ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԵԼ
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ իշխանական եւ ընդդիմութեան ճամբարներուն կողմէ փոխադարձ մեղադրանքները կը շարունակուին։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն Արսէն Թորոսեան երէկ անդրադարձաւ ընդդիմութեան վերջին գործողութիւններուն։ Երեսփոխան Թորոսեան այս առթիւ ըսաւ. «Ջրբաժան, ճամբաբաժան, վճռական օր, բեկումնային իրավիճակ… Չէ՞ք յոգնած, յարգելի ընդդիմադիր գործընկերներ, նման անպտուղ յայտարարութիւններով»։ Ըստ իրեն, 2018-2021 թուականներու ընտրութիւններով ձեւաւորուած իշխանութիւնը այլեւս նախկին իշխանութիւններու նման չի կրնար ըլլալ իր բնոյթով եւ իրեն նկատմամբ վերաբերմունքով։ «Չէ՞ք հասկցած, արդեօք, որ փակուղիի մէջ էք, որպէս քաղաքական ուժ», աւելցուցած է Արսէն Թորոսեան, ըստ որու, այժմ որդեգրուած մեթոտներով ընդդիմութեան ժողովրդավարութիւնը չ՚աւելնար, ոչ ալ յաջորդ ընտրութիւններու ներուժը։
Իշխանական ճամբարէն հնչած այս յայտարարութեան փոխարէն, Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Վազգէն Մանուկեան յայտարարութիւն մը հրապարակեց Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան այժմու բանակցութիւններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, երկրի իշխանութիւնը ամէն գինով խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու խնդիր մը դրած է իր առջեւ, սակայն, բանակցելու ընդունակ չէ։
Իր կարգին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն երեսփոխան Աղուան Վարդանեանն ալ երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ իշխանական ճամբարէ ներս 10-15 հոգի ետդարձի ճանապարհ չունի, իսկ մնացեալները ուղղակի գերութեան մէջ կը գտնուին։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ոստիկանութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ոստիկանութիւնը հաւաքներու կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի զերծ մնան՝ հասարակական կարգի խաթարման միտուած գործելակերպէ։