ԶՕՐԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տքթ. Երուանդ Զօրեան, որ նաեւ հիմնադիրն է Հայկական համացանցային համալսարանին, մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած առցանց լսարանին։ Այս ձեռնարկը 48-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Երուանդ Զօրեան, որ միեւնոյն ժամանակ «Սինոփսիս-Արմէնիա» տեղեկատուութեան թեքնոլոժիներու ընկերութեան հիմնադիրն է, առցանց լսարանի ընթացքին դասախօսեց՝ «Ցանցային համակարգի մարտահրաւէրներն ու հայկական տեղեկագիտութիւնը՝ 21-րդ դարուն» նիւթին շուրջ։ Լսարանը վարեց Մինաս Հանս Քեհեան, որ «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակիցներէն է։
Երուանդ Զօրեան նիւթը մեկնաբանեց հիմնական երեք առանցքի շուրջ. առաջին՝ արհեստագիտութիւն, երկրորդ՝ հաղորդակցութիւն եւ երրորդ՝ կրթութիւն։
Զօրեան խօսեցաւ ներկայ տեղեկագիտական ճարտարագիտութեան յատկանիշներուն մասին՝ շեշտելով, որ անփոփոխ բաժինը ներկայ գործընթացներուն մէջ յարափոփոխութիւնն է, նորարարութեան յարատեւութիւնը:
Դասախօսը արհեստական բանականութեան այսօրուան սլացքին հետ կապուած մանրամասնութիւններ փոխանցեց գիտամատչելի եղանակներով՝ տուեալներով յագեցած: Այս շրջածիրին մէջ ինքնավար մեքենաներու (ինքնաշարժներու) բանեցման համակարգին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով՝ տքթ. Զօրեան կեդրոնացաւ չիփերու խտացման ուղղութեան վրայ, ծաւալի փոքրացման եւ տեղեկութիններու բազմապատկման առումներով:
Հեռահաղորդակցութիւնը կարեւոր բաժին էր դասախօսութեան մէջ: Մամուլ հասկացողութեան ձեւափոխման հոլովոյթի հակիրճ ներկայացումէն ետք Երուանդ Զօրեան խօսեցաւ փոխներգործօնութեան, մարդ անհատի մամուլի մաս կազմելու այսօրուան իրականութեան եւ ընդհանրապէս վիրթուալ իրականութեան այսօրուան դրութեան մասին:
Հայկական գետնի վրայ դասախօսը երեք կարեւոր իրականացումի մասին խօսեցաւ՝ Հայ Քոնեքթ, Արմինիըն վրըչուըլ քոլէճ եւ հայ գիտնականներ ու հայկական գիտական ընկերութիւններ համախմբող Արմինիըն վըրչուըլ պրիճ:
Զօրեան դասախօսութեան աւարտին անդրադարձաւ այս մարզին մէջ յետագայ ուղղութեան մասին՝ «Խելացի ակնոցներով» վըրչուըլ աշխարհ տեղափոխուիլ եւ այդ բոլորին մէջ շեշտեց հայկական կրթութեան մէջ օգտագործելու հրամայականը:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում: