ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՀԱՅԿ ՆՇԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր վարժարանի բազմամեայ, անմոռանալի տնօրէններէն լուսահոգի Հայկ Նշանի յիշատակին։ Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան մրցումները, որոնց մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու խումբերը։ Հաճելի մրցապայքարի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։ Աւարտական փուլին հանդէս եկան Կեդրոնական եւ Սահակեան։ Արդիւնքին՝ Կեդրոնականի խումբը հասաւ առաւելութեան ու նուաճեց ախոյենութեան բաժակը։ Երրորդ եւ չորրորդ հորիզոնականները զբաղեցուցին Մխիթարեանի եւ Էսաեանի խումբերը, իսկ Ս. Խաչ դպրեվանքի խումբը եղաւ հինգերորդը։
Եզրափակիչէն վերջ մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ մինչ կեդրոնականցիները ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։