ԼԱՖՈՆԹԷՆԻ ՄԷԿ ԱՌԱԿԸ

Լա­ֆոն­թէ­նի ա­ռակ­նե­րը ծա­նօթ են շա­տե­րուն։ Ա­նոնց­մէ մէ­կուն մէջ կը պատ­մուի մա­հա­մերձ ա­գա­րա­կա­պա­նի մը պատ­մու­թիւ­նը։

Մա­հա­մերձ ա­գա­րա­կա­պան մը իր մօտ կը կան­չէ իր զա­ւակ­նե­րը՝ իր կտա­կը յայտ­նե­լու հա­մար ա­նոնց։ Որ­պէս կտակ, կ՚ը­սէ, թէ՝ ա­գա­րա­կին մէջ թա­ղուած գանձ մը կայ եւ այդ պա­հուած գան­ձը շատ ար­ժէ­քա­ւոր է։ Ուս­տի կը թե­լադ­րէ, որ լաւ մը հեր­կեն ու մշա­կեն հո­ղը՝ ուր այդ պա­հուած գան­ձը ան­պայ­մա՛ն պի­տի գտնեն եւ օգ­տա­գոր­ծեն։

Ա­գա­րա­կա­պա­նին զա­ւակ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս գոր­ծի կը լծուին՝ տակ­նուվ­րայ կ՚ը­նեն ամ­բողջ ար­տը, բայց գանձ չեն գտներ հոն։ Հա­զիւ թէ յու­սա­խաբ ե­ղած կը տրտմին, ար­դէն ար­տը լաւ մը մշա­կուած՝ հուն­ձին ա­ռա­տու­թիւ­նը ի­րա­կան գան­ձի մը նման կ՚ու­րա­խաց­նէ զա­նոնք եւ ա­սի­կա դաս մը կու տայ ի­րենց, թէ՝ ճշմա­րիտ գան­ձը աշ­խա­տան­քի ար­դար ար­դի՛ւնքն է։

Ուս­տի երբ ան­գամ մը այդ «ոս­կի բա­նա­լի»ն ձեռք ձգէ, կրնայ գան­ձե­րու տի­րա­նալ, գան­ձի դռնե­րը բա­նալ ա­մէն մարդ։ Ար­դա­րեւ ա­ռանց աշ­խա­տե­լու, ո­րե­ւէ ար­դիւնք ձեռք ձգել, ո­րե­ւէ ար­ժէ­քի տի­րա­նալ կա­րե­լի չէ՛։ Թա­ղուած ու պա­հուած ո­րե­ւէ գանձ՝ ո­րե­ւէ ար­ժէք ո՛ւր պա­հուած է՝ ո՛չ ոք կրնայ գիտ­նալ ա­ռանց զայն փնտռե­լու, ա­նոր հա­մար աշ­խա­տե­լու, գոր­ծե­լու։ Գան­ձը ինք­նի­րեն չի՛ յայտ­նուիր։

Ա­գա­րա­կին մէջ աշ­խա­տող, ար­տը մշա­կող մշա՛կն է, որ հո­ղը հեր­կե­լու եւ մշա­կե­լու ա­տեն, շատ ան­գամ պա­տահ­մամբ, բայց ան­պայ­մա՛ն կրնայ գտնել գան­ձը։

Բայց գան­ձը գտնել չի՛ բա­ւեր, ա­պա այդ գան­ձին ար­ժէ­քը գիտ­ցող մարդն է, որ այդ գան­ձին տէ­րը կը դառ­նայ։ Ուս­տի միայն փնտռել չէ՛ այլ ար­ժէք գիտ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, գտնել ու պա­հել պէտք է։ Ար­ժէք չգիտ­նա­լու պատ­ճա­ռաւ ի՜նչ գան­ձեր կորսուած են կեան­քի մէջ. ի՜նչ ար­ժէք­ներ կորս­տեան մատ­նուած՝ վատ­նուած են ան­գի­տա­կից ու ան­տար­բեր մար­դոց ան­հո­գու­թեան եւ ը­սենք, անմ­տու­թեան պատ­ճա­ռով։ Ուս­տի ո­րե­ւէ ար­ժէ­քի մը անդ­րա­դառ­նալ, հոգ տա­նիլ, պա­հել զայն գի­տա­կից եւ հմուտ մար­դու գործ է։ Աշ­խա­տիլ չի բա­ւեր, այլ նպա­տա­կի մը հա­մար աշ­խա­տիլ, գի­տակ­ցօ­րէն աշ­խա­տիլն է, որ մարդս ար­դիւն­քի մը կը հասց­նէ։

