ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ դպրաց դասու նախագահն է։ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետն ու տնօրէն խորհուրդի անդամները հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին իրենց ծրագիրներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Այս փուլին անցումային շրջան մը խնդրոյ առարկայ է Վարդանանց երգչախումբին տեսակէտէ, որովհետեւ վարիչի փոփոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ է՝ քանի տասնամեակներու ծառայութենէ վերջ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան այլեւս բաժնուած է անոր գլուխէն։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ծրագիրներուն վերահասու դառնալու առիթին կապակցութեամբ եւ բարձր գնահատեց երգչախումբի վարիչներուն կողմէ ցուցաբերուած համապատասխան զգայնութիւնը։ Ան յորդորներ ուղղեց նորընտիր տնօրէն խորհուրդին՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ եւ փոխանցելով օրհնութիւնը։