ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿԻԶԲ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Երուսաղէմի արեւմուտքին տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որմէ վերջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու այցելեց նաեւ Մեսճիտի Աքսա։ Տանսհինգ տարի վերջ առաջին անգամ Թուրքիայէն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով այցելութիւն մը իրականացաւ դէպի Իսրայէլ։ Չավուշօղլու եւ Լափիտ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին առընթեր քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով նիւթեր։

Առանձնազրոյցէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Այնպէս պիտի վարուիմ, որ կարծես վերիվայրումներ տեղի չեն ունեցած մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Սակայն չենք մոռցած, որ 1948 թուականին Թուրքիան եղած էր Իսրայէլը ճանչցած առաջին մահմետական երկիրը», ըսաւ Եաիր Լափիտ եւ աւելցուց, որ կողմերը միշտ գիտցած են ճանապարհ մը գտնել՝ դէպի երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն։ «Խոր պատմութեան տէր ազգերը միշտ գիտեն, թէ ինչպէս պէտք է փակուի շրջան մը ու ինչպէս պէտք է բացուի նոր շրջան մը։ Ահա մենք ալ այսօր կ՚ընենք այս բանը», ըսաւ Լափիտ եւ աւելցուց, որ ոչ միայն դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառի մէջ, այլեւ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ ալ զարգացում կ՚ակնկալուի։ Իր խօսքով՝ դիւանագիտութենէ անդին, մէկ բառով, Իսրայէլ կը սիրէ Թուրքիան։

Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ նշեց, որ հակառակ տարբերութիւններուն, օգտակար կը համարուի երկխօսութեան տեւականացումը։ Պաղեստինի խնդրին ալ անդրադարձաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որու խօսքով՝ թրքական կողմը համոզուած է, թէ ՄԱԿ-ի չափանիշներու ծիրէն ներս, երկու պետութիւնով լուծում մը մշտական խաղաղութեան համար միակ եզրն է։ Չավուշօղլու նշեց, թէ Թուրքիա կը բաժնէ Երուսաղէմի եւ Հարեմի Շերիֆի նուիրականութեան վերաբերեալ զգայնութիւնները։

«Մենք համոզուած ենք, թէ մեր կապերու բնականոնացումը այս հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ դրական ազդեցութիւն մը պիտի գործէ։ Թուրքիա միշտ շինիչ դեր մը խաղացած է։ Հիմա ալ Թուրքիա պատրաստ է պատասխանատուութիւն ստանձնելու, որպէսզի իր նպաստը բերէ երկխօսութեան ուղղեալ ջանքերուն», յայտարարեց Չավուշօղլու, որ Թուրքիա այցելել հրաւիրեց իր պաշտօնակիցը։

Նախարարը երէկ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իսրայէլի կառավարութեան այլ անդամներուն հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022