ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի շփումներու ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային հանրապետական կաճառի Եւրոասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Սթիվըն Նիքսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարար Միրզոյեան զրուցեց նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Միթչ Մաքքոնեհի հետ։
Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան որպէս գլխաւոր բանախօս մասնակցեցաւ Ատլանտեան խորհուրդի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած քննարկման, որու ընթացքին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագրերու շուրջ բանակցութիւններու, այդ գործընթացէն ներս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութեան վերաբերեալ։
Նախարար Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտէզի հետ։ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս ծերակուտական Մենենտէզ ընդհանրապէս հայամէտ դիրքորոշումով համբաւ ձեռք բերած է։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ յանձնաժողովի անդամներէն ծերակուտական Ճիմ Ռիչ։ Զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ վերջին զարգացումները։