ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին կապերու վարչութեան ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Մայիսի 2-ին տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը՝ միջնորդութեամբ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի։ Եւրոպացի պաշտօնատարը այս առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը, որու մէջ նշեց հետեւեալը. «Ուրախ եմ, որ կարողացայ Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալել Արմէն Գրիգորեանն ու Հիքմէթ Հաճիեւը՝ այս ձեւաչափով երկրորդ հանդիպման համար»։

Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները այս հանդիպման բովանդակութեան շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ, Մոսկուայի առընթեր Պրիւքսելն ալ միջնորդական ջանքեր կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022