ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ - 1
Պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջան յառաջ բերած է իրեն յատուկ եւ յարմար դաստիարակութեան եւ բարքերու բարելաւման ձեւ մը, որ իւրաքանչիւր սերունդի հետ միասին փոփոխութիւն կրելով հասած է մինչեւ մեր օրերը: Ուսուցման այդ ձեւերը ո՛չ թէ մարդիկ, այլ ժամանակը ինք պարտադրած է, որուն դիմաց մարդ արարածը փորձած է յարմարագոյն միջոցները գտնել:
Ներկայ մեր օրերուն հաւանաբար երիտասարդներ տունէն ու դպրոցէն աւելի համացանցի ճամբով է, որ շատ մը բաներ սորվելով նորանոր սովորութիւններ ձեռք կը ձգեն։ Տասնամեակներ առաջ համացանցին տեղը հեռատեսիլն էր. աւելի առաջ գիրքը, մամուլը եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել: Այսօր մեր յօդուածին նիւթը պիտի առնենք աւելի քան դար մը առաջ՝ 1860-1910 թուականներուն մեր նախնիներուն առաջ բերած դաստիարակութեան ձեւը, որ այսօր ծանօթ է մեզի որպէս նախապաշարում:
Անցեալին մարդիկ այդ նախապաշարումներուն ինչքանո՞վ հաւատացած են դժուար է պատասխանել, սակայն յստակ է, որ անոնք դրուած են մարդկային բարքը բարելաւելու համար, սակայն վստահաբար ունեցած են իրենց հաւատացողները՝ մանաւանդ երբ այդ նախապաշարումներուն մէջ տեղ գտած է Աստուած, սատանայ եւ այլ վերացական ու Աստուածային ճշմարտութիւններու հետ կապուած տուեալներ: Այսօր շատերու կողմէ այդ նախապաշարումները որպէս «ապուշ»ութիւն կը դիտուի, սակայն կը հաւատամ, որ անոնց հեղինակները եղած են խելացի մարդիկ, որոնք գիտցած են մարդոց վարքն ու բարքը կոփել. այդ «սուտեր»ը շատեր ընդունուած են որպէս անհերքելի ճշմարտութիւն եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելով վերածած են աւանդական դաստիարակութեան մը՝ մինչեւ որոշ ժամանակ՝ մինչեւ մարդիկ սկսին գիտակցիլ անոնց ինչութեան: Հակառակ անոր մինչեւ օրս այդ նախապաշարումներէն շատեր կը շարունակեն յիշուիլ մեր մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու կողմէ, որոնք մասամբ տակաւին հաւատք մը ունին անոնց նկատմամբ:
Սկսինք ուսումնասիրել անոնցմէ մի քանին.-
«Տղային անկողինը բաց պէտք չէ թողուլ երբ տղան մէջը չէ. «մենէ աղէկները» (սատանաները) կը պառկին հոն»:
Անցեալին, ինչպէս նաեւ ներկայիս, մարդոց համոզելու եւ վախցնելու ամենէն ազդու միջոցներէն մէկն է «սատանան» կամ «Աստուած»ը, որովհետեւ առաջինին հանդէպ տկարութիւն մը զիրենք դէպի չարութիւն կ՚առաջնորդէ, իսկ երկրորդին հանդէպ անհնազանդութիւն մը դժոխքի կրակով վերջ կը գտնէ, այդ իսկ պատճառով մարդիկ յաւելեալ փափկանկատութիւն մը ունեցած են հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ եւ այս բոլորին քաջատեղեակ մարդիկ «անկողին շտկել»ու պարտաւորութիւնը ուզած են օրէնքի մը վերածել եւ որպէս եզրակացութիւն սկսած են իրենց զաւակները համոզել, թէ անկողինը չշտկելու պարագային սատանաները կրնան այդտեղ քնանալ: Այդ մանուկը իր կարգին մեծնալով այդ դաստիարակութեան ձեւը կիրառած է իր զաւակին վրայ եւ այսպիսով ստեղծուած է նախապաշարումը, որ հաւատացողներէն շատեր առաջնորդած է անկողին շտկելու պարտաւորութեան:
Նման նախապաշարումի մը հաւատալը ապուշութիւն է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն յստակ է, որ տգիտութենէ աւելի իմաստութեան մը արդիւնքն է՝ մարդը կոփելու եւ պարտաւորութիւնները հարկաւորելու համար:
