ԱՆԿԱՐԵԼԻԷՆ ՅՈՌԻԻ, ՅՈՌԻԷՆ ՊԱՐԶԻ
Անցեալին մարդիկ շա՞տ ծայրայեղ եղած են, թէ ոչ մենք ենք որ հիմա յեղյեղուկ ու անփոյթ վիճակի մէջ կ՚ապրինք. արդեօք անցեալը շա՞տ ծայրայեղ ու ներկան շա՞տ «ազատամիտ» է. անցեալին աւելի՞ էր գիտակցութիւնը:
Վերջնական պատասխանը յստակ չէ, սակայն պարզ է, որ այն ինչ որ անցեալին կը դիտուէր որպէս յոռի երեւոյթ, կամաց կամաց բնական տեսք կը ստանայ ու կը դառնայ պարզ, իսկ անցեալին համար անկարելի եղող կարմիր գիծերը կը սկսին վերածուիլ «յոռի» երեւոյթներու, որոնք ժամանակ մը ետք նոյնպէս պիտի ստանան «բնական» տեսք ու դառնան սովորական՝ ինչպէս դարձան միւսները:
Որպէսզի այդ տարբերութիւնը աւելի պարզ ու յստակ ըլլայ պատմեմ հետեւեալը.- մեր թուականէն 165 տարիներ առաջ՝ 1857 թուականին Թէքիրտաղի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող երիտասարդուհի մը, իր ընտանիքին ալ յօժարութեամբ կ՚որոշէ պսակուիլ բողոքական հայ երիտասարդի մը հետ: Բողոքական եկեղեցւոյ օրէնքներուն համաձայն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդներու պսակադրութեան արարողութիւնը:
Օրեր ետք, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականը այդ ամուսնութիւնը կը յայտարարէ «պարապ եւ ունայն»։ Երիտասարդ տղան բողոքական ըլլալով արդէն իսկ բանադրուած եւ դուրս մնացած է Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն եւ հետեւաբար բանադրուած ըլլալով անվաւեր կը նկատուի նաեւ այդ պսակադրութիւնը:
Հոգեւորականին այս խօսքերը կը հասնին աղջկան մօր ու հօր ականջին, որոնք «դարձի գալով» կ՚որոշեն չեղեալ նկատել ամուսնութիւնը եւ իրենց աղջիկը փեսացուին մօտէն առնելով տուն կը վերադարձնեն:
Այսպիսով գաղութին մէջ ծայր կու տայ իրարանցում մը։ Բողոքականներ կը սկսին մեղադրել հոգեւորականը, որ «զոր Աստուած զուգեաց՝ մարդ մի մեկնեսցէ» օրէնքին հակառակ բաժնեց իրար սիրող զոյգերը: Բողոքականները կու գան այն եզրակացութեան, որ եթէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականը իրենց եկեղեցւոյ պսակադրութիւնը անվաւեր կը նկատէ, այդ պարագային անոնց կատարածը պարզապէս «շնութիւն» կը սեպուի եւ հետեւաբար կը նախատեն հոգեւորականը՝ զիրենք շնութեան մեղքով մեղադրելու համար: Այս նիւթը կը հասնի մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, օրուան հայկական, ինչպէս նաեւ օտար մամուլը մեծապէս կ՚անդրադառնայ այս հարցին:
Անցեալին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակին Բողոքական եկեղեցւոյ պատկանող անհատի մը հետ պսակուիլը կը դիտուէր որպէս «յոռի» երեւոյթ եւ հետեւաբար օտար ազգի անձի մը հետ պսակուիլը գրեթէ անկարելի եւ անհաւատալի: Այսօր՝ դար մը ետք Առաքելական եկեղեցւոյ անդամին Բողոքական եկեղեցւոյ անդամին հետ պսակուիլը կը դիտուի պարզ, իսկ օտար ազգի անձերու հետ եղող ամուսնութիւնները կը դիտուին որպէս «յոռի» երեւոյթ:
Ժամանակի ընթացքին, ինչպէս անկարելիէն յոռիի, նոյնպէս ալ յոռիէն բնականի պիտի անցնին օտար ամուսնութիւնները, որոնք հետզհետէ խորտակելով ամէ՛ն արգելք ու խոչընդոտ պիտի գան մեր կեանքի բնական մէկ երեւոյթը դառնալու (եթէ անշուշտ շատերու մօտ, ինչպէս նաեւ շատ մը գաղութներու մէջ չեն դարձած):
Այս պարագային չեմ գիտեր ո՛ր մէկը աւելի մտահոգեցուցիչ է. օտար պսակադրութիւննե՞րը, թէ ոչ կամաց կամաց ամէն ինչին բնական երեւոյթի վերծուիլը: Այս ընթացքով ժամանակ մը ետք բնական երեւոյթ պիտի ստանայ հայուն հայերէն չխօսիլը, հայուն հայերէն չհասկնալը, հայուն հայերէն գրել չգիտնալը, մշակոյթի աղաւաղումը եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ՝ որ յոռի էր անցեալին եւ յոռի է այսօր:
