ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Այլեւս յստակ է, որ մկրտութիւնը անհրաժեշտութիւն է ո՛չ միայն մեծահասակներու, այլեւ փոքրերու՝ մանուկներու համար, թէպէտ բողոքականները կը պնդեն հակառակը:

Այժմ քանի մը օրինակներու միջոցաւ կրկին փաստենք մանկամկրտութեան անհրաժեշտութիւնը:

Փիլիպպոսի բանտապետը մկրտելու ատեն Սուրբ Պօղոսն ու Սուրբ Շիղան ըսին անոր. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին, եւ կը փրկուիք դուն ու քու բոլոր ընտանիքդ»: (Գործք 16:31): Սա կը նշանակէ, որ բանտապետի հաւատքը պէտք է ըլլար իւր բոլոր ընտանիքին դէպի փրկութիւն տանող առաջին քայլը։

Ահա թէ ինչու ատկէ անմիջապէս ետք կ՚ըսուի. «Եւ Աստուծոյ խօսքը պատմեցին անոր ու անոր տունին մէջ գտնուող բոլոր պարագաներուն», այնուհետեւ «գիշերուայ նոյն ժամուն... անմիջապէս մկրտուեցան ան ու իր բոլոր ընտանիքը» (Գործք 16:32, 33):

«Ան եւ իր բոլոր ընտանքիը» խօսքը, առանց որեւէ բացառութեան, ցոյց կու տայ, թէ մանուկները նոյնպէս մկրտուեցան:

Ուրիշ օրինակի մը մէջ ծիրանավաճառ Լիտիայի մկրտութեան մասին ըսուած է. «Մկրտուեցան ան ու իր ընտանիքը» (Գործք 16:15):

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մկրտեցի նաեւ Ստեփանոսի ընտանիքը» (Ա Կոր. 1:16):

Կրնայի՞ն արդեօք այս բոլոր ընտանիքը ըլլալ առանց մանուկներու: Սուրբ Գիրքը չի նշեր, թէ Հոգեգալստեան օրը մկրտուածներու մէջ մանուկներ չկային:

Մանկամկրտութիւնը կը կիրառուէր հին ժամանակներէ սկսեալ, ինչպէս յայտնի է Օգոստինոսի ու Հերոնիմոսի միջեւ եղած տարաձայնութենէն՝ հոգիի ծագումի վերաբերեալ՝ արդեօք ան կը ծնի՞, թէ կը ստեղծուի: Օգոստինոսը կը պնդէր, թէ ան կը ծնի մարդու հետ, իսկ Հերոնիմոսը՝ կը ստեղծուի: Օգոստինոս կը հարցնէ. «Եթէ հոգին կը ստեղծուի, ուրեմն չի ժառանգեր ադամական մեղքը: Այդ պարագային ինչո՞ւ կը մկրտենք մանուկները»: Հերոնիմոսը չի կրնար այս հարցումին պատասխանել:

Սուրբ Գիրքին մէջ չկայ որեւէ համար, որ կ՚արգիլէ մանկամկրտութիւնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հաւատքի պարագային, մանուկը կը մկրտուի իւր ծնողքին հաւատքով: Այս սկզբունքօրէն ունի շատ օրինակներ Ս. Գիրքին մէջ:

1) Ինչպէս նշեցինք, թլփատութիւնը կը խորհրդանշէր մկրտութիւնը: Թլփատուածը կը համարուէր Տիրոջ ժողովուրդի անձերէն մին՝ ըստ Աստուծոյ ու Աբրահամի միջեւ կնքուած ուխտի (Ծննդ. 17:11): Թլփատութիւնը սովորաբար կը կատարուէր ծնունդէն ետք ութերորդ օրը՝ ըստ Աստուծոյ հրամանի (Ծննդ. 17:12):