Բայց եւ այն­պէս՝ գանձն ալ պէտք է ար­ժէ մար­դուս աշ­խա­տան­քին, պէտք է ա­ւե­լի ար­ժէ­քա­ւոր ըլ­լայ քան աշ­խա­տու­թիւ­նը. ա­պա աշ­խա­տան­քը ա­պար­դիւն կ՚ըլ­լայ։ Կը տե­սնուի, որ աշ­խա­տան­քի հա­մար ալ հմտու­թիւն պէտք է՝ նպա­տա­կը լա՛ւ ո­րո­շել, եւ չա­փել ու կշռել, թէ այդ աշ­խա­տան­քը կ՚ար­ժէ՞ իր նպա­տա­կին, կ՚ար­ժէ՞ ձեռք ձգուե­լիք ար­դիւն­քին…։ Ի զուր աշ­խա­տի­լը ժա­մա­նա­կի վատ­նում է՝ ան­խո­հե­մու­թեամբ վատ­նուած ու­ժը մսխո՛ւմ է։

Աշ­խա­տու­թեան նպա­տա­կը օգ­տա­կար, բա­րի ար­դիւնք մը ըլ­լա­լու է. ա­ռանց նպա­տա­կի աշ­խա­տու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ ո՛չ են­թա­կա­յին եւ ոչ ալ շուր­ջին­նե­րուն։ Թէ ի՞նչ է օգ­տա­կար եւ բա­րի ար­դիւն­քը։ Օգ­տա­կար եւ բա­րի ար­դիւն­քը՝ հա­սա­րա­կաց օ­գու­տը եւ բա­րիքն է։ Ար­դա­րեւ ո՛չ ոք կ՚աշ­խա­տի միա՛յն անձ­նա­կան շա­հուն, միայն ի՛ր օգ­տին հա­մար։ Եւ ո՛չ ուղ­ղա­կի, բայց ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով, աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւն­քէն կ՚օգ­տուին մար­դիկ հա­ւա­քա­բար, եւ ա­մէն մար­դու աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քէն ու­րիշ­ներ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, ըն­կե­րա­յին հա­սա­րա­կա­կան կեանք ապ­րե­լու, հա­սա­րա­կաց եր­ջան­կու­թիւն կա­րե­նալ վա­յե­լե­լու ընդ­հա­նուր գոր­ծե­լա­կեր­պը։

Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը այս մա­սին, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։ Մարդ երբ կ՚աշ­խա­տի նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու, ար­դիւնք մը ձեռք ձգե­լու հա­մար, ա­տի­կա միայն ի­րե՞ն հա­մար է, թէ՝ հա­սա­րա­կաց բա­րի­քին հա­մար։ Գո­նէ իր ըն­տա­նի­քին հա­մար, ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն օգ­տին ու բա­րի­քին հա­մար կ՚աշ­խա­տի մարդ։ Խոր­հե­ցէ՛ք պահ մը՝ մարդ եթէ միայն իր շա­հուն, իր օգ­տին եւ իր բա­րի­քին հա­մար աշ­խա­տի, ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեանք կրնա՞յ գո­յու­թիւն ու­նե­նալ, մար­դիկ կրնա՞ն միա­սին ապ­րիլ…։ Մինչ­դեռ մարդ ստեղ­ծուած է ի­րե­րօգ­նու­թեան հա­մար, մար­դուն կո­չումն է իր նման­նե­րուն հետ միա­սին ապ­րիլ՝ օգ­նել, բա­րի­քը բաժ­նել, ինչ­պէս օգ­տուիլ, բա­րիք վա­յե­լել ու­րիշ­նե­րէ՝ իր նման­նե­րէն։

