ՓԱՌԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ
Փառամոլութիւնը անհատական «ախտ» մըն է ընկերային կեանքին մէջ՝ որ կը վնասէ թէ՛ անհատին եւ թէ հաւաքականութեան։ Փառամոլութիւնը կը վնասէ, քանի որ որքան ախտ, նոյնքան ալ ինքնախաբէութիւն է, եւ ինքնախաբէութիւնը որեւէ օգուտ չի ներկայացներ մարդուն, եթէ ոչ՝ վնա՛ս։
Հոգեւոր իմաստով ալ, փառամոլութիւնը աններելի մեղանչում մըն է մարդուն իր կոչումին դէմ։ Ան կը հակառակի իրերօգնութեան, եղբայրութեան, եւ հաւասարութեան բարձր սկզբունքներուն։ Ուստի մարդուն կոչումը կը պահանջէ «խոնարհութիւն», որ կը նշանակէ՝ չափաւորութիւն, չափ ու սահման, կշիռը գիտնալ, ինքզինք ճանչնալ եւ եղածէն աւելին ցոյց տալու սխալը չգործե՛լ։
Մարդիկ ստեղծուած եւ կոչուած են իրերօգնութեան, իրարու թերութիւնները ամբողջացնելու եւ տկարութիւնները զօրացնելու։ Ուրեմն մարդկային այդ թերութիւններու եւ տկարութիւններու, անկատարութիւններու հրաշալի՜ ներդաշնակութեան վրայ հաստատուած ընկերային կեանքը վնասել կը նշանակէ ուրիշի մը նկատմամբ ինքզինք բարձր, վեր տեսնել եւ խախտել ներդաշնակութիւնը՝ որ հաստատուած է ստեղծագործութեան ծրագրով։
Փառամոլութեան արտայայտութիւններէն է նաեւ հպարտութիւնը, ինչ որ հակառակ է մարդոց հաւասարութեան։ Հպարտութիւնը կ՚ենթադրէ գոռոզութիւն, ինքնահաւանութիւն, ամբարտաւանութիւն, փառասիրութիւն եւ նման մոլութիւններ։ Արդարեւ հպարտութեան հակադիր վիճակն է՝ խոնարհութիւնը։ Ուստի որքան որ հպարտութիւնը մոլութիւն մըն է, խոնարհութիւնն ալ՝ առաքինութի՛ւն։ Քրիստոի կարելի է հետեւիլ միա՛յն խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ։
«Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, քանի որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 29)։ Քանի որ Ի՛նք՝ Քրիստոս խոնարհ է եւ հեզ, եւ դառձեալ Ինք է տիպարը խոնարհութեան եւ հեզութեան։ Աստուած կ՚արհամարհէ հպարտ մարդը եւ չ՚արհամարհեր հեզ ու խոնարհ մարդը։ «Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (ՍԱՂ. ԼԷ 10-11)։
Հպարտ մարդը՝ որ է նաեւ փառամոլ, կ՚արհամարհէ բոլոր իր նմանները՝ բոլոր մարդիկը. ան ինքզինք կը համարէ ամենէն վերը եւ բարձրը։
Հապա ո՞ւր կը մնայ հաւասարութիւնը՝ որ մարդկային ազնիւ սկզբունքն է եւ առաքինութիւններու առաջնակարգը։ Հպարտ մարդը միայն ինքզինք չ՚արհամարհեր, անոր համար աշխարհի վրայ միայն ի՛նք կա՛յ, միայն ի՛նք կարեւոր է, միայն ի՛նք արժէք կը ներկայացնէ։ Ինքնիրմով հպարտ մարդը՝ ինքնակեդրոն մարդ է՝ որ ինքզինք կը համարէ աշխարհի կենդրո՛նը։ Եւ ինքնակեդրոն մարդիկ ո՜րքան կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատուութիւնը, ո՜րքան կը վնասեն ընկերային համերաշխութեան։
Հպարտ, փառամոլ, ինքնահաւան, մեծամիտ մա՛րդ, ո՜վ եսասէր եւ ինքնամոլ մա՜րդ, պէտք է անդրադառնաս, թէ տիեզերքի առանցքը եւ կեդրոնը դուն չես եւ ո՛չ ոք կրնայ ըլլալ, քանի որ տիեզերքը ունի իր Արարիչը, իր Նախախնամը, մէկ խօսքով՝ ամբողջ տիեզերքը ունի իր Տէ՛րը։
