ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԵԼՔ ԾՈՒՂԱԿԷՆ

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը անակնկալ ծուղակի մէջ յայտնուած է։ Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր սկիզբ առած «Դիմադրութիւն» շարժումը տեղքայլի մէջ է, հակառակ ի գործ դրուած հսկայական միջոցներու։ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումն ու Մայիս 28-ի համազգային տօնը եւս, որոնք կարեւոր առիթներ էին հասարակութեան աւելի լայն զանգուածներ համախմբելու, ապարդիւն եղան։ Քանի մը հազար հոգինոց հաւատարիմ կորիզ մը կը շարունակէ հետեւիլ ՀՅԴ ԳՄ (Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գերագոյն մարմնի) ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ եւ «Դիմադրութիւն» շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի յայտարարած ամէնօրեայ հանրահաւաքներու յայտագրին։ Իսկական տագնապալի վիճակ է «Դիմադրութեան» ղեկավարութեան մօտ։ Ինչպէ՞ս պատուով դուրս գալ այս անել կացութենէն։

Կառավարութիւնը եւ քաղաքացիները մեծ հանդուրժողութեամբ կը թոյլատրեն որ՝ փողոցներու երթեւեկը խափանող ամէնօրեայ դրութեամբ ցոյցեր տեղի ունենան, կառքերու երթեր կազմակերպուին, որ նոյնպէս կը խանգարեն քաղաքացիներու ազատ շրջագայութիւնը։ Նոյնքան հանդուրժողութեամբ կ՚ընդունին, որ Երեւան քաղաքի ամենէն բանուկը՝ Ֆրանսայի հրապարակը ամիսէ մը աւելի ամբողջութեամբ գրաւուած մնայ։ Կառավարական շէնքերու վրայ յարձակումներ կը նախատեսուին, մուտքերը կը շրջափակուին։ Այս գործողութիւնները, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ոչ-բռնի, կը կատարուին ատելավառ խօսքի արտայայտութեամբ։ Օրինական, ընտրեալ կառավարութեան հրաժարականը պահանջելը կարելի է ընդունիլ, երբ ան կը կատարուի սահմանադրական կարգը յարգելով։ Իսկ երբ առանց դատի, դատավարութեան կառավարութեան անդամներ դաւաճան, թուրք, գործակալ կ՚որակուին, ոստիկաններու հասցէին հայհոյական ու անպատուաբեր խօսքեր եւ սպառնալիքներ կը տեղան... եւ ա՛յս, հակառակ անոր որ ոստիկանները ո՛չ վահանով, ո՛չ ալ մահակով կամ արտասուաբեր ռումբերով կը հակադարձեն ցուցարարներու գործողութիւններուն։

Ճիշդ Արցախի վերջին պատերազմի աւարտին՝ «Փրկութեան ճակատ»ի փողոցային ցոյցերու վախճանին նման, կառավարութիւնը կը փորձէ մաշեցնել շարժումը, ինքնարժեզրկումի մղել։ Մինչ այդ, Ազգային ժողովը ունի նաեւ օրէնսդրական միջոցներ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու։ Մինչեւ ե՞րբ, ի՞նչ արդարացուցիչ պատճառներով կրնայ երեսփոխան մը Ազգային ժողով չներկայանալ, այսինքն՝ աշխատանքի չերթալ։ Ժողովուրդը զինք ընտրած է, որ օրէնսդրական ու ներկայացուցչական իր պարտաւորութիւնները կատարէ եւ ոչ թէ փողոց իջնէ ամիսէ մը աւելի ու ցոյցեր կազմակերպէ, խուսափելով խորհրդարանին մէջ իր երեսփոխականական, օրէնսդրական պարտականութիւններէն։

Եւ իսկապէս ալ դժբախտութիւն է տեսնել Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը այսքան խղճուկ գաղափարական պայքարի ճանապարհի վրայ, որ կ՚անտեսէ աշխարհաքաղաքական մրցավազքը, երկրի տնտեսութեան զարգացման մարտահրաւէրները, թուրքեւազէրիական զինուորական գերակայութիւնը եւ սպառնալիքը։

Արցախեան պատերազմը ցոյց տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագրին հանդէպ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը, նաեւ՝ դաշնակից Ռուսաստանի դաւադիր կեցուածքը, որ Ատրպէյճանին թոյլ տուաւ յարձակիլ, Արցախի մէջ իր խաղաղապահ ուժերը տեղադրելու պայմանով։ Ուքրանական պատերազմով աւելի ցայտուն դարձաւ, որ Փութին Ռուսաստանի խորհրդային շրջանի փառքը վերակերտելու համար ինչպիսի՛ մեծ ռազմական ուժ կիրարկելու պատրաստ է, ինչպիսի՛ մեծ աւերներ ու սպանդ գործելու տրամադիր է։ Նոյն տրամադրութեամբ ալ գործեց ու դեռ պիտի գործէ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ։ Որեւէ մեծ տէրութիւն տակաւին չկրցաւ Ատրպէյճանին պարտադրել ռազմագերիներուն վերադարձը, չկրցաւ Հայաստանի սահմանները խախտող այդ երկիրը սանձել ու անոր դէմ պատիժներ կիրարկել։ Մինչդեռ, Ատրպէյճանի վարքագիծը Արցախի ու Հայաստանի հանդէպ, ոչ մէկ թիզ չի տարբերիր Ռուսաստանի՝ Ուքրայնայի նկատմամբ որդեգրած վարքագիծէն։ Եւ միջազգային հանրութիւնը Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը պաշտպանէ Ռուսասատանի դէմ պատիժները խստացնելու համար։

Ի՞նչ արժէք ունի Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կոչը միջազգային հանրութեան աչքին, թէ՝ «Արցախը ոչ մէկ պարագայի, ոչ մէկ պայմանով Ատրպէյճանի մաս պէտք չէ կազմէ», երբ Արցախի անվտանգութիւնը ապահովողը Ռուսաստանն է, անոր կարգավիճակը թելադրողը եւս՝ Ռուսաստանը, իսկ Ռուսաստան այսօր միջազգային հանրութեան պատիժներու թիրախը դարձած է եւ յայտնի չէ, թէ ինչպիսի՞ աւարտ պիտի ունենան անոր ուքրանական արկածախնդրութիւնը եւ հետեւաբար նաեւ՝ Արցախի մէջ անոր ներկայութիւնը։

Բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները յայտարարութիւններէ աւելի դիւանագիտական, ռազմարդիւնաբերական, տնտեսական զարգացման աշխատանքի պէտք է լծուին ի սպաս դնելով Հայաստանի եւ Հայութեան ունեցած նիւթական, գիտական, արդիւնաբերական, մշակութային բոլոր կարողութիւնները՝ Հայաստանի եւ Արցախի ինքնապաշտպանութիւնը ամրացնելու համար։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022