ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌՆԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նիստի աւարտին ան արտայայտուեցաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի բազում նիւթերու շուրջ։ Տեղական մամուլը կը շեշտէ, որ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւններուն մէջ նկատուած են ազդանշաններ, թէ թուրք զինեալ ուժերը նոր գործողութիւններ կրնան իրականացնել Սուրիոյ մէջ։

«Մեր հարաւային սահմաններու երկայնքով 30 քմ. խորութեամբ անվտանգ շրջաններ ստեղծելու առաջադրութեամբ սկսած աշխատանքներուն շուրջ նոր քայլեր առնելու կը սկսինք՝ պակաս մնացած բաժիններով հանդերձ։ Մեր երկրին ու անվտանգ շրջաններուն դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ սադրանքներուն կիզակէտի բնոյթով տարածքները մեր գործողութիւններու առաջնահերթութիւնը կը համարուին», ըսաւ Էրտողան։

Այս հինգշաբթի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովի ընթացքին ալ այս խնդիրները պիտի քննարկուին մանրամասն։ Ըստ Էրտողանի, պատկան մարմիններու պատրաստութիւններու վերջաւորութեան գործողութիւնները անմիջապէս պիտի սկսին։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին հաղորդուած էր, թէ Ռուսաստան Ուքրայնայի հետ պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը պատրաստուի դուրս գալ Սուրիայէն եւ իր կողմէ վերահսկուած գօտիներուն պատասխանատուութիւնը մասնաւոր համաձայնութիւնով մը յանձնել Իրանին։ Վերջին օրերուն Մոսկուայէն բարձրաձայնուած էին նաեւ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Անգարա փակած է թրքական օդային մարզը ռուսական ռազմաօդանաւերուն համար, ինչ որ համալրման տեսակէտէ բարդութիւններ կը յառաջացնէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022