ՏԵՍԱՆԵԼԻՆ ԵՒ ԼՍԵԼԻՆ
Կան իրեր ու իրողութիւններ՝ որ թէ՛ տեսանելի են եւ թէ լսելի։
Եւ թէ՛ լսելի, թէ՛ տեսանելի իր կամ իրողութիւնը աւելի տպաւորիչ կ՚ըլլայ մարդուն, քան միայն տեսանելին կամ միայն լսելին։ Զոր օրինակ՝ ծովը։ Ծովը տեսանելի է, բայց նաեւ լսելի՛։ Ըսենք, գիշերուան մութը կը ծածկէ ծովուն տեսանելի իրողութիւնը, բայց ծովուն ձայնը կը շարունակէ իր էութիւնը յայտնել։ Գիշերը կու գայ եւ իր սեւ քղանցքին տակ կ՚առնէ ամէն տեսանելի էութիւն՝ մութին մէջ կը կորսուին անոնք եւ նաեւ՝ ծովը։ Ծովին ամբողջ տարածութիւնը անտեսանելի կ՚ըլլայ գիշերուան մութ-սեւին մէջ։ Սեւութիւնը անտեսանելի կ՚ընէ տեսանելի ամէն ինչ, եւ անշուշտ ծովն ալ։
Սակայն ծովը միայն «տեսանելի» իրողութիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ լսելի իրականութիւն մը, ինչպէս ըսինք։ Ան թէ՛ կերպարանք ունի՝ տեսանելի եւ թէ լեզու՝ լսելի։
Ծովը եթէ ցերեկուան լոյսին մէջ «տեսանելի» է, ցերեկ ու գիշեր, լոյսին եւ մութին՝ «լսելի՛» է։ Ան կը խօսի իրեն յատուկ լեզուով նաեւ մութին մէջ, կը խօսի ափերուն, երբեմն զուսպ, անոյշ, երբեմն ալ որոտագին բարձր ձայնով, որ ունի իր սեփական, իւրայատուկ յանգաւորութիւնը, այսինքն «ռիթմ»ը։
Ծովը երբ կը փսփսայ ի՛նչ կ՚ըսէ, եւ կամ երբ կ՚որոտայ ի՛նչ յայտնել կ՚ուզէ, կարելի չէ՛ հասկնալ։
Ծովը երբ կը փսփսայ, կու լա՞յ արդեօք, եւ կամ սիրոյ արտայայտութի՞ւն մը ցոյց կու տայ, սիրոյ երգ մը կ՚երգէ՞։ Ան երբ կ՚որոտայ, իր բարկութի՞ւնը կը բացայայտէ արդեօք, կամ կը խրատէ՞, կը քարոզէ՞. որո՞ւ դէմ, ի՞նչի, ինչո՞ւ, գիտնալ կարելի չէ՛…։
Ծովուն լեզուին նշանակութիւնը, ըսածին իմաստը մարդկային հասկցողութիւնը կամ մեկնաբանութիւնն է միայն։ Մարդ իր ըմբռնումով իմաստ մը տալ կը կարծէ։ Այս կը նշանակէ, թէ ծովը շատ տարբեր լեզուներով շա՜տ բան կ՚ըսէ, այսինքն ան «բազմալեզուեան» է. ա՛յնքան լեզու ունի՝ ո՛րքան ունկնդիր։ Իւրաքանչիւրին կը խօսի, ի՛նչ որ ամէն մէկը ինք, անհատապէս եւ ուրիշէ անկախ կը հասկնայ։
Ան կը խօսի ամէն մէկ մարդու ի՛նչ որ ան ինքը իրեն համար կ՚ըմբռնէ, կ՚իմանայ՝ կը հասկնայ։ Եւ մարդոց հասկցածները կրնան հիմնովին իրարմէ տարբերիլ, բայց անոնք տարբերին կամ ո՛չ՝ ահաւասի՛կ ծովուն իրականութիւնը եւ անոր յայտարարութիւնը՝ որոնք անփոփոխ են։ Եւ ա՛յդ է կարեւորը։
Արդարեւ մարդուն ըմբռնումը, հասկցողութիւնը սահմանաւոր է աւելի կամ պակաս, շիտակ կամ սխալ, բայց «իրականութիւն»ը՝ անյեղլի եւ տեւակա՛ն։
Աստուած ալ, այս իմաստով ծովուն կը նմանի. Անոր նկարագիրը, Անոր էութիւնը մարդկային տարբեր մեկնութիւններէն կախեալ չէ՛։ Մարդ Աստուծոյ էութեան հաւատայ կամ չհաւատայ, ընդունի կամ մերժէ, իւրացնէ կամ մերժէ՝ Աստուած ա՛յն է, ի՛նչ որ է։ Ի՛նչպէս ալ մեկնենք կամ բացատրենք, ինչ որ անուանենք, Աստուծոյ նկարագիրը է՛, ի՛նչ որ է՝ բոլորովին անկախաբար մեր մեկնութենէն։
Ուստի մենք չէ՛ որ Քրիստոսը պիտի ձեւենք ու ձեւաւորենք, ստեղծենք ու նկարագրենք մեր սեփական կարծիքովը, եւ անձնական գաղափարներովը։
Ան այն է՝ ի՛նչ որ է։ Սապէս բացատրենք, երբ մէկուն աչքը շիլ է, այն չի նշանակեր, որ անոր շիլ աչքով դիտած ու տեսած ամէն ինչ ծուռ է։ Եւ որեւէ իր երբեք չի փոխուիր անոր նայող աչքին համեմատ, քանի որ կարեւորը դիտուած ու տեսնուած չէ՛, այլ՝ տե՛սքը իր ամբողջ էութեամբ։