«Կերակուրին ամանին տակը սրբէ կեր, որպէսզի նշանածդ գեղեցիկ ըլլայ»:
Կերակուրի ամանն ու նշանածը իրար հետ ի՞նչ կապ կրնան ունեցած ըլլալ. արդեօք քանի՞ հոգի հաւատալով իրապէս օրին սրբած է պնակին տակը:
Շատ մը նախապաշարումներ եղած են մարդուն սորվեցնելու համար, թէ ինչպէս պէտք է ուտէ, ինչպէս խմէ եւ կեղծ նախապաշարումներով փորձած են թէ՛ հաճելի եւ թէ պարտաւորիչ դարձնել այդ մէկը: Նման նախապաշարումներէն մէկն է հետեւեալը.- «Շերեփով կերակուր մի ուտեր. Նշանածիդ քիթը խոշոր կ՚ըլլայ». նման նախապաշարումներ կու գան ըսելով, որ պէտք է միշտ մաքուր ուտես, իսկ թափելու պարագային պէտք է մաքրես ամանին տակը, իսկ երկրորդը կու գայ ըսելով, որ պատշաճ չէ ճաշ մը ուտել շերեփով, որովհետեւ այդ շերեփով ուրիշը եւս ճաշ պիտի վերցնէ:
Ճաշի կապուած այլ նախապաշարում մը կու գայ կեանքի կոչելու «ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ»ը՝ ըսելով.- «Տղան հաց կերած ժամանակ խօսելու չէ, սատանաները վարէն կը քաշեն կերածը»։ Հաւանաբար այսօր այս տողը նոյնութեամբ չըսուիր, սակայն ո՞վ երբեւէ չէ լսած «ճաշ կերած ժամանակ չեն խօսիր» արտայայտութիւնը. Մինչեւ օրս շատ մը մայրեր խստիւ կը պահանջէն լռութիւն ճաշի ժամանակ, որովհետեւ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով մարդոց մէջ մնացած է նախապաշարումէն մաս մը, որ կը շարունակէ վարքն ու բարքը կարգել:
•շարունակելի
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՆՈՐԱՅՐ ԿԱՐԳԱՆԵԱՆ
(1948-2014)
Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 1 յունիս 1948-ին Երեւանի մէջ ծնած է քանդակագործ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Նորայր Կարգանեան:
Կարգանեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ. դպրոցական ուսման հետ միատեղ յաճախած է Փանոս Թերլէմէզեանի անուան գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1965 թուականին:
Ուսումը աւարտելէ ետք զբաղած է քանդակագործութեամբ, ինչպէս նաեւ նկարչութեամբ. որոշ ժամանակ դասաւանդած է Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս: Շնորհիւ իր արուեստին, դարձած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ. եղած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան քանդակի բաժնի նախագահ:
Կարգանեան իր գործերով մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ. 1965 թուականէն սկսեալ մասնակցած է միջազգային մրցումներու եւ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերած:
Կարգանեան քանդակած է բազմաթիւ յայտնիներու յուշարձանները, որոնք մինչեւ օրս կը զարդարեն Երեւանի փողոցները. ինչպէս՝ Յովհաննէս Բաղրամեանի, Վահան Տէրեանի, Տիգրան Պետրոսեանի եւ Գոհար Գասպարեանի յուշարձանները: Անոր քանդակները «Անտառային հեքիաթ»ն ու «Մայրութիւն» արձանը նոյնպէս տեղադրուած է Երեւանի փողոցներուն մէջ:
Արուեստագէտի գործերէն շատեր կը գտնուի Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ ռուսական Տրտետիակովեան պատկերասրահին մէջ:
Շնորհիւ իր վաստակին եւ գործունէութեան, 2009 թուականին Կարգանեան արժանացած է Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին:
Մահացած է 5 յունուար 2014 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