Հպարտութեան, ինքնամոլութեան պատճառով մարդը անկում ունեցաւ իր բարձունքներէն եւ որպէսզի դարձեալ բարձրանայ, պէտք է որ հեզ եւ խոնարհ ըլլայ՝ Քրիստոսի օրինակով։ Աստուած հակառա՛կ է ամէն ամբարտաւաններուն, իսկ խոնարհներուն կու տայ շնորհ եւ օրհութիւն։ (ԱՌԱԿ. Գ 34)։
Արդարեւ ի՜նչ կը նշանակէ ինքզինք ուրիշէ մը աւելի բարձր եւ վեր նկատել, երբ ինք ալ ունի թերութիւններ, տկարութիւններ եւ անկատարութիւններ։
Բարձր դիրքերու տիրանալ, աստիճաններ ունենալ՝ իրական իմաստով «բարձր» եւ «վեր» ըլլալ չի նշանակեր, եթէ այդ դիրքերուն վրայ գտնուող մէկը, աստիճաններու տիրացած անձը չունի ինքնագիտակցութեան հմտութիւնը։ Ո՜վ կրնայ ինքզինք ամենակատարեալ, անթերի եւ զօրաւոր նկատել, քանի որ ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ան վերջապէս մա՛րդ է։ Ասկէ կը հետեւի, թէ ինքզինք ամենակատարեալ, անթերի եւ զօրաւոր նկատել՝ ուրանալ կը նշանակէ իր «մա՛րդ» էութիւնը։ Եթէ մարդ կ՚ընդունի, թէ «մարդ»է աւելի բան մըն է, ուրեմն ինք կ՚ընդունի նաեւ՝ թէ «մարդ» չէ, եւ եթէ մարդ չէ, ուրեմն ի՞նչ է։ Եւ ահաւասիկ, փառամոլութիւնը, այս իմաստով, ուրացումի ձեւ մըն է իր մարդ էութիւնը։ Մարդ է այն՝ որ գիտէ, կը ճանչնայ ինքզինք եւ ըստ այնմ կը վարուի՝ ի՛նչ դիրք եւ ի՛նչ աստիճան ալ ունենայ։
Ոմանք փառամոլութիւնը՝ «մեծութեան», ազդու մարդ ըլլալու ստուգանիշը կը սեպեն։ Ոմանք ալ, խոնարհութիւնը տկարութիւն, անկարողութիւն կը կարծեն։
Այս բոլորը, այս սխալ կարծիքները կը ծնին այն համոզումէն, թէ՝ զօրաւոր երեւցողը զօրաւո՛ր է, կատարեալ երեւցողը անթերի է։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդ իր արտաքին երեւոյթով ի՛նչ որ է, ներքնապէս ալ նոյնն է։ Բայց ո՛չ մէկուն ներքինը կը համապատասխանէ իր արտաքինին։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ, ո՛չ մէկը, իրապէս այնպէս է՝ ինչպէս կ՚երեւի։ Ամենապարզ օրինակով մը՝ հանդարտ մէկուն մէջ կրնան փոթորիկներ փրթիլ։ Դիտեցէք ձեր շուրջը սիրելի բարեկամներ. պիտի տեսնէք «ուրախ» մարդիկ՝ որոնց ներսը ցաւերով ու վիշտերով լեցուն է…։
Ուրեմն, փառամոլութիւնը, եղածէն տարբեր, աւելի վեր ու բարձր ըլլալու աշխատիլ փոխանակ օգուտի, վնաս կը պատճառէ մարդուն, գէթ յուսախաբ ըլլալուն պատճառ կ՚ըլլայ ենթակային։
Այս ուղղութեամբ եթէ դիտենք ընկերային փոխյարաբերութիւնները, «ծառայութիւն»ը՝ հանրային ծառայութիւնը մանաւանդ, եթէ անկեղծ չէ, պատրուակ մը կամ դիմակ մըն է պարզապէս փառամոլութեան։ Ուրեմն անկեղծութիւնը, ինչպէս ամէն մարդկային յարաբերութիւններու, ծառայութեան մէջ ալ յարացոյցն է. անկեղծութիւնը ինքնագիտակցութիւն է, եւ ինքնագիտութիւնը՝ ազնուութիւն ու առաքինութի՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 8, 2015, Իսթանպուլ