ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր առաւօտեան ժամերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Սերկէյ Լաւրով երէկ յետմիջօրէի ժամերուն հասաւ Երեւան՝ Անգարայի շփումներէն անմիջապէս վերջ։ Ռուս նախարարը Թուրքիայէն անցաւ Հայաստան, ուր այսօրուան հանդիպումներէն վերջ կը մասնակցի նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Այս առաւօտ Միրզոյեան եւ Լաւրով միասնաբար այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս անոնք ունեցան հանդիպում մը։ Առանձնազրոյցի առընթեր, նախարարները կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Օրուան տեւողութեան նախատեսուած են Լաւրովի հանդիպումները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Լաւրովի շփումները կը զուգադիպին այնպիսի շրջանի մը, երբ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարով աշխատանքները կը խտանան։