Ինք­նա­կեդ­րոն, անձ­նա­մոլ ան­հա­տը ի վեր­ջոյ դա­տա­պար­տուած է դա­սա­լիք ըլ­լա­լու ըն­կե­րու­թե­նէն։ Ինք­նա­կեդ­րոն մար­դուն կա­պե­րը ըն­կե­րու­թեան հետ փճա­ցած են եւ հետզ­հե­տէ ա­ռանձ­նու­թեան կը մատ­նեն զայն։ Եւ ան­հա­տը՝ ը­նկե­րու­թեան մէջ, հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ա՛նձ մըն է՝ ինք­նի­րեն, մի­նակ ար­ժէ­քը ինչ­պէս որ ար­ժէք չի՛ ներ­կա­յաց­ներ, այն­պէս ալ չյայտ­նուած ո­րե­ւէ մարդ­կա­յին ար­ժէք, իս­կա­կան ար­ժէ­քի հան­գա­մանք չի ստա­նար։ Ար­ժէք­ներ տա­րա­ծուե­լով, մար­դոց մէջ բաժ­նուե­լով կը յայտնուին եւ մար­դոց բազ­մու­թեան մէջ ա՛լ ա­ւե­լի կ՚ա­ճին, կը մշա­կուին, բա­րիք եւ օգ­տա­կա­րու­թիւն կը բաշ­խեն։

Լե­րան գա­գա­թը մի­նակ մարդ մը խոր­հե­ցէք կ՚աշ­խա­տի, կ՚ար­դիւ­նա­բե­րէ, բայց ար­դիւ­նա­բե­րա­ծը չի բաժ­ներ ու­րիշ­նե­րու հետ, միայն ինք կ՚օգ­տուի, ա­պա ու­րեմն այդ մի­նակ մար­դուն աշ­խա­տան­քը եւ ար­դիւ­նա­բե­րու­մը ի՞նչ ար­ժէք ու­նի, կամ ե­թէ ար­ժէք ու­նի՝ ո՜վ պի­տի գիտ­նայ ա­նոր ար­ժէ­քը…։

Ու­րեմն չյայտ­նուած ար­ժէ­քը «արժէք» չէ՛։

Դար­ձեալ, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, լե­րան գա­գա­թը կամ ան­տա­ռի մը խո­րե­րը շատ ար­ժէ­քա­ւոր գանձ մը կը գտնուի, բայց ո՛չ ոք տե­ղեակ է ան­կէ։ Ա­պա ու­րեմն ի՛նչ «ար­ժէք» կը ներ­կա­յաց­նէ այդ ան­ծա­նօթ գան­ձը։ Ի­րենց շնորհ­նե­րը չյայտ­նող, ի­րենց ու­նե­ցած բա­րոյ­ա­կան ար­ժէք­նե­րը ու­րիշ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­թեան չներ­կա­յաց­նող մար­դիկ ալ այդ, լե­րան գա­գա­թը կամ ան­տա­ռին խո­րե­րը գտնուող ան­ծա­նօթ գան­ձին կը նմա­նին՝ թե­րեւս «ար­ժէք» են, բայց «ար­ժէք չե՛ն ներ­կա­յաց­ներ»։

Ուս­տի «ար­ժէք» ըլ­լալ եւ «ար­ժէք ներ­կա­յաց­նել» տար­բեր բա­ներ են, ի՛նչ որ մե­զի ցոյց կու տան սա ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, թէ՝ չյայտ­նուած ար­ժէ­քը, չներ­կա­յա­ցուած ար­ժէ­քը, ու­րիշ­նե­րու օգ­տին ու բա­րի­քին չմա­տու­ցուած ար­ժէ­քը՝ իր իս­կա­կան ի­մաս­տով «ար­ժէք» կա­րե­լի չէ՛ հա­մա­րել։

Ի­մաս­տու­թիւն է՝ ու­նե­ցա­ծը բաժ­նե­լով, ու­րիշ­նե­րու օգ­տա­գործ­ման տրա­մադ­րե­լով ա­ճեց­նել, բազ­մաց­նել, շատց­նել զա­նոնք։ Ար­ժէք­ներ ի­րենց ար­ժէ­քը կ՚ա­ւելց­նեն տա­րա­ծուե­լով, ինչ­պէս ու­սու­մը, գի­տու­թիւ­նը՝ մարդ ու­րիշ­նե­րուն ու­սու­ցա­նե­լով է, որ կ՚ա­ւելց­նէ, կը զար­գաց­նէ եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր իսկ ու­սու­մը։

Սոր­վեց­նե­լով կը սոր­վի ի­մաս­տուն մար­դը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 20, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015