հայ նպաստամատոյց ընկերութեան անդամ, Կովկասեան համալսարանի հայկական մասնաճիւղի նախագահ, Թիֆլիզի Գայանեան եւ Յովնանեան դպրոցներու հոգաբարձու:

Առաքելեանի առաջին գործը՝ «Առողջապահութեան ընթերցանութիւն նեղ եւ խոնաւ բնակարաններու մասին» խորագրով հրատարակուած է 1880 թուականին, որուն յաջորդած է «Ազգայնութիւն եւ նորա պրինցիպներ», «Ո՞ւր է հայի ինքնաճանաչութիւնը», «Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսական ընտրութիւնը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու կողքին Առաքելեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի գրող Կի տը Մոփասանի «Քսան վէպիկներ եւ զրոյցներ» աշխատութիւնը, ֆրանսացի յայտնի աստղագէտ Քամիլ Ֆլամմարիոնի «Ուրանիա» աստղագիտական վէպը, ինչպէս նաեւ այլ յայտնի գրողներու աշխատանքներ:

Առաքելեան 6 յուլիս 1918 թուականին սպաննուած է իր տան մէջ, մեծ հաւանականութեամբ քաղաքական հակառակութիւններու պատճառով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022