Ութօրական մանուկը ի՞նչ կրնար հասկնալ Աստուծոյ ու Աբրահամի միջեւ կնքուած ուխտի վերաբերեալ: Որքանո՞վ ան տեղեակ էր Աստուծոյ ժողովուրդին անդամակցելու իրողութեան: Անկասկած, ան այս մասին բնաւ հասկացողութիւն մը չունէր, այլ կը թլփատուէր այդ ուխտի նկատմամբ իւր ծնողքի հաւատքով: Իր ծնողքի հաւատքով ան կը դառնար Աստուծոյ ժողովուրդի անդամ ու կրողը այն խոստումներուն, որոնք Աստուած տուաւ մեր հայր Աբրահամին:

2) Կարմիր ծովին վրայէն անցումը մկրտութեան խորհրդանիշ մըն էր, կամ մկրտութիւն, ինչպէս կը բացատրէ Պօղոս առաքեալ (Ա Կոր. 10:2): Այդ փրկութիւն էր փարաւոնի ծառայութենէն՝ որպէս խորհրդանիշ մեղքի, սատանայի ու մահուան ծառայութենէ փրկութեան: Կարմիր ծովը անցան մեծահասակներ, որոնք գիտէին Տիրոջ Մովսէս մարգարէին տուած խոստումի մասին. անոնք գիտէին, թէ ինչպէ՛ս էր իրենց ստրկութիւնը փարաւոնին եւ թէ ինչպէս Տիրոջ զօրեղ ձեռքով փրկուեցան ատկէ՝ անցնելով Կարմիր ծովը (մկրտուելով):

Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել ծովը կտրող մայրերու ու հայրերու գիրկը գտնուող մանուկներու մասին: Անշուշտ, անոնք ծառայութենէ փրկուեցան ու մկրտուեցան, սակայն իրենց ծնողքի հաւատքով, քանզի իրենք չէին հասկնար, թէ ինչ տեղի կ՚ունենար:

3) Ուրիշ գեղեցիկ օրինակ մըն է մանուկներու փրկութիւնը զատկական գառան արեամբ, ձեռքով հրեշտակի, զոր սպաննեց եգիպտացի բոլոր արու անդրանիկները: Տէրը հրամայեց Մովսէսին մորթել մէկ տարեկան եւ արատ չունեցող արու այծ կամ գառ եւ այդ արիւնը քսել հրեաներու դռներու սեմերուն ու բարաւորին՝ ըսելով. «Երբ տեսնեմ արիւնը, կը փրկեմ ձեզ» (Ելք 12:13):

Զատկական գառան արիւնը կը խորհրդանշէր Տէր Յիսուս Քրիստոսի արիւնը, որով մենք ընդունեցինք փրկութիւն, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Քանզի մեր Զատիկը՝ Քրիստոսը մորթուեցաւ» (Ա Կոր 5:7):

Այժմ կը հարցնենք, ո՞րն է զատկական գառան արիւնով փրկուած մանուկներու հաւատքը: Ի՞նչ գիտէին անոնք Աստուծոյ ու Մովսէսի միջեւ եղած ուխտի կամ Զատիկի ու զատկական գառան արեան միջոցաւ փրկուելու մասին: Անտարակոյս, անոնք ոչինչ գիտէին, սակայն փրկուեցան իրենց ծնողքի հաւատքով, որոնք հաւատացին զատկական գառան արիւնին, անոր ազդեցութեան ու կարեւորութեան մահէ փրկուելու համար:

Թլփատութեամբ, զատկական գառան արեամբ ու Կարմիր ծովու անցումով փրկուած այս մանուկները, այս բոլորի նշանակութիւնը կ՚իմանային աւելի ուշ՝ երբ կը մեծնային: Իրենց մանուկ տարիքին մէջ անոնք ազատօրէն ընդունած էին փրկութիւն՝ իրենց ծնողքի հաւատքով, որոնք հաւատացած էին Աստուծոյ խոստումներուն ու մարդոց հետ միասին կնքած ուխտերուն: Իսկ մեծնալով՝ անոնք այս հաւատքը այլեւս կ՚ընդունէին գործնականապէս:

Հատուած՝ Շենուտա Պատրիարք. «Համեմատական աստուածաբանութիւն» գիրքէն։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022