ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքուի նախաձեռնութեամբ։ Նախագահները համաձայնեցան, որպէսզի զանազան մակարդակներու վրայ շարունակուին  կանոնաւոր շփումները։ Ալիեւ Փութինին տեղեկութիւններ տուաւ անցեալ մայիսի 22-ին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Զրուցակից նախագահները, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։ Փութին եւ Ալիեւ շեշտը դրին տարածաշրջանէ ներս խաղաղ կեանքի հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման վերաբերեալ յստակ հարցերու լուծման, տնտեսական կապերու եւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վրայ։

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայէն ալ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւն մը հնչեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն վերահաստատեց իր երկրի անսասան յանձնառութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագրի բանակցութիւններուն ի նպաստ։ Մաքրոն այս հանգամանքը ընդգծեց՝ Ատրպէյճանի Ազգային տօնին առթիւ Ալիեւին ուղարկած շնորհաւորական նամակին մէջ։ Տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան համար Փարիզ կարեւոր կը համարէ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը։ «Վստահ եղէք, որ ես կը սատարեմ վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած դրական թափին ու ձեռք բերուած արդիւնքներուն՝ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ կապերու հաստատման եւ թէ սահմանային հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծման ուղղութեամբ», նշուած է Մաքրոնի նամակին մէջ։

Իր կարգին, Շարլ Միշելն ալ վերահաստատեց Եւրոմիութեան յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու համար, յանուն անվտանգ, կայուն, խաղաղ ու բարեկեցիկ Հարաւային Կովկասի եւ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն։ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջին օրերու լարուածութեան համատեսքին մէջ այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Շարլ Միշելի բանբերին կողմէ։ Ողջունելով անցեալ մայիսի 24-ին երկու երկիրներու սահմանային յանձնաժողովներու առաջին պատմական հանդիպումը եւ սահմանազատման իրականացման համատեսքին մէջ բանբերը մատնանշեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման բացառիկ կարեւորութիւնը։ ԵՄ համոզուած է, թէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար կարեւոր է լուծել բոլոր չկարգաւորուած խնդիրները, ներառեալ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ քննարկումներու յառաջխաղացումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արմատական պատճառներու վերացումը։ Շարլ Միշելի կարծիքով, այն բոլոր առանցքային պատճառները, որոնք տեղի տուած են Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին ու 2020 թուականին վերսկսած ռազմական գործողութիւններուն, պէտք է կարգաւորուին բոլոր շահագրգիռ կողմերու ջանքերով՝ պայմաններ ստեղծելով յանուն տեւական ու արդար խաղաղութեան։ Միշել ողջունած է Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները ու յայտնած է բանակցութիւններու շարունակման նպատակով բարենպաստ մթնոլորտի ապահովման ուղղութեամբ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու մտադրութեան մասին։ Ան յայտնած է ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ ուժեղացնելու համար իր աջակցութիւնը վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցներու ձեռնարկելու տեսակէտէ։ Շարլ Միշելի բանբերը տեղեկացուցած է նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար տարածաշրջան պիտի այցելէ՝ հետեւելու վերոյիշեալ հարցերու մէջ քննարկումներու շուրջ իրադարձութիւններուն։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ յայտնեց, որ բոլորովին վերջերս տիեզերք ուղարկուած հայկական առաջին արբանեակը պիտի օգտագործուի նաեւ սահմանազատման գործընթացէն ներս։

Միւս կողմէ, տարածաշրջանի ազդու դերակատարներուն միջեւ դիւանագիտական երթեւեկն ալ յառաջիկայ օրերուն թափ պիտի ստանայ։ Թուրքիա կը պատրաստուի իրերայաջորդ հիւրընկալել Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022