Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՀԵՏ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Դէպի Իսրայէլ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ռամալլայի մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։ Բացի Ապպասի հետ տեսակցելէ, Չավուշօղլու մասնակցեցաւ Թուրքիոյ եւ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ստեղծուած համատեղ կոմիտէի երկրորդ ժողովին։ Նախարարը յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ Իսրայէլի կողքին մնալ՝ անկախ ու ինքնիշխան պետութեան մը տէր դառնալու պայքարին մէջ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր ալ բանակցութիւններ կը վարէ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։
Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022