ՄՀԵՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻ ԱՍԱՏՈՎ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՊՀ-Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու խորհուրդի ժողովին։ Այս առթիւ ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չի կրնար լուծուիլ ուժի ճամբով եւ հայկական կողմը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերին՝ հակամարտութեան բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման ուղղեալ խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացման գործընթացին մէջ։ Փոխ-վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքի վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններուն։ Ան կարեւորեց ռազմագերիներու ժամ առաջ ազատ արձակուիլը։ Մհեր Գրիգորեան յիշեցուց, որ Պաքուի կողմէ առաջարկուած հինգ սկզբունքներուն փոխարէն Երեւան ներկայացուցած է վեց կէտէ բաղկացեալ համալրող սկզբունքներ, որոնք կը ցոլացնեն հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմի մօտեցումները։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովն ալ նոյն հաւաքի ընթացքին յայտնեց, որ տարածաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցին մէջ յառաջընթաց չկայ՝ հակառակ եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս ընթացող հանդիպումներուն։ Իր խօսքով՝ ապաշրջափակումը նախատեսուած է հրադադարի յայտարարութիւնով։ Ատրպէյճան Հայաստանէն կ՚ակնկալէ հրադադարի յայտարարութիւնով ստանձնած պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարումը։ Ըստ վարչապետին, Ատրպէյճան մտահոգ է, որ եռակողմանի յայտարարութեան չորրորդ կէտով նախատեսուածները կը մնան անկատար։ Հայկական զինեալ կազմաւորումները դուրս չեն բերուիր Ատրպէյճանի տարածքէն։ Պաքու մօտաւոր ապագային լուրջ յառաջընթաց կ՚ակնկալէ այս երկու հարցերուն շուրջ եւ անհրաժեշտ կը համարէ այս ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելը։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2022