Քրիստոս է՝ ի՛նչ որ Հայրը ըսաւ զայն, Ան միշտ նո՛յնն է՝ երէկ եւ այսօր, եւ յաւիտեան…։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, պիտի տեսնէք եւ ձեր ուշադրութենէն պիտի չվրիպի, թէ ոմանք ախտաւոր զգայնութիւն մը ունին մարդկային մեկնութիւններու հանդէպ։ «Հիւանդոտ» կ՚ըսենք, քանի որ կը վախնան, թէ աս ու ան կրնան իրենց կարծիքովը քանդել ճշմարտութիւնը, նաեւ՝ Քրիստոսի անձնաւորութեան հարազատութիւնը։ Երբե՛ք…։
Ինչպէս «ճշմարտութիւն»ը, Քրիստոս ալ՝ կա՛յ ու կը մնայ անեղծ ու հաստատ իր իրականութեան վեհափառութեամբը՝ որպէս Որդի Աստուծոյ, եւ Փրկի՛չը մեղաւոր մարդկութեան։
Քրիստոս ի՛նք չի մեռնիր, չի՛ դադրիր ճշմարտութիւն մը ըլլալէ՝ երբ կը մերժուի, կ՚ուրացուի եւ կը լքուի…։
Յիսուս կրնայ «տեսանելի» չըլլալ, բայց Ան միշտ «լսելի» է ամէն անոնց՝ որ առողջ լսելիք ունին…։
Աշխարհի վրայ կայ շատ բան, զոր մարդ չի տեսներ, բայց կա՛յ եւ եթէ մարդ հմտութիւն ունենայ լսելու, կրնայ զգալ անտեսանելիին էութիւնը։ Եւ մարդ եթէ լսէ Յիսուսի ձայնը, խօսքը՝ ապա դժուար պիտի չըլլար ծանօթանալ Անոր, քանի որ Ան կա՛յ իր ամբողջ ճշմարտութեամբը։
Ուրեմն թո՛ղ խօսի ծովն ալ, ինչպէս որ ամէն մէկը կը հասկնայ, կամ հասկնալ ուզէ։ Բայց «խօսք»էն վեր, եւ առաջ, ու վերջ կայ ու կը մնայ «խօսքին իրականութիւն»ը՝ ճշմարտութիւնը եւ խօսքին անայլայլելի, մշտնջենական յատկութիւնը՝ որ կը նշանակէ «խօսողին իրականութեան» յաւիտենականութիւնը, անհուն էութիւնը…։
Այսպէս, ծովը՝ իր ձայնով, կամ ըսենք՝ խօսքով արթուն կը պահէ մարդուս հոգին՝ յաւիտենական եւ անփոփոխ արժէքներու նկատմամբ։
Արդարեւ լսուածէն, տեսնուածէն, կարծիքներէն, մեկնութիւններէն՝ աւելի՛ն պէտք է հոգիին կեանքը պահպանելու եւ հարըս-տացնելու համար։
Ո՜վ իմաստուն ծով. ի՛նչ որ ալ կը նշանակեն քու խօսքերդ լսող ականջներու, եւ սակայն հոգիներու սա միակ ապահովիչ պատգամը կու տաս դուն. «Ե՛ս ահա՛ հոս եմ. յաւիտենապէ՛ս»։
Իմաստութեամբ լեցուն ծովը երբեմն շատ աւելին կ՚ըսէ քան անխորհուրդ մարդը, յաճախ։
Ուստի միայն մարդը չէ՛ որ կը խօսի, այլ ամբողջ բնութիւնը, եւ մանաւա՛նդ ծովը՝ իմաստութեամբ եւ հմտութեամբ։ Ուրեմն ականջ տալ պէտք է բնութեան ձայնին՝ որ անպայման բան մը կ՚ըսէ, բան մը կը փոխանցէ Արարիչէն։ Եւ սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ տիեզերքի մէջ ո՛չ մէկ բան ի զուր ստեղծուած է եւ բնութեան մէջ ամէն իր եւ իրողութիւն ունի իր ըսելիքը։ Մարդուս կը մնայ լսել զանոնք, եւ հոգ չէ թէ զանոնք տարբեր ձեւով մեկնաբանէ…։
Նոյնն է իրողութիւնը՝ նոյն հաւաստիքը ունի Տէրը նոյնիսկ տարակուսող, կասկածող հոգիներու համար երբ կ՚ըսէ. «Ե՛ս ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ Ան չի փոխուիր, միշտ հաւատարիմ է իր խոստումին։ Եւ այսքանը կը բաւէ մարդուս համար որ ապրին, յուսան, սիրեն, եւ գործեն։ Մարդկային հոգիին կեանքը կախեալ է՝ անյեղլի իրականութեան մը ներշնչած հաւաստիքէն, եւ ո՛չ թէ ճշմարտութեան մը մասնակի մեկնութենէն։
Ահա՛ այս հասկացողութեամբ պէտք է դիտել բնութիւնը իր ամբողջ իրականութեամբ եւ հասկնալ անոր խօսքը՝ որ խօսքն է իր եւ ամէն ինչի Արարիչին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 10, 2015 Իսթանպուլ