Այս սպառնացող փոփոխութիւնը բացատրեմ հետեւեալ ձեւով: Թուրքիոյ մէջ 1 ամերիկեան տոլարը անցեալին կ՚արժէր 2.5 թրքական լիրա. երբ բարձրացաւ 5-ի մարդիկ բողոքեցին. ժամանակ մը ետք երբ դարձաւ 7.5, մարդիկ 5-ը փնտռեցին. վերջը բարձրացաւ 10-ի՝ 7.5-ը սկսան փնտռել եւ այսպէս շարունակաբար մոռցան 2.5-ը: Նոյնն է նաեւ մեր պարագան. կամաց կամաց առանց նկատելու անկարելին յոռի, յոռին բնական կը դառնայ եւ այս ընթացքը կը կատարուի շարունակաբար: Այն ինչ որ անցեալին կար, այսօր կը սկսի մոռցուիլ եւ տակաւ առ տակաւ, նկատենք թէ ոչ, կը հեռանանք մեր արժէքներէն եւ մեր չափանիշները կը փոխարինենք նորերով:
Եթէ անցեալին մարդոց մտայնութիւնը կը փոխուէր յիսնամեակի մը ընթացքին, այդ թիւը նուազեցաւ տասի, նուազեցաւ հինգի եւ հասաւ մինչեւ մեր օրերը։ Այսօր սերնդափոխութիւնն ու մտայնութիւններու բախումները ո՛չ թէ տասնամեակներու, այլ տարուան մը վրայ նոյնիսկ կարելի է տեսնել. պէտք չէ զարմանալ եթէ որոշ ժամանակ ետք վերածուի նոյնիսկ ամիսներու...:
Այդ անտրամաբանական արագ փոփոխութիւններն են, որ տուներուն մէջ կը ստեղծեն խնդիրներ, որովհետեւ մեծ հօր կամ մեծ մօր համար անկարելին մօր մը համար կը դառնայ յոռի, իսկ զաւակին համար բնական եւ այդ միտքերու անհամեմատելի բախումը անդունդ կը ստեղծէ սերունդներուն միջեւ. նորը կը սկսի ատել հինը, հինը կը սկսի այպանել նորը եւ այսպէս առանց իրար հասկնալու կը շարունակեն իրենց կեանքը....:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱԶԳԷՆ ԲԱԺԲԷՈՒԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
(1941-2004)
Մեր թուականէն 18 տարիներ առաջ՝ 27 մայիս 2004-ին Երեւանի մէջ մահացած է նկարիչ եւ արուեստագէտ Վազգէն Բաժբէուկ Մելիքեան:
Մելիքեան եղած է որդին գեղանկարիչ եւ արուեստագէտ Ալեքսանդր Բաժբէուկ Մելիքեանի, եւ եղբայրը նկարչուհիներ Զուլեկա եւ Լավինիա Բաժբէուկ Մելիքեաններու: Մելիքեան ծնած է 16 սեպտեմբեր 1941-ին Վրաստանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա 1968 թուականին ընդունուած է Մոսկուայի Պետական մանրագործական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1973 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ մնացած է Ռուսաստան եւ ապա 1977 թուականին վերադարձած է Երեւան:
Մելիքեանի առաջին նկարը եղած է հաւ մը, որուն յաջորդած է ծաղիկ մը, որուն դիմաց նկարիչ հայրը զարմանալով որոշած է փոքր տարիքէն զաւակին սորվեցնելու նկարելու արուեստը: Արուեստագէտը հեղինակ է բազմաթիւ կտաւներու. ան իր առաջին ցուցահանդէսը կազմակերպած է Մոսկուայի մէջ՝ 1975 թուականին, «Ինքնանկարը ռուսական եւ խորհրդային արուեստի մէջ» խորագրով: Հայաստանի մէջ իր առաջին ցուցահանդէսը ունեցած է 1985 թուականին՝ Ժամանակակից արուեստի թանգարանէն ներս: Արուեստագէտը ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ Եգիպտոսի, ինչպէս նաեւ մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ցուցահանդէսներու:
Մելիքեան 1982 թուականին դարձած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ: Անոր գործերը ցայսօր կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Ժամանակակից արուեստի թանգարանին, Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Կիպրոսի, Թուրքիոյ, Լեհաստանի եւ Գերմանիոյ զանազան թանգարաններուն եւ մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024